Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան «անիմաստ աղմուկ» որակեց Արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին եւ հայթրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցին շուրջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արտայայտած բացասական կարծիքները, որոնց կարգին՝ իր Դաշնակցութեան հրաժարականի պահանջը:
Ան սոյն յայտարարութիւնները »պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու փորձեր« նկատեց թէ եթէ մինչեւ հիմա չենք մեկնաբանած իմ հրաժարականիս պահանջին վերաբերեալ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը, ուրեմն այդ պահանջը մեկնաբանութեան կարիք չունի:
Նալպանտեան, օգտագործելով Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին առիթը, ըսաւ, որ »վերջին շրջանի այն անիմաստ աղմուկը, որ բարձրացած է Արցախի տագնապի լուծման վերաբերեալ, իսկապէս անհիմն է«: Ան տարբեր քաղաքական ուժերու կողմէ արտայայտուած նմանօրինակ կեցուածքները բացատրեց »որոշ միամտութեամբ«:
Միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Հայաստան մատրիտեան փաստաթուղթին հաւանութիւն չէ տուած եւ պաշտօնական մակարդակով այդպիսի յայտարարութիւն երբեք չէ կատարած: Ան աւելցուց թէ. »Մենք միայն ըսած ենք, որ մատրիտեան փաստաթուղթը բանակցութիւններու հիմք է«: Խօսելով հայթրքական յարաբերութիւններուն մասին՝ Նալպանտեան շեշտեց, որ Ապրիլ 23ի հռչակագիրէն ետք ոչ մէկ նոր փաստաթուղթ ստորագրուած է, եւ պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու Թուրքիոյ առաջարկին Հայաստան իր համաձայնութիւնը չէ տուած:
Նալպանտեան հերքեց նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի այն յայտարարութիւնը, թէ Արցախեան տագնապի լուծման հարցին մէջ »որոշակի յառաջընթաց կայ« եւ աշխատանքներ կը տարուին մասնաւորապէս տագնապի լուծման այնպիսի սկզբունքներու համաձայնեցման հարցին մէջ, ինչպէս՝ »հայկական ուժերու հեռացումը գրաւեալ տարածքներէն, որմէ ետք, ըստ Մամետեարովի, կ’արծարծուի գաղթականներու վերադարձի հարցը«: Նալպանտեան եզրակացուց, որ Մոսկուայի հանդիպումին ընթացքին այդպիսի հարցեր ընդհանրապէս չեն քննարկուած:
Read Time:1 Minute, 7 Second