
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 170-ամեայ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-ամեայ զոյգ տարեդարձները արժանավայել շուքով տօնուեցան Մայր Հայրենիքի մէջ, Սեպտեմբեր 20-26 օրերուն, նախաձեռնութեամբ՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին (ՀԱՀԽ) եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ): Արտասահմանի 13 երկիրներէ Հայաստան ժամանած էին բազմաթիւ Հայ Աւետարանականներ, որոնք պատմական այս յիշատակելի օրերը վայելեցին իրենց հայրենի աշխարհին մէջ:
Տօնակատարութեանց մաս կը կազմէին հետեւեալ կարեւոր գործունէութիւնները.-
1. Սեպտեմբեր 20-ի երեկոյեան Ջրվեժ քաղաքի Նայիրի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ գեղարուեստական շքեղ հանդիսութիւն կազմակերպուած ԱՀԱԸ-ի կողմէ՝ ի պատիւ արտասահմանէն ժամանած հիւրերուն:
2. Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեայ անկախութեան առթիւ, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի պատուիրակութիւն մը հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ Նախագահ Սարգսեանի կողմէ հովանաւորուած պետական հանդիսութեան Կարէն Դեմիրճեան Համալիրի մէջ:
3. Սեպտեմբեր 22-ին ՀԱՀԽԻ եւ ԱՀԱԸ-ի կողմէ խառն պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար, ազնուաշուք Հրանուշ Յակոբեանի հետ:
4. Սեպտեմբեր 22 – 24, Հայ Աւետ. Հովիւներու Համագումարը տեղի ունեցաւ Հանքաւանի Հայ Աւետարանական Ճամբարին մէջ, նախաձեռնութեամբ ՀԱՀԽ-ի եւ կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հայ Աւետարանական Միութեան: Համագումարի ընդհանուր ծախսերը հոգացած էին ՀԱՀԽ-ը ԱՀԱԸ-ը եւ Ստեփան Փիլիպոսեան Հիմնարկը: Ներկայ էին 70-է աւելի հոգեւոր հովիւներ եւ գործիչներ: Համագումարին բնաբանն էր «Աստուծոյ Կոչումին Հաւատարիմ», որուն պատագամաբերներն էին Վերապատուելիներ Մկրտիչ Գարակէօզեան, Փօլ Հայտօսթեան, Աւետիս Պոյներեան, Պերճ Ճամպազեան, Ճօէլ Միքայէլեան եւ Մկրտիչ Մելքոնեան: 170-ամեակի ոգեկոչման պատգամը եւ հաղորդութեան պաշտամունքը առաջնորդեց Վեր. Վահան Թութիկեան:
5. Կիրակի, Սեպտեմբեր 25-ի առաւօտուն տեղի ունեցաւ Դիլիճան քաղաքի Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ նորակառոյց տաճարին եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան շէնքի նուիրման պաշտամունքը: Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Վեր. Գառնիկ Թութիկեան առաջնորդեց պաշտամունքը եւ գնահատանքի խօսքը ուղղեց Աւետարանչականի եւ եկեղեցւոյ բարերարներուն: Պաշտամունքի մէջ բաժին առին Վերապատուելիներ Մկրտիչ Մելքոնեան, Րընէ Լեւոնեան, Յակոբ Չողանճեան, Մկրտիչ Գարակէօզեան, Յարութիւն Սելիմեան, Ալպերթ Փայտեան, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան եւ տիար Զաւէն Խանճեան: Օրուան պատգամաբերն էր Վեր. Վահան Թութիկեան, պատուակալ հովիւը Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ: Տիթրոյթի Եկեղեցին քոյր եկեղեցին է Դիլիճանի Եկեղեցիին իր հիմնադրութենէն (2000 թուականէն) ի վեր:
Պաշտամունքի աւարտին, նորակառոյց եկեղեցաշէնքի բարերարները, Դոկտորներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեանները, որոնք հանդիսաւոր կերպով քողազերծեցին իրենց ծնողաց. Վեր. եւ Տիկին Էմմանուէլ Տարագճեանի յիշատակին նուիրուած ցուցատախտակը: Իսկ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժնի բարերարուհի՝ Տիկին Անայիս Տէրեան կը բացակայէր կամքէ անկախ պատճառներով: Այս առթիւ զինք կը ներկայացնէր Վեր. Պերճ Ճամպազեան, որ փոխառինաբար մասնակցեցաւ նաւակատիքի արարողութեան:
6. Կիրակի, Սեպտեմբեր 25-ին, Արամ Խաչատուրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայց. Աւետարանական եկեղեցւոյ 170-ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին նուիրուած յոբելինական գլխաւոր տօնախմբութիւնը` սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Հովեր» երգչախումբին եւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին մասնակցութեամբ:
Տօնախմբութեան ընթացքին շնորհաւորական ուղերձներով հանդէս եկան Վեր. Գէորգ Գասպարեան, Հայաստանի հայ Աւետարանական Միութեան Նախագահ: Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ Դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեան, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան, իսկ փակման խօսքն ու աղօթքը ըրաւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան:
Այս առիթով, պատրաստուած էր յիսուն էջնոց գողտրիկ Յուշամատեան/Յայտագիր մը, որուն մէջ իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնած են Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները եւ բազմաթիւ Հայ եկեղեցականներ եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ: Այս առթիւ նաեւ արեւելահայերէնի թարգմանուած էր Վեր. Դոտկ. Վահան Յ. Թութիկեանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Նպաստն ու Ծառայութիւնները Հայ Ազգին վերտառութեամբ գիրքը, որմէ օրինակներ նուիրուեցան պատւոյ հիւրերուն եւ Հայ Աւետարանական հովիւներուն:
7. Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26-ին, ՀԱՀԽ-ի եւ եկեղեցիներու միութիւններէ կազմուած պատուիրակութիւն մը այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ:
Անտարակոյս, Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ 170-րդ եւ Հայաստանի վերանկախման 25-րդ զոյգ տարեդարձները հոգեկան բաւարարութիւն եւ ոգեւորութիւն պատճառող նշանակալից օրեր հանդիսացան բոլոր անոնց, որոնք բարեբախտութիւնը ունեցան մասնակից դառնալու Հայաստանի մէջ Սեպտեմբերի վերջին տաս օրերու իրադարձութիւններուն: