ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐ, ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼ ԵՒ ՈՒՍՏԸՐ

21-23 Նոյեմբերի շաբաթավերջին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, այցելեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ համայնքը։
Ուրբաթ, 21 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ մը, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ տեղւոյն տիկնանց միութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, ընթրիքի ընթացքին, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, յետ բարի գալուստի խօսքի խորհրդածեց երախտագիտութիւն յայտնելու իմաստին մասին քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Ան յայտնեց, թէ այս տարուան Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագրին արժանացած է Արմէն Ճգնաւորեան, որ երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարբեր ձեւերով, իսկ վերջերս աւարտած էր իր պաշտօնավարութիւնը իբրեւ Արանց ակումբի երկարամեայ ատենապետ։

Կիրակի, 23 Նոյեմբերին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Սուրբ Պատարագ մատուցանեց, որուն ընթացքին կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասի երկարամեայ անդամ՝ Զարեհ կիսասարկաւագ Պլպուլեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը, Արժ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեանի խարտաւիլակութեամբ։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, շուրջ քսան պատանիներ մասնակցեցան երիտասարդական հաւաքի մը Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ շահեկան հարց ու պատասխան հաւատքի, մշակոյթի եւ եկեղեցական կեանքի տարբեր կողմերու մասին։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը «Ճաֆարեան» սրահին մէջ:
Շաբաթ, 22 Նոյեմբերին, բարեջան Առաջնորդը, այցելեց Սուրբ Աստուածածին (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսէց)
եւ Սուրբ Երրորդութիւն (Ուստըր, Մասաչուսէց) եկեղեցիներու կազմակերպած պազարները։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց ծուխերու աշխատանքը եւ քաջալերեց անոնց ջանքերը՝ այս աւանդական գործունէութիւնը պահելու եւ շարունակելու ուղղութեամբ։

