ԲԺԻՇԿ-ՍՊԱՅ ՎԱՀԷ ԱՒԵՏԵԱՆԻ ՄԱՀԸ ԽՈՐ ԸՆԴՎԶՈՒՄ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑ

0 0
Read Time:1 Minute, 2 Second

 Երեւան (“Թերթ“, “Երկիր“).- Երկուշաբթի, Յուլիս 2-ին կատարուեցաւ յուղարկաւորութիւնը, 35-ամեայ զինուորական բժիշկ Վահէ Աւետեանի, որ վերջերս “Հարսնաքար“ ճաշարանային համալիրի միջադէպին, մահացու հարուածներ ստացած էր:

Սուգի թափօրին մասնակիցները ո՛չ միայն մահացած բժիշկը ճանչցողներն էին, այլ նաեւ մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ, քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ եւ Հայաստանի քաղաքացիներ:

Յուղարկաւորութիւնը, հակառակ պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկին` կազմակերպելու “Եռաբլուր“ զինուորական պանթէոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Զէյթունի քաղաքացիական գերեզմանոցին մէջ:

Հազարաւոր ներկաներուն մէջ էին դերասան Սօս Սարգսեան, գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան եւ Հայ ազգային քոնկրէսի պատգամաւորներ, Հ.Յ.Դ.-ի անդամներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնց մէջ էր նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրով:

Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, մահուան թափօրի մասնակիցները լուռ երթով շարժեցան դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութիւն:

Թաղման օրը` լռութեան օր յայտարարուած էր, իսկ յաջորդ օրը` տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի մուտքին:

Հ.Յ.Դ. Երեւանի մարզային կոմիտէն յատուկ հաղորդագրութիւն հրապարակելով, դատապարտեց սոյն ոճիրը:

 

Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր որպէս հասարակական կազմակերպութիւն` դատապարտած է տեղի ունեցած դէպքերը` ակնկալելով, որ կը դատապարտուին եւ խստագոյնս կը պատժուին “ե՛ւ կազմակերպիչները, ե՛ւ իրականացնողները“:

“Մեր մտահոգութիւնն այն է, որ անպատիժ մնացած ցանկացած բռնութիւն ծնում է նոր բռնութիւն“, նշուած է հայ կանանց մեծագոյն կազմակերպութեան` Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան, տարածած յայտարարութեան մէջ: 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles