Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակի Նշում՝ Երեւանի Մէջ
ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթ, 6 Դեկտեմբերին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի նախաձեռնութեամբ՝ Դուին հիւրանոցի «Music Hall» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն՝ նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին։
Այս տարուան կարգախօսն էր «Յանուն հայի, յանուն պետութեան»։
Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամներ, Հ՚Հ՚ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կուսակցականներ, համակիրներ եւ հասարակական գործիչներ։
Միջոցառումը բացուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի պետական օրհներգերով, ապա հնչեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քայլերգը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին բաժիններու եւ արարողակարգի տնօրէն Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան իր խօսքը սկսաւ աղօթքով, ապա փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը, ուր նշուած էր․
«Գոհունակութեամբ կը յիշենք եւ կ՛ուզենք յիշատակել այս 135 տարիներու ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կարեւոր դերը։ Սա առաքելութիւն մըն է, որ սկիզբ առած է 19-րդ դարու վերջաւորութեան, անցած է ամբողջ դժուարին 20-րդ դարը եւ այսօր ալ իր առաքելութեան կարիքը ունինք։ Հայը եղած է, կայ եւ պիտի ըլլայ՝ թող աշխարհը գիտնայ»։
Յայտագրով ելոյթ ունեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Լիբանանի Խորհրդարանի պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունի եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան։
«Մենք կողմնակից ենք արժանապատիւ խաղաղութեան, եւ ոչ թէ զիջումներով հայրենակործան պայմանագրերու։ Վտանգուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցին, հայրենիքը, պետութիւնը; Մեծ խռովքի մէջ են մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք հայ սիրտ ունին, ապրած ու մասնակցած են մեր յաղթանակներուն, եւ այսօր ականատես ու հիասթափուած են՝ Արցախի յանձնումէն սկսած մինչեւ Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ կամքին ենթական զիջումներ, Սփիւռքը պառակտող քայլեր, հայրենասիրութեան ծաղր, ազգային արժեհամակարգի խորտակում։ Ընթացքը դադար չունի եւ գահավէժ կը շարունակուի՝ թիրախաւորելով Հայ Առաքելական Եկեղեցին, եկեղեցական ծառայողները, դաւադիր քայլերու միջոցով՝ նպատակ ունենալով փշրել հայ ժողովուրդի ու հայրենիքի գոյատեւումը ապահովող ողնաշարը», – իր ելոյթին մէջ նշեց Յակոբ Բագրատունի։
Իշխան Սաղաթէլեան, շնորհաւորելով ներկաները, իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս շեշտեց․-
«Դաշնակցութիւնը անցեալ ունեցող, ներկայով ապրող եւ ապագայի կազմակերպութիւն է։ Մեր գաղափարները այսօր աւելի քան երբեք պահանջուած են, որովհետեւ Հայաստանը ճակատագրական ջրբաժանի առջեւ կանգնած է, իսկ հայկական ինքնութիւնը դարձած է համակարգային հարուածի թիրախ՝ թէ՛ դուրսէն, թէ՛ ներսէն։ Եւ մենք շատ յստակ կը կարծենք թէ՛ դուրսի, թէ՛ ներսի հակահայ ուժերուն․ դուք կրնաք հալածել Դաշնակցութիւնը, բանտարկել դաշնակցականները, սահմանափակել Հ.Յ.Դ. գործունեութիւնը, բայց դուք չեք կրնար սպաննել դաշնակցականութիւնը՝ մեր էութիւնն ու տեսակն է։ Դաշնակցութեան արեւը մայրամուտ չունի»։
Միջոցառման ընթացքին ցուցադրուեցան փաստավաւերագրական ժապաւէններ, որոնք կը ներկայացնէին Հ.Յ. Դաշնակցութեան անցած ուղին, ազատագրական պայքարի կարեւոր հանգրուանները, ինչպէս նաեւ ներկայի գործունէութիւնը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-ամեակի առիթով շարք մը կուսակցութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ յղած էին ողջոյնի, շնորհաւորանքի եւ քաղաքական զորակցութեան ուղերձներ։
Գեղարուեստական բաժինը ճոխ էր ազգային-հայրենասիրական երգերով։

