Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը Կազմակերպեց Տնօրէններու Բ․ Միօրեայ Սեմինարը

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած տնօրէններու երկրորդ միօրեայ սեմինարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7-ին, կէսօրէ ետք, տնօրէններու եւ հայերէնի ուսուցիչներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ տիկին Հուրի Պոյամեանի,...

Քեսապի Ներկայ Իրավիճակը

Վարչակարգի տապալումէն ետք, Քեսապի ապահովական կացութիւնը հանդարտ է, բայց զգալի է անորոշութեան մթնոլորտը: Գիւղական գործի եղանակ չըլլալով եւ ձմեռ ըլլալով` ժողովուրդին մեծամասնութիւնը օրուան մեծ մասը կ՛անցընէ տան մէջ: Դպրոցները կը...

Սերժ Տ. Պուչաքճեան` Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նորընտիր Գործադիր Տնօրէն

ՓԱՐԱՄԸՍ (Նիւ Ճըրզի)․-  Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ նորընտիր գործադիր տնօրէն նշանակուած է Սերժ Պուչաքճեանը, որ պիտի ստանձնէ իր նոր պաշտօնը Փետրուար 1, 2025-ին։ Ան ծնած...

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ՅԵՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

Դեկտեմբեր 8-ի Սուրիոյ իշխանափոխութեան նոր փուլին,Դամասկոսի հայ համայնքի իրավիճակը, համեմատաբար անցնող օրերուն, աւելի ապահով եւ բնականոն ընթացքի մէջ է։Յաջորդ օրն իսկ կեանքը բնական կերպով շարունակուեցաւ, կենցաղային կարիքներու, ուտելիքի, ջուրի եւ...

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սփիւռքեան մեր համայնքները արդէն քաջատեղեակ են Սուրիոյ վերջին քանի մը օրերու պատահարներուն, տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն,  որոնք ազդած են երկրին վրայ եւ շարունակ նորութիւններ ի յայտ կու գան։ Մարդիկ ապաստանած...

Գիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցին Վերաօծուեցաւ

Դեկտեմբեր 7-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Շիրակի թեմի Գիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերաօծման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները սկսած էին 1999-ին: Սրբազան արարողութեան ներկայ էին` Մայր...

Նիւթաբարոյական Օժանդակութեան Բաշխում` Հալէպահայ Բոլոր Յարանուանութիւններու Ընտանիքներուն

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ տնօրինութեամբ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ, ընթացք տուաւ հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն նիւթական...

«Ես Կ՛աշխատիմ Անմեղ Հոգիներու Հետ»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Անահիտ Սուլթանեան ծնած է Հայաստան: Ամուսինը երկար ժամանակէ արդէն հաստատուած է Ալմաթի, Ղազախստան: Անահիտը լեզուաբան է, անոր կեանքի կոչումն է մանկավարժութիւնը: Երեսուն տարի եղած է Արտաշատ քաղաքի...

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ ՊԱՏԱՐԱԳԸ՝ ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, Դեկտեմբեր 1-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց ու քարոզեց Կրանիթ Սիթիի (Իլինոյ)  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հայրը, շնորհաւորելէ ետք եկեղեցւոյ 70ամեակը,...

«Գիտակ» Արեւմտահայերէն Մանկապատանեկան Ծրագիր.- Խաղալով Սորվինք Եւ Արեւմտահայերէնը Դարձնենք Մեր Ամենօրեայ  Կեանքի Մաս

«Համազգային» Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանային վարչութիւնը ձեռնարկած է «Գիտակ» ծրագիրին։ «Գիտակ»-ին  նպատակն է դպրոցական կեանքի ընթացքին եւ մեր բնաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող բներեւոյթները ներկայացնել հակիրճ արեւմտահայերէնով։ Իւրաքանչիւր տարիքային խմբաւորումի համար...
Social profiles