Ալիեւները Լոնտոնի մէջ Սեփականատէր Են Բազմաթիւ Շէնքերու՝ Հարիւրաւոր Միլիոն Տոլարներ Արժողութեամբ

 Յարութ Սասունեան «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը (OCCRP) 2012 թուականին ընտրած էր նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ իր առաջին «Տարուան մարդ»-ը մրցանակին, որ կը տրուի այն անհատին կամ հաստատութեան, որ աշխարհին մէջ առաւելագոյնը կատարած է կազմակերպուած յանցաւորութեան ու փտածութեան յառաջխաղացքին համար»։ «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծ»-ը հետաքննող լրագրողներու համաշխարհային ցանց է, որ աւելի քան տասնամեակ մը բացայայտած է նախագահ Ալիեւի ընտանիքին եւ անոր անմիջական շրջանակին կողմէ պետական ​​միջոցներու իւրացումը՝ արտերկրի մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերելու նպատակով։ Թէեւ կան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք կը հաղորդեն Ատրպէյճանի...

Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ ԻԳ. Սեւրն Ու Իրաւարար Վճիռը Մեր Տարածքային Պահանջներուն Իրաւական Հիմքը Կը Հանդիսանան. Թուրքիան Արհամարհելով ՄԱԿ-ն Ու Դաշնագրերը՝ Իր Ծաւալապաշտ Նպատակներէն Երբե՛ք Հրաժարած Չէ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 25 Դեկտեմբեր 2024 Շար. 23/24 haroutchekijian.wordpress.com     Պոլշեւիկ Ռուսիան եւ Օսմանեան կայսրութեան միւս կարծեցեալ թշնամին՝ Անգլիան, Սեւրի դաշնագիրին պատրաստութեան ընթացքին իսկ, 1919-1920, քաղաքակրթութեան դէմ դաւաճանեցին, ոսկիով ու զինամթերքով...
Social profiles