Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2009ի առաւօտեան, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Գրասենեակ այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանը: Նախարարուհիին կþընկերանար Հայաստանի Հանրապետութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Պարոն Թաթուլ Մարգարեանը:
Պաշտօնական հիւրերը Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Գրասենեակին մէջ ընդունուեցան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մայտա Մելքոնեանի եւ գրասենեակի անձնակազմին կողմէ, որոնց կողքին, վիտէօկապով հանդիպման մասնակցեցան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը՝ Քալիֆորնիայէն, փոխատենապետուհի Մարօ Ֆրունճեանը՝ Գանատայէն եւ Կրասիէլա Գէորգեանը՝ Արժանթինէն:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կարգ մը ծրագիրներու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարի Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի ձեռնարկներու մանրամասնութիւնները: Նախարար Յակոբեանը ընդգծեց յատկապէս սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը յաճախ Հայաստան այցելելու մղելու կարեւորութիւնը: Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները անդրադարձան յառաջիկայ տարի Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի նշումի ծրագիրներուն, որոնք Նիւ Եորքի մէջ սկսելէ ետք պիտի եզրափակուին Հայաստանի մէջ: Արծարծուեցան նաեւ երիտասարդ թէ հանգստեան կոչուած մասնագէտներ պարբերաբար Հայաստան գործուղելու կարելիութիւնը, որպէսզի իրենց մասնագիտութիւնն ու փորձառութիւնը ի սպաս դնեն հայրենիքին:
Նախարար Յակոբեանը թելադրեց այս բոլորը պաշտօնականացնել եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու միութեան Հայաստանի մէջ կազմակերպելիք բոլոր նախաձեռնութիւններուն Հարիւրամեակի նշում թէ այլ:
Հանդիպման աւարտին Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Մայտա Մելքոնեանը Հ.Օ.Մ.ի միաւորներու հրատարակած գիրքերէն մէկական օրինակ նուիրեց նախարար՝ Տիկին Հրանուշ Յակոբեանին ու դեսպան՝ Պարոն Թաթուլ Մարգարեանին: Իր կարգին նախարարուհին յուշանուէր մը յանձնեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Գրասենակին:
Read Time:1 Minute, 4 Second