Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Վերջին քանի մը ամիսներուն« մտահոգիչ զարգացումներ տեղի կþունենան Հայաստանի ու Արցախի շուրջ« առանց մոռնալու Ջաւախքը« եւ սակայն« պետական« կազմակերպութեանց ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ« պատմական այս պահուն համապատասխան արթնութիւնն ու հակազդեցութիւնը չի տեսնուիր:
»Ֆութպոլային մարտավարութենէն« ասդին« մինչեւ Հայաստան-Թուրքիա հարցերու լուծման »Ճամբու քարտէս«ն ու անոր յաջորդող հանդիպումները« մինչեւ իր ենթադրեալ խոստումներէն ետդարձի Թուրքիոյ »խուսանաւումներ«ն ու Ատրպէյճանի իշխանաւորներու »բացայայտումները«« այլ խօսքով՝ նուազ քան մէկ տարուան ժամանակամիջոցին« ամիսէ ամիս« շաբաթէ շաբաթ եւ օրէ օր կը ձեւաւորուի ընդհանուր պատկեր մը« որուն մէջ հայութեան ու իր արդար իրաւուքներուն ի նպաստ շատ բան չþերեւիր: Ու եթէ այդ բոլորին վրայ աւելցնենք Մոսկուա-Պաքու եւ Մոսկուա-Անգարա գիծերուն վրայ շահակցական նորութիւնները« որոնք սկսած են զուգահեռներ գծել Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ Միացեալ Նահանգներու եւ առհասարակ Արեւմտեան աշխարհի շահո°ւ գործակցութիւններուն հետ« ուրուագծուող պատկերը կարծէք թէ աւելի եւս կը մթագնի:
Այս զարգացումներուն դիմաց« հայկական՝ մե°ր ճակատը ընդհանուր առմամբ որդեգրած է կրաւորական« հաշտուողական« չըսելու համար տեղի տուողի դիրք: Գոնէ այդ է երեւցողը: Կարգ մը կենսական գործընթացներու վրայէն չէ վերցուած »գաղտնապահութեան« քողը« որ յաւելեալ շեշտ մը կը դնէ մտահոգութեանց վրայ: Ատրպէյճանէն արձակուող նորագոյն »փամփուշտները«« թէ՝ արդէն իսկ համախոհութիւն կը գոյանայ հայերու »բռնագրաւած հողեր«ուն պարպումին մասին« այլ երանգ մը կը գումարեն մտահոգութիւններուն վրայ:
Ցանկը կարելի է երկարել…
Զարմանալին ու անընդունելին« ինչպէս նշեցինք« հայկական ճակատին վրայ տիրող ընդհանուր լռութիւնն է: Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի յայտարարութիւնը (տես »Ասպարէզ«ի Հինգշաբթի« 9 Յուլիս թիւը) պաշտօնական մակարդակի վրայ արձանագրուած հազուադէպ հակազդեցութիւններէն եղաւ եւ իր կարգին գումարուեցան մամլոյ« առաւելաբար Դաշնակցական մամուլի ընդվզողի արձագանգներուն վրայ: Մէկ խօսքով« բողոքի« իրաւատիրութեան« պահանջատիրութեան ու Թուրքիա-Ատրպէյճան անարդար զուգերգին դէմ դնող ձայները« մանաւանդ պաշտօնական Երեւանէն ու հայրենի քաղաքական շրջանակներէ« չունին պահուն պահանջած ուժգնութիւնը« հնչեղութիւնը. համապարփակ չեն: Կարծէք թէ Արցախն ու որոշ շրջանակներ պէտք է ըլլային միակ մտահոգուողը« կարծէք թէ մարտահրաւէրները համահայկական չեն« ու տակաւին« կարելի է անոնց շուրջ քաղաքական խաղեր ալ խաղալ« իբրեւ թէ ասոնք ըլլային ընթացիկ ու անցողակի կացութիւններ« վիճակներ…
Ի՞նչ կը սպասենք« ինչո՞ւ կը սպասենք ի հեճուկս Հայաստանի« Արցախի ու ընդհանրապէս ողջ հայութեան իրաւուքներուն դէմ նիւթուող թակարդներուն դէմ ծառանալու« բողոքող բռունցք դառնալու համար:
Մենք այն ժողովուրդը չե՞նք« որ շուրջ երկու տասնամեակ առաջ« ա°զգովին« Հայաստանի մէջ թէ Արտերկրի« առանց երկրորդական հաշիւներու ոտքի կանգնեցանք ի պաշտպանութիւն Արցախին« ի խնդիր Հայաստանի հանրապետութեան վերականգնումին…:
Ինչո՞ւ այս կրաւորականութիւնն ու անտարբեր վիճակը՝ այսօր: Յետոյ« ինչո՞ւ մատնուիլ այնպիսի վիճակի« ուր թրքական ու ազերիական աղբիւրներ ու պետական դէմքեր ըլլան բացայայտողները մե°ր հայրենիքին ու ժողովուրդին վերաբերող ճակատագրական իրականութիւններուն (նման բացայայտումներու հաւաստիութեան կասկածելու շատ պատճառ ունինք« այլեւ կը յարինք հաւատալու« որ նման բացայայտումներով« Անգարա ու Պաքու հետամուտ են յաւելեալ ճեղքեր յառաջացնելու հայութեան դաշտին մէջ):
Շիրազի բառերով՝ »Ո°չ« բաւակա°ն է« չպէ°տք է լռել…«:
Հրամայական է որ ձայնակցինք Արկադի Ղուկասեանի ու նմաններու բողոքի« դատապարտումի ու մանաւանդ իրաւուքներու պաշտպանութեան ձայներուն« նաեւ անցնիլ գործի« դուրս գալ կրաւորական հանդիսատեսի կացութենէն: Անդրադառնանք« որ մեր հայրենիքին ու ազգի ճակատագի°րն է խաղի դրուողը:
Բանիւ եւ գործով շարժելու համար« կը սպասենք« որ Հայաստանին ու հայութեան ի վնաս զարգացումները հասնին դժուար դարմանելի կամ անդառնալի հանգրուանի՞« որպէսզի շարժինք պետականօրէն« դիւանագիտականօրէն« քաղաքականապէս ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ:
Կամ արդեօք սկսած ենք կասկածի՞լ մեր (թէեւ սահմանափակ« բայց ոչ բութ) կարողութիւններուն վրայ: Մոռցա՞ծ ենք« որ միայն 20-22 տարի առաջ« Երեւանի հրապարակները ողողուած էին պահանջատէրներով« ու համապատասխան արձագանգներ կը բարձրանային սփիւռքեան օճախներու մէջ: Մեր յիշողութեան դաշտէն դո՞ւրս ձգած ենք Արցախի բարձուքներուն ու հովիտներուն մէջ արեան գնով մղուած ճակատամարտները« հայկական հողերու կորուստն ու վերաշահիլը« գունդ-գունդ նահատակները« որոնք այսօր անժամանցելի պատգամներ կþուղղեն մեզի՝ Եռաբլուրէն« Ծիծեռնակաբերդէն« Սարդարապատէն« Շուշիէն ու Ստեփանակերտէն…
Կանգնինք ոտքի°« կարելի բոլո°ր միջոցներով յիշեցնենք մեր ԻՐԱՒԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ: Ըսե°նք մեր պետութեան« որ պայքարով ու իրաւունքի հիմամբ շահուածը սակարկելի չէ. յայտարարե°նք բոլորին« որ հայութիւնը« Հայաստանի մէջ ու աշխարհի տարածքին« միաձայն է իր պահանջատիրութեան մէջ« կը կանգնի ու պիտի կանգնի իր պետութեան կողքին« որ մարմնաւորումն է« պէ°տք է ըլլայ մարմնաւորումը ժողովուրդի կամքի°ն ու պահանջատիրութեան:
Մանաւանդ յիշենք ու վերյիշեցնենք« որ առաւելաբար նիւթական շահակցութիւններով կառավարուող այսօրուան աշխա°րհն անգամ իրաւունք չունի անտեսելու« չի կրնար արհամարհել արդար ու անսակարկելի իրաւունքերը« իրաւատէրը« ան ըլլայ հայ թէ այլ:
…Մօտիկ ու հեռաւոր անցեալի իրականութիւնները յուշարար են« որ մե°նք ալ ունեցած ենք եւ ունինք պատմութեան անիւին ուղղութիւն տալու կարողութիւնը: