Գլխաւոր
Հ.Օ.Մ.-Ը ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԹԱՅՄԶ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ
Հաղորդագրութեամբ մը, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ թէ օգտուելով բացառիկ առիթէ մը եւ նկատի ունենալով Մ.Ա.Կ.-ի Կանանց Իրավիճակի 56-րդ Խորհրդաժողովի գումարումը, Նիւ Եորքի Թայմզ հրապարակի պաստառներէն մէկուն վրայ Հ.Օ.Մ.-ի ծանուցում մը տեղադրուած է: Երեսուն երկվայրկեան տեւողութեամբ ծանուցումը Փետրուար 18-էն մինչեւ Ապրիլ 18, 2012 ժամական մէկ անգամ պիտի ցուցադրուի Մանհաթընի 42-րդ փողոցի վրայ, 7-րդ եւ 8-րդ պողոտաներուն միջեւ գտնուող CBS ընկերութեան հսկայ պաստառին վրայ: Ծանուցումի ամբողջութիւնը կարելի է տեսնել այցելելով Հ.Օ.Մ.-ի կայքէջը (www.ars1910.org):