ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ժԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՀԱԿԱՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՆԿԱՏԵՑ
Փետրուար 28, 2012-ին, Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական նկատեց ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը‘ պատճառաբանելով, որ նմանօրինակ օրինագիծ կը հակասէ խօսքի ազատութեան: Սահմանադրական խորհուրդի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ.- “Խորհուրդը կը նկատէ, որ ժխտումի համար տուգանք եւ քրէական պատասխանատուութիւն սահմանելով, օրէնսդիրները հակասահմանադրական ոտնձգութիւն կատարած են խօսքի եւ արտայայտման ազատութեան նկատմամբ“:
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարեց թէ, մտադիր է ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ առաջարկել Ծերակոյտի քննարկման:
Սարքոզի կառավարութեան յանձնարարած է օրինագիծի նոր բնագիր կազմել հաշուի առնելով Սահմանադրական խորհուրդին երէկուան որոշումը:
Պարբերականը կը նշէ, որ Ֆրանսայի նախագահը այս որոշումը ընդունած է‘ հակառակ որ անոր դէմ եղած են քանի մը նախարարներ, որոնց մէջ արտաքին գործոց նախարար Ալէն Ժիւփէ:
Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր եւ Պիւշ տիւ Ռոնի շրջանի երեսփոխան տիկին Վալէրի Պուայէի ներկայացուցած օրինագիծը Դեկտեմբեր 22, 2011-ին որդեգրուած էր Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ, իսկ Յունուար 23, 2012-ին` Ծերակոյտը: Օրինագիծը վիճարկելու համար ֆրանսացի 65 երեսփոխաններ եւ 76 ծերակուտականներ Սահմանադրական խորհուրդին դիմում մը ներկայացուցած էին: Պուայէ յայտնեց թէ պիտի շարունակէ պայքարիլ: “Ինչպէս Սահմանադրական խորհուրդի որեւէ որոշում, այս մէկն ալ Սահմանադրութեան մեկնաբանութեան վրայ հիմնուած է, սակայն նոյնիսկ եթէ կարելի չէ բողոքել, գէթ կարելի է վիճելի համարել“ ըսաւ ան:
Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ յայտնած է, որ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը “Ֆրանսայի վրայէն սեւ բիծը մաքրեց“:
“Պատմութեան ընթացքին ձեւաւորուած ֆրանս–թրքական յարաբերութիւնները փորձութիւն մը եւս դիմագրաւեցին, եւ մենք յոյսով ենք, որ մեր յարաբերութիւններուն մէջ այլեւս նման խնդիրներ չեն ըլլար: Կը կարծեմ, որ Ֆրանսայի սահմանադրական խորհուրդի որոշումը դաս եղաւ այն ֆրանսացի քաղաքական գործիչներուն համար, որոնք կը փորձեն պատմութենէն շահեր ապահովել“, յայտարարեց Պաղըշ` աւելցնելով, որ քաղաքական գործիչները պէտք է իրենց գործով զբաղին եւ ոչ թէ պատմութեամբ:
“Վերջին շրջանին մենք ականատես կ՛ըլլանք, թէ քաղաքական գործիչները ինչպէս պատմութեամբ կը զբաղին: Իւրաքանչիւրը պէտք է իր գործով զբաղի: Քաղաքական գործիչներու գործը քի՞չ, որ անոնք սկսած են նաեւ պատմութեամբ զբաղիլ: Այս առնչութեամբ ես ֆրանսացի քաղաքական գործիչներուն խորհուրդ կու տամ իրենց խնդիրներով զբաղիլ, եւ ոչ թէ պատմութեամբ“, կը նշէ ան:
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու ողջունեց Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական ճանչնալու մասին որոշումը: Ան յայտարարեց, որ “Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որդեգրած որոշումը կը համապատասխանէ Ֆրանսայի սահմանադրութեամբ ամրագրուած մարդկային իրաւանց հասկացողութեան եւ եւրոպական արժէքներուն, որոնք մենք բոլորս կը պաշտպանենք“:
Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Պիւլեթ Արընչ իր կարգին նշեց, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը իր այս որոշումով “իրաւունքի դաս տուաւ ֆրանսացի քաղաքական գործիչներուն“:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան յայտնեց, թէ պայքարը տակաւին չէ աւարտած եւ Հայ Դատի գրասենեակը պատրաստ է ամէն ինչ զերոյէն սկսելու: “Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը կը նշանակէ թրքական ճնշումներուն ենթարկուիլ…ինչ որ Ֆրանսայի պէս երկիրի մը անհարիր է“, յայտնեց ան: