ՀԱՅՐԵՆԻ ԳՈՒՆԱԶԱՐԴ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Անգամ մը եւս ամանորեայ երկար արձակուրդ…հայրենի հողին վրայ: Նոր Տարուան տօնական օրերուն մայրաքաղաք Երեւանը ունեցաւ շքեղ տեսք մը, որուն համար իրենց նպաստը բերին յատուկ կազմակերպութիւններ:
Հանրապետութեան հրապարակի Մայր տօնածառի ձեւաւորման համար օգտագործուեցաւ վեց հազար ճիւղ: Տօնածառը ունի 31 մեթր բարձրութիւն եւ չորս հազարէ աւելի զարդ:
Հանրապետութեան հրապարակին ձեռնարկներ կատարուեցան Դեկտեմբեր 31-ին, եւ պիտի շարունակուին այսօր` Յունուար 6-ին եւ 13-ին: Հիւսիսային պողոտային վրայ կազմակերպուեցաւ տօնավաճառ, իսկ Ազգային պատկերասրահի շէնքին վրայ կատարուեցաւ արդի լսատեսողական ոճով, ժապաւէնի ցուցադրութիւն:
Միւս կողմէ, Հայաստանի գրեթէ բոլոր հանգստեան գօտիներուն մէջ, Նոր Տարուան գիշերը, պանդոկներն ու սրահները զբաղած էին, եւ նոյնիսկ բաւական բարձր գիներով: Ծաղկաձորի, Հանքաւանի, Ջերմուկի կամ Աղուերանի մէջ տօնական օրերուն մէկ շաբթուան հանգիստի համար, գիները 340 հազար դրամէն- մէկ միլիոն դրամի (ինը հարիւր տոլարէն շուրջ երկու հազար հինգ հարիւր տոլար) սահմաններուն միջեւ կը տարուբերին: