Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ, նախագահ Սերժ Սարգսեան կատարած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը եւ տեղեկացուցած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ իրականացուող բանակցութիւններուն ընթացքին, յատկապէս՝ Յուլիս 17-18ին Մոսկուայի մէջ կայացած երկկողմանի եւ եռակողմանի հանդիպումներուն մասին:
Ատրպէյճանական todays.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ ներկայ իշխող »Նոր Ատրպէյճան« կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ, երեսփոխան Մալահաթ Հասանովա, խօսելով Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մասին, յայտնած է, որ նախագահներուն իւրաքանչիւր հանդիպումները, ներառեալ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցածը, օգտակար է: Ան ըսած է, թէ ոչ ոք կը սպասէր, որ կողմերը Արցախի տագնապի լուծման շուրջ ամբողջական համաձայնութեան կրնան հասնիլ: »Սակայն կը համարձակիմ ըսելու, որ այս հանդիպումը նախորդ հանդիպումներուն նման նշանակալից էր: Իւրաքանչիւր հանդիպում տագնապի լուծման ուղղութեամբ քայլ մը դէպի առաջ է«, յայտնած է ան:
Ատրպէյճանցի քաղաքական վերլուծաբան Իլկար Մամետով իր կարգին, անդրադառնալով նոյն հարցին մասին, յայտնած է, որ »երբեք չսպասեցի, որ Արցախի տագնապի լուծման շուրջ Մոսկուայի բանակցութիւններուն բեկում մը արձանագրուի«:
Ան շեշտած է, թէ ՌուսիաԱրեւմուտք միացեալ միջնորդութեան ճամբով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութեանց մէջ բեկում մը նախատեսելը անկարելի է, որովհետեւ Արեւմուտքն ու Ռուսիան Հարաւային Կովկասի մէջ իրարու հետ կը մրցակցին եւ թէ սոյն մրցակցութիւնը առաւել եւս պիտի սրի:
»Կը կարծեմ, որ կարգ մը արեւմուտքցի դիւանագէտներու այն խօսքերը, թէ Ռուսիա յառաջդիմութեամբ հետաքրքրուած է , անիրապաշտ են«, եզրակացուցած է ան:
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին նաեւ քննարկուած է Հայաստանի մէջ մթնոլորտի եւ մթնոլորտային երեւոյթներուն վրայ աշխուժ ներգործութեան հայեցակարգի նախագիծը:
Միւս կողմէն նախագահ Սերժ Սարգսեանին, վերջերս իր հաւատարմագիրները յանձնեց Վենեզուելայի նոր նշանակուած դեսպան Հիւկօ Խօսէ Կարսիա Հէրնանտեսը, որուն նստավայրն է Մոսկուա:
Հաւատարմագիրերու յանձնումի արարողութեան յաջորդած զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Վենեզուելայի միջեւ տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները, նաեւ կարեւոր նկատուեցաւ միջազգային կառոյցներուն մէջ երկկողմ համագործակցութեան աշխուժացումը:
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց չորս տարի առաջ Վենեզուելայի խորհրդարանին կողմէ »Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը«: