Գլխաւոր

ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ, ՄԱՍԱՉՈՒՍԷՑ.- Սուրբ Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ թէ` դպրոցը պիտի ընդարձակուի այս ամառ: Շինարարական  աշխատանքը պիտի ամբողջանայ 2012-2013 դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը: Դպրոցը պիտի ունենայ յաւելեալ չորս նոր դասարաններ, արտադասարանային դասընթացքներու համար կեդրոն մը եւ ներքին զբօսավայր մը:

Տարիներու ընթացքին վարժարանը ընդարձակուած է, իսկ աշակերտութեան թիւն ալ ութէն հասած է 180-ի: “Շատ խանդավառ ենք այս նոր ծրագրով, որուն պատճառով պիտի կարենանք աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ընդունիլ եւ յաւելեալ յարմարութիւններ ստեղծել ուսումնական նոր ծրագիրներու համար“, կ՛ըսէ տնօրէնուհի տիկին Հուրի Պոյամեան:

Դրամահաւաքի աշխատանքը արդէն սկսած է եւ ծախսերու վաթսուն առ հարիւրը արդէն իսկ ապահովուած է: “Գոհ ենք եղած նուիրատուութիւններէն եւ կը սպասենք, որ մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամ իր նիւթական մասնակցութիւնը բերէ, կարեւոր դեր մը վերցնելով մեր դպրոցի պատմութեան յաջորդ հանգրուանին“, կ՛ըսէ վարժարանի Խնամակալութեան ատենապետ` Աւագ Գահվէճեան:

Այս ծրագրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար եւ նուիրատուութիւն կատարելու համար հաճեցէք ձեր Ե-նամակը ղրկել info@ssaes.org կրնաք նաեւ այցելել դպրոցի կայքէջը www.ssaes.org

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button