Լրահոս

Արցախի Հակամարտութեան Բանակցութիւններու Փաստաթուղթերը Հրապարակուեցան 

ԵՐԵՒԱՆ․- Կառավարութեան կայքէջին վրայ հրապարակուեցան Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերող պետական գերատեսչութիւններուն մօտ գտնուող շարք մը փաստաթուղթեր: Ինչպէս նշուած է այդ փաստաթուղթերուն կից՝ անոնք պատկերացում մը կու տան մինչեւ 2020 տարուած բանակցութիւններու գործընթացի բովանդակութեան մասին:

Կառավարութիւնը չի յստակացներ, թէ ինչո՛ւ նախկին ղեկավարներէն միայն երրորդ նախագահին նամակը կը հրապարակուի: Կը բացակային նաեւ հայկական կողմի պատասխանները:

Ուշագրաւ է այն, որ փաստաթուղթերուն հրապարակումէն ետք յստակ դարձաւ, որ Փաշինեան չէ բացայայտած, թէ ինք ի՛նչ պատասխան տուած է 2019ի առաջարկներուն, թէեւ ան նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի բացայայտէ նաեւ օրին իր տուած պատասխանը:

Հրապարակուած փաստաթուղթերու կարգին են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջարկները (2016) 2019, Քրաքովի փաստաթուղթը, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին (Օգոստոս 2016), Քազանի փաստաթուղթը, Ռուսիոյ փաթեթային առաջարկները, Մատրիտեան սկզբունքները, Մեղրիի եւ Արցախի փոխանակման տարբերակը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համապարփակ առաջարկները, ԵԱՀԿի գործող նախագահի յայտարարութիւնը Լիզպոնի վեհաժողովին, Պուտափեշտի վեհաժողովի յայտարարութիւնը, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը: Սակայն, յայտնի չէ, որ արդեօք բանակցութիւններու բոլոր փաստաթուղթե՞րն են անոնք, թէ՝ ոչ, անյայտ է նաեւ, թէ ի՛նչ սկզբունքով ընտրուած են հրապարակումները:

Այս փաստաթուղթերուն շարքին չկայ Քի Ուեսթի տարբերակը, իսկ Մեղրիի եւ Ղարաբաղի փոխանակման տարբերակը պաշտօնական փաստաթուղթը չէ, այլ «Հայկական Ժամանակ»-ին մէջ 2008ին լոյս տեսած հրապարակումը:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button