ԱՆԿԱՐԳԵԼ… ՀԱՅՐԵՆԻ ԲԱՐՁՐԱՒԱՆԴԱԿԷՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 5 Second

inna 4

Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեան

Իւրայատուկ թռիչք, տարբեր բնաշխարհ…դիտուած վերէն, բարձունքէն, այս պարագային հայրենի բարձրաւանդակէն: Երիտասարդ պարմանուհին կը պատրաստուի այս հմայիչ արկածախնդրութեան…
Յատկապէս այս ամիսներուն, Կովկասեան բարձրաւանդակի արեւաշոգ օրերուն, կ°արժէ դիմել նման արկածախնդրութեան… անշուշտ լաւապէս մարզուելէ ետք:

inna 1
65 տարուայ պատմութիւն ունի Հայաստանի անկարգելաւորներու մարզաշխարհը:  2002էն ի վեր կը գործէ յատուկ համադաշնակցութիւն մը, որ օրինաւոր ձեւով կը կազմակերպէ սոյն «օդային» եւ «թռչնային» եզակի արշաւները, ներգրաւելով արկածախնդիր տեղացիներ եւ օտարներ:

inna 2
Ընդհանրապէս Հայաստան այցելողը դէպի երկինք նայելով կը հմայուի բնութեան ստեղծած իրապաշտ եւ ակնթարթային տեսարաններով: Հակառակն ալ հետաքրքրական է կատարելը…Վերէն՝ երկնային կապոյտէն ակնդրել կանաչը՝ հայրենի լեռն ու ձորը, անտառն ու անծայրածիր այգեստանները…եւ անշուշտ համեմատաբար բաւական տարածութիւն գրաւած այլ «ցամաքային» կապոյտ մը՝ լազուարթ լիճը…Սեւանը:

INNA 3
Հայաստանի  անկարգելաւորներու համադաշնակցութեան նախագահ Արմէն Իլիկչեան կը մնայ մրցանիշակիր, իր 4883 «թռիչքներ»ով: Հերթական դրութեամբ, ան կը կազմակերպէ խմբային «թռիչքներ»: Հոս, Արզնիի ռազմական օդակայանին մէջ, ան կը մարզէ երիտասարդ զինուորներ եւ պարզապէս «թռչնազգի» սիրահարներ:
Յունիս 10ին կատարուած այս փորձին կան անփորձներ, որոնց կարգին Դաւիթն ու Կարապետը: ԱՆոնք առաջին անգամ ըլլալով կը պատրաստուին հայրենի աշխարհը վերէն ըմբոշխնելու:

inna 5
Երբ ուղղաթիռը արդէն իսկ ութ հարիւր մեթր բարձրութեան վրայ է, արդէն իսկ անկարգելաւորները լաւապէս պատսպարուած, յատուկ գլխարկներով օժտուած, ձեռքերու շարժումներով կը փորձեն զրուցել: Ապա կարճ ահազանգ մը եւ անկարգելաւորները շարք շարքի կը մօտենան դռան եւ կը թռչին դէպի երկինք…վերածուելով աննշմարելի կէտի..այդ անծայրածիր կապոյտին մէջ:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles