«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԽՈՀԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 21 Second

Խմբագրական

Դեկտեմբեր 28, 1973

Քանի մը օրէն կը փակենք տարասփիւռ կեանքի 1973-ի էջը։

«Ի՞նչ շահեցայ», հարց կու տայ առեւտրականը. «ի՞նչ է պատկերը մուտքերու եւ ելքերու», հարց կու տան հիմնարկութիւններ եւ ընկերակցութիւններ։ Իրենց գործունէութեան մղիչ ուժը առաւելապէս նիւթական դրամագլուխն է՝ որ կþօգտագործուի անհատական-ընտանեկան սեղմ շրջանակի մէջ կամ միութենական-հանրային լայն ծիրէ մը ներս։

Շահերու կամ կորուստներու պատկերն է, որ պիտի թելադրէ իրենց վաղուան աշխատանքի միջոցներն ու եղանակները։ Պիտի մղէ զիրենք սրբագրելու կաղացումները կամ ճշդելու նոր կերպեր։

Տարբեր է պարագան այն բոլոր միութեանց, հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութեանց՝ որոնք կենսական դաւանելով հանդերձ տնտեսական ամրութիւնը իրենց մեքենականութեան, հիմնապէս ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ բարոյական յանձնառութիւններով կը գործեն. անհատական ու սեղմ պարտաւորութիւններու ճամբով իջած են ասպարէզ. չեն եկած շահարկելու՝ այլ ծառայելու։

Ազգի մը բաղկացուցիչ անհատներու անձնական բարօրութիւնը արհամարհելի ազդակ չէ անշուշտ ժողովրդային ընդհանուր ապահովութեան հարցին մէջ. սակայն նոյնքան էական է գիտակցիլ թէ մէկուն ու միւսին նիւթական հարստութիւնն ալ գրաւական մը չէ անպայման հաւաքական վերելքի կամ կենսունակութեան։ Եթէ պարբերաբար բարիք եւ օրհնութիւն կը դառնայ մեծատունին զոհաբերութեան զգացումը, յաճախ նաե՜ւ չարիք կրնայ ըլլալ ինքնագոհ հարուստներու բազմացումը։

Տարասփիւռ հայութեան վերջին կէս դարու պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ գաղութային մեր կեանքի ամէնէն հաստատուն կռուանները հաստատուած են հանրային լայն զանգուածներու ազգային գիտակցութեան եւ նիւթական զոհաբերումի անվերապահ յօժարակամութեան վրայ։

Անկասկած՝ այս յիսուն տարիներու ընթացքին արձանագրուած նուաճումները շատ աւելի մեծ կրնային ըլլալ եւ այժմու կաղացումներէն շատեր սահմանափակուած կամ չքացած կրնային ըլլալ, եթէ առեւտրական ճակատներու վրայ եւ ազատ արուեստներու մարզերուն մէջ մատով ցոյց տրուելիք իսկակա՜ն հարուստներու տեղ՝ թուով պատկառելի եւ ոգիով մեծատուն նուիրաբերողներ ունեցած ըլլայինք։

Փաստն այն է, որ այսօ՜ր ալ, տակաւին, նիւթական մեր մեծ կարելիութիւնները զօրաշարժի ենթարկուած չեն ի նպաստ համահայկական նպատակներու եւ մենք ազգովին մղուած ենք առաւելապէս կառչելու միջակորեար դասու եւ հոգիով մեծ խոնարհ զանգուածներու նուիրումի զգացումին։

Հարց է ներկայիս, շատերու մտքին մէջ, թէ տարուէ տարի կատարուած հաշուեյարդարներէն ետք արդեօք չէ՞ եկած ատենը՝ որ հիմնական կարգ մը փոփոխութիւններու ենթարկենք հանրային եւ կազմակերպական ղեկավարութեան, ժողովրդավարական սկզբունքներու հիման վրայ գործող մարմիններու եւ հաստատութեանց գործելակերպը, որպէսզի հայ ունեւորներու կամ մեծատուններու դասը «հրապոյր» մը գտնէ եւ շարժի, նիւթական ու մտաւոր իր կարելիութիւնները ի սպաս դնելու համար հանրային-հաւաքական նոր նախաձեռնութիւններու։

Մեր ընթերցողները կը յիշեն ապահովաբար, որ մենք անդրադարձած ենք արդէն այս խնդրին, Ս. Ղազարու «Հայ ընտանիք» ամսագրին մէջ հրատարակուած գրութեան մը առթիւ. առաջարկ կամ մտածում՝ որ կը միտէր… հայ առեւտրականներու եւ մեծահարուստներու համագաղութայի՜ն ընկերութեան մը վստահիլ տարասփիւռ հայութեան հանրային առաջնորդութիւնը։

Նման որեւէ «գործնապաշտութիւն» մեզ պիտի վերադարձնէր բնականաբար 1820-1840-ական թուականներու ընկերային մեր կարգուսարգին. եւ եթէ նոյնի՛սկ «հրապուրէր» մեծատուններու դասը, պիտի խորտակէր մեզ իբրեւ ժողովրդապետական եւ ընկերային հասունութեան հասած հանրային կազմակերպումի, պիտի շրջէր հիմնովին ազգային-բարոյական մեր կառոյցը եւ ճամբայ պիտի հարթէր արդէն իսկ ճեղքեր ունեցող համահայկական շէնքի քայքայումին։

Աւելի չենք ըսեր, վերադառնալու համար հիմնական հարցին։ Ա՛յն է՝ տարեվերջի մեր մտածումներուն մէջ մեկնակէտ ունենալ Սփիւռքի հաւաքական զօրացման աներկրորդելի պահանջը, գոյութիւն ունեցող ազգային, հանրային, կրթական, մշակութային եւ դաստիարակչական հաստատութեանց ամրացումով ու մանաւանդ նոր սերունդներու քաղաքականացման ճիգերու բազմապատկումով։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles