ՆԱԽԱԳԱՀ Բ. ՍԱՀԱԿԵԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-Ի ԱՐՑԱԽԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

0 0
Read Time:53 Second

 Յուլիս 16-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ, եւ յառաջիկայ նախագահական թեկնածու Բակօ Սահակեան այցելեց Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցաւ Կեդրոնական կոմիտէին հետ:

Քննարկուեցան ներքաղաքական, ընկերային-տնտեսական, Արցախի շրջաններուն մէջ վերաբնակեցման, մարդուժի եւ վարկային քաղաքականութեան  վերաբերեալ հարցեր: Նախագահ Սահակեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ երկրին մէջ  տիրող բարոյահոգեբանական մթնոլորտին եւ շեշտեց, որ  այս իմաստով   մեծ ներդրում ունի Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը:

Այս հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի գործավար Ա. Պուլուզեան եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ “Ապառաժ“ թերթի խմբագիր Ս. Խաչատրեան:

Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան  յաջողութիւն մաղթեց նախագահական թեկնածու Բակօ Սահակեանին թէ՛ ընտրութիւններուն եւ թէ՛ հետագայ գործունէութեան ընթացքին` յոյս յայտնելով, որ յետընտրական հանգրուանը ըլլայ հեզասահ:

Նախագահ Սահակեան ըսաւ.- “Մենք երկար տարիներ կը զգայինք ատոր անհրաժեշտութիւնը“: Ան նշեց նաեւ, որ երկրին մէջ չկայ մարզ մը, ուր Դաշնակցութիւնը ընելիք չունենայ` աւելցնելով, որ ինք կ՛ակնկալէ Հ.Յ.Դ.-ի օժանդակութիւնը: “Ոչ թէ ցանկալի, այլ պարտադիր է, որ Հ.Յ.Դ.-ն մասնակցութիւն ունենայ երկրի  բոլոր մարզերու զարգացման գործին մէջ“:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles