ԳլխաւորԼրահոս

Հայ Դատը Կը Շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդումը Ընդարձակելու Ջանքերը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 3 Դեկտեմբերին, նախաձեռնութեամբ  Հայ Դատի յանձնախումբին, Քոնկրէսի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը Միացեալ Նահանգներու տարածքին ընդարձակելու նպատակով՝ Ներկայացուցիչներու տան թիւ 2528 բանաձեւին վաւերացումը քաջալերելու միտող հաւաք մը։

Ձախէն աջ՝ Ալեքս Ռիտըլ, Քերի Ֆլին, Ռաքսեն Մաքասճեան եւ Ալեքս Կալիցքի

Ներկայացումը ուղղակի սփռուեցաւ Հայ Դատի եւ Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի ընկերային ցանցերէն։ Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ հինգ տարիներու ընթացքին, 10 միլիոն տոլար պիտի յատկացուի Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու ջանքերուն:

Նշենք, որ թիւ 2528 բանաձեւը ներկայացուած է քոնկրէսականներ Թետ Լիուի, Տինա Թայթըսի, Կաս Պիլիրաքիսի եւ Տէյվիտ Վալատաոյի ջանքերուն. անիկա ներկայիս ունի 63 համահովանաւորներ։

Advertisement Subscribe Today

«Ցեղասպանութեան Կանխարգիլում՝ Կրթութեան Միջոցով» խորագրուած հաւաքին ընթացքին, Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի (GenEd) ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին արդէն իսկ Միացեալ նահանգներու 34 նահանգներուն մէջ իրականացուց դասաւանդումներուն եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան աշխատանքներուն մասին եւ շեշտեցին դաշնակցային կառավարութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը, ծրագիրին ջանքերը ընդարձակելու աշխատանքին մէջ։


Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրի ներկայացուցիչները Ուաշինկթընի մէջ. ձախէն աջ՝ Սեդա Աղամեանզ, Ալեքս Ռիտըլ, Ռաքսեն Մաքասճեան եւ Քերի Ֆլին

Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի համահիմնադիր եւ գործադիր վարիչ Ռաքսեն Մաքասճեան ներկայացուց մանրամասնութիւններ ծրագիրին 25 տարիներու աշխատանքներուն մասին՝ յիշեցնելով, որ ուսուցիչներուն անվճար դասաւանդումի նիւթեր եւ այլ միջոցներ կը տրամադրուին Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ճշգրիտ կերպով իրականացնելու նպատակով, սակայն, ան ընդունեց, թէ ծրագիրը միայն փոքր համեմատութեան ուսուցիչներու հասնելու կարելիութիւնը ունի նիւթական սահմանափակումներու պատճառով:

Իրենց կարգին, Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրի կրթական հարցերու վարիչ Քերի Ֆլին եւ Վըրճինիայէն ուսուցչուհի Ալեքս Ռիտըլ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց փորձառութիւններէն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն:

Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական հարցերու վարիչ Ալեքս Կալիցքի յայտնեց, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ ցեղասպանութեան դասաւանդումին ընդարձակումը որքան կարեւոր է ապագայ ցեղասպանութիւնները կասեցնելու նպատակին համար։

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button