
Սփիւռքահայու մարմաջ, կամք, բերկրանք…բարձրանալու լեռն ու գագաթն ի վեր: …Եւ այդ ալ, ոչ թէ միայն դէպի Արարատ, այլ նաեւ այլ ցամաքամաս եւ այլ բարձունք: Արդարեւ, քանի մը հայորդիներ որոնք արդէն իսկ Արարատին գագաթը նուաճելու առիթը ունեցած էին, այս անգամ մեկնած էին Ափրիկէի խորերը, նուաճելու համար, այդ ցամաքամասի բարձրագոյն գագաթը` Քիլիմանճարօն:
Քանի մը տարի առաջ, հայրենի գրագէտ Զoրի Բալայեան եւ ընկերներ, իրենց »Կիլիկիա« նաւուն հետ, աշխարհի չորս կողմերը նաւարկած էին: Այս լեռնագնացներն ալ…Կոստան Զարեանի հետքերով, իրենց “նաւ“ը` կիզակէտը լեռներու վրայ ուղած են: Այսպէս, ութ հայորդիներ այդ սխրագործութիւնը կատարեցին, պայքարելով բնութեան ստեղծած դժուարութիւններուն դէմ: Լեռնագնաց խումբին մաս կը կազմէր, նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին նախկին տնօրէն Յարութիւն Արմէնեան, որ յատուկ գրութիւն մը պատրաստած է այս արկածախնդրութեան մասին.-
Յարութիւն Արմէնեան
Ութ հայորդիներ, մէկ խումբ:
Խումբ որ անցնող տարիներու Արարատի բարձունքի փորձառութեան վրայ կ’ուզէ այսօր աւելցնել Ափրիկէի տանիքը սեպուող այս գագաթն ալ:
Խումբին մէջ են անհատներ որ Արարատի գագաթէն ետք տարիներէ իվեր կ’երազեն այս մէկը:
Խումբին անդամներն են`
Գնել Անանեան
Արա Թէքեան
Նարինէ Կիլներ
Արթուր Մելքոնեան
Աշոտ Յովհաննէսեան
Սօնա Արմէնեան
Սարօ Արմէնեան
Յարութիւն Արմէնեան
Պատրաստութիւնը ամիսներու վրայ կ’երկարի: Ամենօրեայ հաղորդակցութիւններով կարեւոր հարցեր իրենց լուծումները կը գտնեն շնորհիւ Սօնայի կազմակերպչական աւանդին:
Ամենէն մտահոգիչը օդի նօսրացման ու բարձրութեան հիւանդութեան կարելի հարցերն են: Վախ չունինք խումբի անդամներու կարողականութենէն ու պատրաստութենէն:
— Հզօր խումբ ենք.- կ’ըսէ մեր ամենէն փորձառու լեռնագնաց Արթուրը, քաջալերական իր ժպիտով:
Վերջին ամիսներու պատրաստութեան ընթացքին քալիֆորնիացիները բարձրացած են Լոս Անճելըսի շրջանին ամենէն բարձր գագաթները, իսկ Հայաստանի տղաքը մի քանի անգամ ելեր ու իջեր են Արագածի ու նաեւ Աժտահակի գագաթները:
Յունիսի սկիզբը Հայաստան կարճ ճամբորդութեանս ընթացքին ես ալ իրենց հետ եմ, երբ կը բարձրանանք Աժտահակի ու Արագածի գագաթները: Արագածի վրայ, մենք կը մրլտանք պայմանական մեր երգը.-
Քելէ քելէ
Պօյիդ մեռնեմ
Քիլի քիլի
Մանճարօ
Քիչ մը մտահոգ եմ: Եօթանասունամեակս դեռ շաբաթ մը առաջ տօնեցինք. բժիշկս շատ քաջալեր չէր այս արկածախնդրութեանս նկատմամբ: Բայց Սօնային ու մանաւանդ մեր տղուն Սարոյին հետ այս գագաթը որպէս ընտանիք միասին բարձրանալու առիթը չեմ ուզեր փախցնել:
Յունիսի 24-ին արդէն հաւաքուած ենք Մօշի, Թանզանիա:
Առաւօտեան ամէն մարդ պատրաստ է ու ճամբայ կ’ելլենք…
Որոշած ենք Րոնկայի դժուար ուղիով բարձրանալ հինգ օրէն:
Առաջին չորս օրերը բաւական դիւրին կ’անցնին բոլորիս համար:
Մեծ դժուարութիւնը վերջին օրն էր, երբ կէս գիշերին ճամբայ կ’ելլենք: Չափազանց ցուրտը եւ օդին նօսրութիւնը մեզ շատ դանդաղեցուցած են: Մութին` վեց ժամէն կը հասնինք Կիլմըն, որմէ ետք մօտ երկու ժամէն գագաթին ենք` Ուհուրու 5895 մեթր: Յունիս 30-ի առաւօտն է. ժամը 8:30:
Սքանչելի արեւածագ: Ամէն կողմ ծածկող սառին ու ձիւնին հիանալի փայլքը:
Խանդավառութեան եւ ուրախութեան սահման չկայ…
Տղաքը երկու եռագոյն դրօշ կը պարզեն մէկը Երեւանէն իսկ միւսը Լոս Անճելըսէն բերուած:
Կը նկարուինք:
Վերադարձը աւելի դիւրին է եւ մեր 76 քիլոմեթրի (մօտաւորապէս 47 մղոն) Ճանապարհորդութիւնը վերջ կը գտնէ մեր այնքան կարօտցած տաք բաղնիքով:
Այսօր, Քիլիմանճարոյի մեր փորձառութիւնը արդէն անուշ ու հաճելի յիշատակներու շարքի մըն է վերածուած:
Ութ հայորդիներ, մէկ ոգի:
Յուլիս 16, 2012