
Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպայի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 29-ին եւ 30-ին Նետերլանտներու Ալմելօ քաղաքին մէջ գումարուած է Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որ սովորաբար կը գումարուի երկու տարին անգամ մը։ Աւելի քան քսան մասնակիցներ, ներկայացնելով Հայ Դատի Եւրոպայի ամենաագործօն յանձնախումբերը, վերագնահատած են նախորդ շրջանային գործունէութիւնը եւ վերահաստատած՝ հաւաքական պատասխանատուութիւնը, ապահովելու միջազգային համապատասխան աջակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան։
Խորհրդաժողովի օրակարգին մէջ տեղ գտած են Պաքուի հայ պատանդներու ազատ արձակման ուղուած շարունակական ջանքերը, ցեղային զտման ենթարկուած Արցախի հայութեան պաշտպանութիւնը եւ հաւաքական վերադարձի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը։ Յատուկ ընդգծուած է համայնքներուն մէջ Հայ Դատի աշխատանքներուն ներգրաւուածութիւնը բարձրացնելու կենսական անհրաժեշտութիւնը։
Քննարկուած եւ դատապարտուած է Հայաստանի մէջ հակաժողովրդավարական գործընթացներու ընթացքը։
Այս առիթով, Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի միջազգային յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան նշած է.
«Եւրոպան շատ կարեւոր եւ իւրայատուկ տեղ ունի Հայ Դատի ցանցին մէջ։ Խիստ կարեւոր է ամէն գնով աւելի ամրապնդել Պրիւքսել գտնուող կեդրոնական գրասենեակի եւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող շրջանի յանձնախումբերու արդեն իսկ աշխուժ գործունէութիւնը, եւ ապահովել, որ անոնք ստանան մեր համահայկական ցանցին աջակցութիւնն ու հոգածութիւնը։ Հայաստանի պետականութեան ուժեղացման, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անկէ բխող պահանջներու առաջամղման, սփիւռքահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութեան միասնութեան եւ քաղաքական մասնակցութեան խթանման ուղղուած քայլերու իրագործման մէջ, բոլորս կը կրենք այս խորհրդաժողովի մէջ ընդունուած որոշումներու իրականացման պատասխանատուութիւնը»։
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է օտարալեզու լրատուամիջոցներու հետ աշխատանքը բարելաւելու հարցին։ Քննարկուած են տարբերակներ՝ լրացնելու այն տեղեկատուական բացը, որ գոյութիւն ունի հայ ժողովուրդին, հայոց եկեղեցիին եւ Արցախի ժողովուրդին առջեւ կանգնած իրականութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն եւ եւրոպական կառոյցներու միջեւ։
Խորհրդաժողովի աւարտին, Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակիցներուն անոնց անխոնջ աշխատանքին համար, եւ յայտնած.
«Հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամենավտանգաւոր շրջաններէն մէկը, երբ հիմնարար կարեւոր հաստատութիւնները մշտական սպառնալիքին տակ են։ Այնուամենայնիւ, մեր այս հաւաքը եւ անոր ներկայացուցած հաւաքական պատասխանատուութեան զգացումը մէկ անգամ եւս կը փաստեն ու կը վերահաստատեն մեր անսասան յանձնառութիւնը՝ դիմակայելու եւ յաղթահարելու մարտահրաւէրները։ Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի եւ առանձին երկիրներու յանձնախումբերու միջոցաւ կարեւոր քայլեր կատարուած են արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը առաջ մղելու եւ Պաքուի մէջ պատանդ առնուած հայ գերիներու ազատման ուղղութեամբ»։

