ՆՇՄԱՐ.- ԳԻՒՄՐԻ. ՈՒԹԵՐՈՐԴ ՎԷՐՔԸ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
7 Դեկտեմբեր 2025
Արդեօք անակնկա՞լ էր այն՝ ինչ որ պատահեցաւ Գիւմրիի մէջ, պատմական երկրաշարժի տարեդարձին օրը: Անսպասելի՞ էր, որ ՔՊ-ապետն ու իր ուսապարկերը բռնագրաւէին Եօթը Վէրք եկեղեցին, արտաքսէին տեղւոյն քահանաները եւ իրենց թմբուկը նուագող հոգեւորական մը խորան բարձրացնէին, որպէսզի պատարագէ եւ, ենթարկուելով ինքնակոչ «կաթողիկոս»-ին, «թեմական առաջնորդ»-ին, այսինքն՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգին՝ դուրս գայ կանոնական ընթացքէն ու չյիշատակէ Կաթողիկոսին անունը: Այս բոլորին լոյսին տակ, այդ եկեղեցին դարձաւ ո՛ւթ վէրքով եկեղեցի…
Եթէ անակնկալի եկողներ կան, ա՛յդ է… անակնկալը, որովհետեւ մասնաւորաբար վերջին շաբաթներուն, չըսելու համար իշխանութեան ղեկին նստելէն ասդին, այս արարածը ամէն քայլափոխի ոտնատակ ըրած է ԱՄԷՆ ՕՐԷՆՔ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, սկսելով Սահմանադրութենէն մինչեւ արդարադատութեան սկզբունքները, պաշտպանական համակարգը, Եկեղեցւոյ դարաւոր դրութիւնները, մեր ամբողջ պատմութիւնն ու երկրի աշխարհագրութիւնը, կ’աշխատի բռնի կերպով իր դաւադիր սայլին լծել ամբողջ ժողովուրդը…
Առաջին անգամը չէ, որ ՔՊ-ական խմբակը նման բռնարարքի կը դիմէ, կ’աշխատի նոր չափ-ձեւ տալ մեր եկեղեցական օրէնքներուն ու ընկալեալ դրութիւններուն: Ամէն մարդ կը տեսնէ, եւ ճի՛շդ կը մեկնաբանէ, թէ այս ապօրինութիւնները կ’ըլլան իբրեւ մէկ օղակը՝ ընտրապայքարին: Տագնապը շատո՜նց դուրս եկած է Կաթողիկոսի անձին շուրջ վէճերու սակարանէն, դարձած է Եկեղեցի-իշխանութիւն հակադրութիւն մը: Եւ ճիշդ կ’ըսեն բոլոր անոնք, որոնք կը տեսնեն, թէ եղածը շատ աւելին է, քան ինչ որ ըրած են դրսեցի բռնագրաւողներն ու բռնակալները…:
Գիւմրիի 7 Դեկտեմբերի դէպքը նորագոյն – չըսենք՝ աւելորդ – ապացոյց մըն է, որ իշխանութիւնը պահելու համար, այս «ազգընտիր»ը իր գործակիցներուն հետ վաղն ալ ամէն տեսակի ապօրինութեան, օրէնքներու բռնաբարման պիտի դիմէ, յենելով իրեն վարձկան դարձած ոստիկաններուն եւ ուժայիններուն, կանգ պիտի չառնէ ընտրական խախտումներու առջեւ, պետական գանձը պիտի գործածէ ըստ կամս, պիտի հնարէ նոր ապօրինութիւններ: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ հոս արձանագրելը իմաստ չունի:
***
Անակնկալը, սպասուող անակնկալը ուրիշ տեղ պէտք է փնտռենք եւ անպայմա՛ն պէտք է գտնենք, պէտք է իրականանայ: Այդ ալ՝ ժողովրդային զանգուածներուն – եւ ո՛չ միայն ընդդիմադիրներուն – ձեռքերուն միացումն է, որպէսզի ազգակործան խմբակը անյապաղ վտարուի երկրի վարչական համակարգէն (իսկ Եկեղեցին ազգի մէկ մասնիկն է): Պէտք է աչք ու ականջ, նաեւ միտքերու պատուհանները լայն բանալ, տեսնելու եւ ըմբռնելու համար, որ «Եկեղեցին պիտի բարեկարգենք» ըսողները ո՛չ միայն այդ իրաւունքը չունին, այլ նաեւ համապատասխան գիտելիքը չունին իրենց ըրածին մասին (անոնգ գործակատար դարձած եկեղեցականներու մասին ալ «գովեստի սակարան»ը բարձր է). եւ հոս, «չի քալեր» այն բարեմիտ մտածումը, թէ «պէտք է ներել, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ’ընեն», քանզի շա՛տ լաւ գիտեն թէ ինչ կ’ընեն, լա՛ւ գիտեն, թէ ո՛չ միայն կը քանդեն Եկեղեցին՝ ազգի կարեւորագոյն բերդը, այլ նոյնինքն հայրենիքն ու ազգը. կը մնայ, որ մեր ժողովուրդն ալ լիարժէքօրէն իրազեկ դառնայ չարիքներուն, միանայ ԳՈՐԾԻՆ:
***
Վերջին շրջանին, Հայաստանի լրատու աղբիւրներուն մէջ – նաեւ՝ ընդդիմադիր պատուհաններէ – աւելի՛ յաճախ նետեր կ’արձակուին, նիզակներ կը ճօճին ՔՊ-ականներու դէմ պայքարող ընդդիմադիրներուն, ի շարս որոնց՝ խորհրդարանական ընդդիմադիրներուն դէմ: Հրետորական հարցումներ կը նետուին մէջտեղ, թէ՝ «ընդդիմադիրները ի՞նչ կ’ընեն», ու խրատականներ իրարու կը յաջորդեն, թէ՝ պէտք է սա ընել, նա ընել: Անիմաստ է նման հարցականներու պատասխաններ որոնելը, որովհետեւ նո՛յն մեկնաբաններն ու քաղաքական դէմքերը քիչ ետք կը թուարկեն ընդդիմադիրներուն բոլոր ըրածները՝ քաղաքական բեմին վրայ թէ հրապարակային ցոյցերու-շարժումներու ճամբով իշխանաւորներուն ձախաւերութիւնները, կաշառակերութիւններն ու միայն սեփական (այսինքն՝ թշնամիին) շահերու պաշտպանի ընթացքը: Չեն մոռնար նաեւ ժողովուրդը սթափեցնելու անդուլ ճիգերը, որոնք, ինչպէս ծանօթ է՝ սպասուած արդիւնքին չեն հասնիր, որովհետեւ ամէն քայլափոխի, իշխանականներու ստապատիր քարոզչութիւնն ու մանաւանդ բռնարարքները կը բթացնեն այդ ճիգերը: Ընդդիմադիրներուն դիմաց մնացող ճամբաներէն մէկն ալ՝ իրենց կարգին՝ բիրտ ուժի դիմելն է (տեղ մը թերեւս կ’արդարանայ այն մտածումը, որ երբ անուղղան ամէն օրէնք կ’ոտնակոխէ, ես ինչո՞ւ պէտք է ա՛յսքան կառչած մնամ օրէնքին), սակայն նման քայլի չի դիմուիր, որովհետեւ ընդդիմադիրներուն քով իմաստութիւն կոչուածը նախաճաշին հետ չէ կերուած-սպառած: Բիրտ միջոցի չդիմելը երկչոտութիւն չի նշանակեր: Իշխանախումբը քանիցս փորձած է նման ոլորտի մէջ ներգրաւել ընդդիմադիրները (եկեղեցիներու մէջ վերջին շաբաթներու ոտնձգութիւնները նորագոյն փորձն են). վերջինները շատ լաւ գիտցած են, որ նման փորձութիւն՝ կը նշանակէ իյնալ քաղաքացիական բախումներու ոլորապտոյտին մէջ, որ կրկնակիօրէն վնասակար է երկրին ու ժողվուրդին: (Հաւանաբար չէ մոռցուած, որ իշխանապետը անձամբ խոստովանած է, թէ իր հոգին կը հրճուի նման բախումներէ, արիւնահեղութիւններէ…): Կայ նաեւ միւս գիտակցութիւնը, որ այս վարչախումբը անսպառ աջակցութիւն կը վայելէ թէ՛ մեր թշնամիներէն եւ թէ անոնց ճամբով՝ Հայաստանի մէջ շահեր հետապնդողներէ: Այս վիճակը անկարելիի դիմաց չի դներ երկիրը, մասնաւորաբար ընդդիմադիր ճակատը (խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական), որուն շուրջ բռունցք դառնալու կոչուած է ամբողջ ազգը, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, եւ ատիկա առաջին յենարանը պիտի ըլլայ աւելի արդիւնաւոր պայքարի մը՝ զայն տարբեր դաշտերու վրայ տարածելու համար:
***
Գիւմրի իրադարձութիւններուն մասին պատկերասփռուած քանի մը հարցազրոյց լսեցինք Կիրակի օր: Մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին մէկ-երկու ճիշդ մտածում: Մեկնաբան մը նկատեց, որ ամէն բան ընդդիմադիրներէն սպասելը արդար չէ, որովհետեւ անոնք շատ բան ըրած են, պէտք ունին ժողովրդային մասնակցութեան ընդլայնումին: Ըսել կ’ուզէր, որ երբ գործակալ իշխանութեան դէմ գործնապէս պայքարողներ կան, չի բաւեր տունը նստիլ եւ դիտել, կամ այլապէս արդար ու ճիշդ մեկնաբանութիւններով հրապարակը ողողել, այլ, ինչպէս արձանագրեցինք քիչ առաջ, անհրաժեշտ է ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ԲՌՆՑՔՈՒԻԼ ընդդիմադիր ճակատին մէջ ու շուրջը:
…Իշխանախումբը վաղը կրնայ աւելի վատ քայլերու հասնիլ, ինչ որ հրամայական եւ անյետաձգելի կը դարձնէ մեր ակնարկած անակնկալին մարմնաւորումը: Իսկ թէ Երկրաշարժէն 37 տարի ետք, ա՛յդ վէրքին կարգ մը հետքերը ինչո՞ւ չեն դարմանուած՝ բոլորովին այլ ողբերգութիւն է. անիկա հին վէրք է արդարե՛ւ:

