Ալիեւները Լոնտոնի մէջ Սեփականատէր Են Բազմաթիւ Շէնքերու՝ Հարիւրաւոր Միլիոն Տոլարներ Արժողութեամբ
Յարութ Սասունեան «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը (OCCRP) 2012 թուականին ընտրած էր նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ իր առաջին «Տարուան մարդ»-ը մրցանակին, որ կը տրուի այն անհատին կամ հաստատութեան, որ աշխարհին մէջ առաւելագոյնը կատարած է կազմակերպուած յանցաւորութեան ու փտածութեան յառաջխաղացքին համար»։ «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը հետաքննող լրագրողներու համաշխարհային ցանց է, որ աւելի քան տասնամեակ մը բացայայտած է նախագահ Ալիեւի ընտանիքին եւ անոր անմիջական շրջանակին կողմէ պետական միջոցներու իւրացումը՝ արտերկրի մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերելու նպատակով։ Թէեւ կան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք կը հաղորդեն Ատրպէյճանի...