Լրահոս

Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներու Հարցին Գծով Լսումներ՝ Ազգային Ժողովին Մէջ

Նախագիծի հիմնական զեկուցող, ընդդիմադիր պատգամաւոր Էլինար Վարդանեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ, առաւել քան վեց տասնեակ քաղաքական բանտարկեալներ կան։

Իշխանութիւնը բոլորովին կը հերքէ, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ կան:

Ընդդիմադիրները  հրաւիրած էին նաեւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բայց ներկայ էր միայն Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան քաղաքական ներկայացուցիչը:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ լսումներուն հրաւիրուած էր նաեւ գլխաւոր դատախազը, սակայն ան խուսափեցաւ ներկայ գտնուելէ:

Ան նաեւ անդրադարձաւ այն փաստին, որ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչները եւս չմասնակցեցան լսումներուն՝ վստահեցնելով, որ ձեւերը պիտի գտնուին այս քննարկումին արդիւնքները միջազգային գործընկերներուն ներկայացնելու համար:

Ան Ազգային ժողովի ամպիոնէն ընդդիմադիր ուժերուն կոչ ուղղեց` համագործակցելու հրապարակաւ ներկայացնելով առաջարկի 6 կէտները.

1. Օրինական բոլոր միջոցներով հակազդեցութիւն բռնաճնշումների, քաղաքական հետապնդումների եւ ազատութիւնների սահմանափակումների նկատմամբ.

2. Հայ Առաքելական Եկեղեցու եւ ազգային արժէքների պաշտպանութիւն.

3. Քաղբանտարկեալների իրաւունքների պաշտպանութիւն որեւէ քաղբանտարկեալ բոլորիս քաղբանտարկեալն է սկզբունքով.

4. Ընտրական գործընթացի օրինականութեան ապահովում եւ վերահսկողութեան իրականացում.

5. Միմեանց նկատմամբ հակաքարոզչութեան բացառում.

6.Վարչախմբի հետ ցանկացած (այդ թւում յետընտրական փուլում) համագործակցութեան բացառում։

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button