ԱՆ­ԳԱ­ՐԱ­ՅԻ DEJA VU ՀԱ­ԿԱԶ­ԴԵ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 40 Second

Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին որ­դեգ­րած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէ­ա­կա­նաց­նող օրի­նա­գի­ծը, ար­դէն իսկ ան­ցած է անց­եալ տար­ուայ լու­րե­րու շար­քին: Տօ­նա­կան օրե­րու սե­մին առն­ուած այս ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին որո­շու­մը, իրթայ­մինկով եւ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րով իւ­րա­յա­տուկ էր, իսկ Ան­գա­րա­յի որ­դեգ­րած կեց­ուածքն ու հա­կազ­դե­ցու­թիւնըայդ դէպ­քէն ետք եւ այդ դէպ­քին պատ­ճա­ռով, սպա­սե­լի déjà vu մըֆրան­սա­ցի հան­րա­ծա­նօթ հո­գե­բան Էմիլ Պուա­րա­քի (1851-1917) այդ հո­գե­բա­նա­կաննա­խա­պէս տեսն­ուածզգա­ցումն ու ապ­րու­մը, որ կա­րե­լի է բա­ռին բուն իմաս­տով նկա­րագ­րել եւ ներ­կա­յաց­նել:

Այս déjà vu հա­կազ­դե­ցու­թեան ար­դիւնք է որ, Ան­գա­րա շու­տով տուն կան­չեց Փա­րի­զի մօտ իր դես­պա­նը եւ այս մէկ տե­ղե­կու­թիւնը ար­դէնհա­մեմ­ուածոճով մը ներ­կա­յաց­ուած էր թէ նախ­քան որոշ­ման որ­դեգ­րու­մը, ար­դէն իսկ դես­պա­նը ապա­հո­ված եւ սպաս­ման վի­ճա­կի մէջ դրած էր Փա­րիզԱն­գա­րա օդա­նա­ւի տոմ­սը:

Դես­պա­նին կող­քին, լոյ­սե­րու քա­ղա­քէն տուն կանչ­ուե­ցան նա­եւ դես­պա­նա­տան այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօն­եա­ներ եւ զի­նուո­րա­կան կցորդ­ներ:

Մի­ջանկ­եալ հե­տաքրք­րա­կան պի­տի ըլ­լար եթէ ամիս­ներ առաջ, Փա­րի­զի Թուրք­իոյ դես­պա­նա­տան հա­մար պաշ­տօ­նի հրա­ւիր­ուած հա­յոր­դի Տա­րօն Աճե­մօղ­լու ստանձ­նած ըլ­լար իր պար­տա­կա­նու­թիւնըԱն ահա­ւոր երկ­ծայր­եայ սու­րի կա­ցու­թեան մէջ գտնուած պի­տի ըլ­լար:

Շա­րու­նա­կե­լով Ան­գա­րա­յի déjà vu հա­կազ­դե­ցու­թիւնը, եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ  դադ­րեց­ուե­ցաւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը` գի­տա­կան, ար­հես­տա­գի­տա­կան, տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս: Նոյ­նիսկ ընդ­հատ­ուե­ցաւ հե­տա­խու­զա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու փո­խա­նա­կումն ու չեղ­եալ յայ­տա­րար­ուե­ցան նա­եւ, Ան­գա­րա­յի մէջ ֆրան­սա­ցի զի­նուո­րա­կան կցորդ­նե­րու հա­ւա­տար­մագ­րե­րը:

Թուրք­իոյ ջուրն ու օդն ալ ան­բաղ­ձա­լի եղան ֆրան­սա­ցի­նե­րուն հա­մար:

Հա­ւա­նա­բար չա­փա­զան­ցու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ, երե­ւա­կա­յե­լը թէ նոյ­նիսկ ար­գիլ­ուած պի­տի ըլ­լայ որե­ւէ հե­ռա­ձայ­նա­յին կապ` եր­կու եր­կիր­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն մի­ջեւնկա­տի ու­նե­նա­լով որ սոյն օրի­նագ­ծի որ­դեգր­ման օրե­րուն, Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ Նի­քո­լա Սար­քո­զին մեր­ժած է Թուրք­իոյ նա­խա­գահ Ապ­տիւլ­լա Կիւ­լին հետ հե­ռա­ձայ­նա­յին խօ­սակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ եւ նոյ­նիսկ պա­տաս­խա­նել, բազ­միցս անոր կա­տա­րած զան­գա­հա­րում­նե­րուն:

Այս déjà vu հա­կազ­դե­ցու­թեան ամե­նէն աւե­լի հե­տաքրք­րա­կա­նը այն էր, թէ Թուրք­իոյ նա­խա­գահ Կիւլ բա­ցա­յայ­տած էր որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէ­ա­կա­նաց­նող օրի­նա­գի­ծի որ­դեգ­րու­մէն ետք, Ֆրան­սա պէտք է դադ­րի Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին գծով, ԵԱՀԿի Մինս­քի խմբա­կի կազ­մին մէջ իր միջ­նոր­դու­թե­նէն: Այս ան­ցու­դար­ձե­րուն լոյ­սին տակ, ազե­րիթուրք գոր­ծակ­ցու­թեան նման բա­ցա­յայ­տում, կա­րե­լի չէ գո­հա­նալ քա­ղա­քա­կան սխալ մը` gaffe ան­ուա­նե­լովայլ աւե­լի տե­ղին է սեպել ցնցիչ` choquant­:

 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ


Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles