ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՄՕՏ
Երեւան (“Թերթ“, “Ֆոթոլուր“).- Փետրուար 28, 2012-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի մօտ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի նախաձեռնութեամբ եւ ընտրական համամասնական ընտրակարգի որդեգրման պահանջով հանրահաւաք մը, որուն միացան նաեւ “Ժառանգութիւն“ եւ “Նոր Ժամանակներ“ կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայ ազգային քոնկրէսը: Արդարեւ, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ընդդիմութեան` Հ.Յ.Դ.-ի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան հարիւր առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի անցնելու առաջարկին քննարկումը, հակառակ անոր որ Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ռաֆիք Պետրոսեան յայտնած է, որ այդ քննարկումները անիմաստ են, որովհետեւ երբ Հանրապետականը հարցի մը դէմ է, միեւնոյնն է, ոչինչ կը փոխուի:
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը քննարկումներուն ընթացքին պնդեց, որ ընտրակարգ փոխելով իշխանութիւնը քանի մը հարց կը լուծէ. կը նուազեցնէ իշխանութիւններուն վերարտադրութեան կարելիութիւնները, ընտրակեղծիքներուն թիւը, կարելիութիւն կ՛ունենայ գործնականին մէջ ապացուցելու բարձրաստիճան տարբեր պաշտօնեաներու պնդումները, թէ ինք ազատ ընտրութիւններ կատարելու քաղաքական կամքունի: Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ ներկայ ընտրակարգի պայմաններուն մէջ ոչ թէ խորհրդարանը կը ձեւաւորէ գործադիր իշխանութիւնը, այլ գործադիր իշխանութիւնը մեծամասնական ընտրակարգի միջոցով խորհրդարանը կը ձեւաւորէ:
Իր կարգին, Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը կը պնդէ պետութիւնը ամրապնդելու իր մօտեցումները: Ըստ պատգամաւորին, Հանրապետական կուսակցութիւնը ինք պէտք է կանգնէր Դաշնակցութեան եւ Ժառանգութեան կողքին եւ ջատագովը պէտք է ըլլար, որ մեծամասնական ընտրակարգը օր առաջ վերցուի:
Արծուիկ Մինասեան ողջունեց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան այն ներկայացուցիչները, որոնք յայտարարեցին, թէ կողմ պիտի քուէարկեն համամասնական ընտրակարգին:
Մինասեան կոչ ուղղեց անկախ պատգամաւորներուն միանալու այս նախաձեռնութեան եւ դիմեց Հանրապետական կուսակցութեան անդամ պատգամաւորներուն իրենց մէջ կամք եւ ուժ գտնելու ու կողմ քուէարկելու այս նախաձեռնութեան: Ան նոյնպէս դիմեց Օրինաց երկիր կուսակցութեան, որպէսզի նոյնպէս իր ծրագրային դրոյթներուն հաւատարիմ ըլլայ: Ան նաեւ կոչ ուղղեց մեծամասնական ընտրակարգով ընտրուած այն պատգամաւորներուն, որոնք դէմ են 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին, ընդհանրապէս դէմ քուէարկելու անոնց ընտրուելու կարելիութեան:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան եւս մասնակցեցաւ քննարկումներուն եւ նշեց, որ բոլոր ընտրակարգերն ալ լաւ են այլ երկիրներուն համար, ուր կայ ժողովրդավարութիւն, բայց ոչ Հայաստանի:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական ընտրութիւններ տեղի չեն ունենար` աւելցնելով, որ այս բոլոր վէճերուն հիմքը այն է, որ մեծամասնութիւնը կը ցանկայ պահել այն իրողութիւնը, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ընդդիմութիւնը դուրս կը մղուի խորհրդարանէն, իսկ իշխանութիւնը կը վերարտադրուի: Դաշնակցական գործիչը իշխանութիւն-ներուն յորդորեց օրինակ չբերել այլ երկիրներու փորձառութիւնը:
Ռուստամեան յայտարարեց, որ անկարելի է ժողովրդավարութիւն ըլլայ երկրի մը մէջ, ուր իշխանութիւնը, պետութիւնը եւ կուսակցութիւնը նոյնացած են:
Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Սամուէլ Բալասանեան, որ նոյնպէս մեծամասնական ընտրակարգով ընտրուած է, ընտրակարգը փոխելու հարցին գծով մտահոգութիւն յայտնեց: Ան յայտնեց, որ պատգամաւորը պէտք է նաեւ մարզերէն ըլլայ, իսկ 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի պարագային երեւանեան ցուցակ պիտի ըլլայ: “Բարգաւաճ Հայաստան“ կուսակցութեան ներկայացուցիչ Նայիրա Զոհրապեան յայտնեց, որ խմբակցութեան մէջ կան դէմ եւ թեր կարծիքներ, ուստի կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան առաջարկեց այս հարցին գծով ազատ քուէարկութիւն կատարել: Սակայն Զոհրապեան նաեւ առաջարկեց, որ եթէ ընտրակարգ պիտի չփոխեն, գոնէ զիջում կատարեն եւ մեծամասնականի աթոռները նուազեցնեն: