Լրահոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ Ա.Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

was26

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երկուշաբթի, Մայիս 11-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի Դեսպան Տիար Անթուան Շտիտին: Դեսպանը ողջունեց Նորին Սրբութեան Լիբանանի դեսպանատուն այցելութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին նշեց, թէ օտար երկիրներ այցելութեանց ընթացքին, իրեն համար պարտականութիւն կը նկատէ այցելել Լիբանանի դեսպանատուները եւ մօտէն հետաքրքրուիլ դեսպանատան աշխատանքներով:was54
Նորին Սրբութեան եւ լիբանանցի դիւանագէտին միջեւ խօսակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ Լիբանանի մէջ քաղաքական զարգացումներուն: Դեսպանը փոխանցեց յատկապէս Լիբանանի գծով ամերիկեան կառավարութեան տեսակէտները եւ այդ ուղղութեամբ կատարած աշխատանքները: Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատելով Լիբանանի համար դեսպանին տարած գործունէութիւնը շեշտեց, որ նախագահի ընտրութիւնը եւ ապահովութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին Լիբանանի համար:was35
Դեսպանը բաժնեց Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները: Ան նաեւ մեծ գնահատանքով ու հպարտանքով արտայայտուեցաւ Ա.Մ. Նահանգներու հայ համայնքին մասին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց 100-ամեակի ծիրէն ներս տեղի ունեցող ձեռնարկներուն յաջողութեան համար եւ դեսպանատան ու Լիբանանի ժողովուրդին ամբողջական զօրակցութիւնը արտայայտեց:
Նշենք, որ Լիբանանի Դեսպանը անձամբ Ուաշինկթընի օդակայան եկած էր դիմաւորելու Վեհափառ Հայրապետը:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button