Գլխաւոր

ԽՈ­ՃԱԼ­ՈՒԻ ԴԷՊ­ՔԵ­ՐՈՒՆ 20ԱՄ­ԵԱ­ԿԻՆ ԱՌ­ԹԻՒ.- ՊՈԼ­ՍՈՅ ԹԱՔ­ՍԻՄ ՀՐԱ­ՊԱ­ՐԱ­ԿԻՆ ՄԷՋ ՀԱ­ԿԱ­ՀԱՅ ՑՈՅՑ

Խո­ճալ­ուի դէպ­քե­րուն (տես­նել յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ` էջ 11) քսա­նամ­եա­կին առի­թով,  Փետր­ուար 26, 2012-ին, Պոլ­սոյ Թաք­սիմ հրա­պա­րա­կին մէջ կա­տար­ուե­ցաւ հա­կա­հայ ցոյց մը, որ բուռն քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ դար­ձաւ թրքա­կան զա­նա­զան թեր­թե­րու մէջ:

Օր­հան Քե­մալ Ճեն­կիզ “Ռա­տի­քալ“ օրա­թեր­թին մէջ լոյս տե­սած իր յօդ­ուա­ծին մէջ կը գրէ, որ անոնք որոնք բա­ցին Բո­լորդ հայ էք, բո­լորդ ալ պոռն­կոր­դի էքպաս­տա­ռը, ասոնք Խո­ճալ­ուի զո­հե­րուն հան­դէպ ցաւ եւայլն չու­նէ­ին, անոնք պար­զա­պէս իրենց ատե­լու­թիւնը կը սրէ­ին նոր սպանդ­ներ պատ­րաս­տե­լու հա­մար“:

Թուրք­իոյ խորհր­դա­րա­նի Մար­դկա­յին իրա­ւանց յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Այ­հան Սե­ֆեր Իւ­թիւն պա­հան­ջած է, որ դա­տա­խազ­նե­րը այս ցե­ղա­պաշտ պաս­տառ­նե­րուն շուրջ հե­տաքն­նու­թիւն կա­տա­րեն: Ան լրագ­րող­նե­րու ըսած է, որ մենք մէկ կող­մէ կը պնդենք, որ Թուրք­իոյ բո­լոր գոյ­նե­րու նկատ­մամբ սրտա­բաց մեծ պե­տու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ, մէկ կող­մէ կը պաշտ­պա­նենք մի­ա­սին ապ­րե­լու մշա­կոյ­թը, սա­կայն միւս կող­մէ հրա­պա­րակ­նե­րու վրայ այս­պի­սի կար­գա­խօ­սե­րով պաս­տառ­ներ կը բա­նանք: Ասի­կա ըն­դու­նե­լի չէ“:

Բազ­միցս անըն­դու­նե­լի գտնուե­ցաւ այդ ոգե­կոչ­ման ըն­թաց­քին կա­տար­ուած հա­կա­հայ գրգռու­թիւնն ու կար­գա­խօս­նե­րը: Նոյ­նիսկ կարգ մը աղ­բիւր­ներ պնդե­ցած են, որ ասի­կա պե­տու­թեան ցուց­մուն­քով ու քա­ջա­լե­րու­թեամբ կա­տար­ուած ձեռ­նարկ էր:

Ֆեհ­մի Թաշ­թէ­քին, այլ յօդ­ուա­ծով մը, “Ռա­տի­քալ“ի մէջ ցաւ կը յայտ­նէ Խո­ճալ­ուի տա­րե­լի­ցի առ­թիւ հրա­պա­րակ­ուած գրգռիչ ու ցե­ղա­պաշտ կար­գա­խօս­նե­րուն հա­մար եւ դի­տել կու տայ, որ այս ըն­թաց­քը կը դժուա­րաց­նէ Խո­ճալ­ուի պա­տա­հար­նե­րը ար­դար կեր­պով ու ճիշդ հասկ­նա­լով ոգե­կո­չե­լու գոր­ծը:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button