ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄ, ՈՐԴԵԳՐՈՒՄ ԵՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 30 Second

18-րդ դարաշրջանի աւարտին մտայղացուած, Ֆրանսայի նշանաբանը` “Ազատութիւն, Հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն“ կը յիշեցնեն վերոյիշեալ երեք բառերը` Քրէականացում, որդեգրում եւ վաւերացում:

Լամարթինի, Շաթօպրիանի եւ Ռուսոյի նման գրագէտներ, փիլիսոփաներ եւ հանճարներ կրցած են ստեղծել ժողովուրդէն ծնած, տարածուած ու ապա գրանցուած այդ հռչակաւոր նշանաբանը:

Յունուար 23, 2012-ին ալ խումբ մը ծերակուտականներ ի վերջոյ մտայղացումը ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան գծով, այդ իւրայատուկ նշանաբանի հետքերով կատարել ժխտումը քրէականացնող օրինագծի որդեգրումն ու վաւերացումը:

Որոշումի ետին կանգնող ներկայ օրերու թեր քուէարկած այդ 127 ծերակուտականները (ընդդէմ 86-ի) հանճարները, համեմատած երեք դարեր առաջ ապրած այդ հանճարներուն, այդչափ ալ հռչակաւոր անձնաւորութիւններ չեն:

Հաւանաբար, ապագան ցոյց կրնայ տալ թէ անոնցմէ քանի մը տիպարներ կրնան պատմութիւն կոչուած լայնատարած ու անծայրածիր ովկիանոսին մէջ անխախտելի գիծ մը…հետք մը կատարած ըլլալ:

Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, Դեկտեմբեր 2011-ի վերջին օրերուն երբ, նոյնիքն Ֆրանսայի Խորհրդարանը վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան քրէականացման այդ օրէնքը, բազմաթիւ դէտեր հաստատեցին թէ կատարուածը` խորամանկութիւն մըն էր նախագահ Սարքոզիի եւ իր ընտրական (յառաջիկայ նախագահական) մարմնին կողմէ եւ թէ քանի մը շաբաթ ետք, Ծերակոյտի հաւաքին, կրնար պատկերը փոխուիլ եւ այսպէս թէ՛ հայերը եւ թէ՛ թուրքերը երախտապարտ պիտի ըլլային, հրամցուած կարկանդակէն մասնիկ մը համտեսելով:

Սակայն… Չէ՜, այդպէս չպատահեցաւ եւ հարցը մանրամասնօրէն քննուեցաւ եւ քուէարկութիւնը ցոյց կու տայ թէ շօշափելի տարբերութեամբ բանաձեւը վաւերացուեցաւ: Ծերակուտականները… ձախ թէ աջ, ընկերվարական թէ պահպանողական, կենսոլորտի բարեկամ թէ բնութեան կենսական պահանջներուն հանդէպ անտարբեր ժողովականներ, հարցը քննեցին ամէնայն խորութեամբ եւ լրջութեամբ:

Անոնք ընդհանրացուցած էին Ցեղասպանութիւնը, որուն անդրանիկ փորձարկուողը եղած էինք մենք` հայորդիներս եւ ցայսօր, որովհետեւ արդարութեան ձայնը չէ հասած կը շարունակուի այլ ցամաքամասերու մէջ, այլ ազգութիւններ բնաջնջելով:

Ֆրանսացի ծերակուտականներու առանց բառերը ծամծմելու եւ ամենայն պաղարիւնութեամբ ու յամառութեամբ շեշտեցին թէ ո՛չ մէկ թշնամութիւն կը ցուցաբերուի Թուրքիոյ եւ թուրքերուն հանդէպ, այլ պարզ ու մէկին ահաւոր ու զարհուրելի դէպք մըն է որ պատահած էր 1915-ին եւ մնացած էր անպատիժ:

Ճերմակ մուխը կը ծխա՜յ…կը մնայ նախագահ Սարքոզիի պաշտօնական ստորագրութիւնը:

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ“

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles