ԼՈՒՐԵՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ.- ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՄԵՐ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ՆԵՐՍ
Անսպասելի նորութիւն մը, անկասկած: Ո՛չ այնքան խանդավառութեամբ առաջնորդուեցանք Նիւ Եորքի )Մըրքին( համերգասրահը, Դեկտեմբեր 13ի երեկոյեան: Համերգը կազմակերպուած էր “Երիտասարդ համերգային տաղանդներ“ու շարքին եւ որպէս մասնակից հայ երաժիշտ` Նարեկ Յարութիւնեան, որ ամբողջ յայտագիր մը պիտի ներկայացնէր գլարինէթի վրայ: Մուտքին, քանի մը բարեկամներով արդէն, նախապէս, ձանձրոյթի մը նշաններ ցոյց կը տրուէին: Երկու ժամ լսել … գլարինէթ: 1961ին սկսած այս շարքին 51րդը պիտի ըլլար Յարութիւնեանի համերգը:
Այս շարքին կազմակերպիչները առաւելաբար այս քաղաքի հրեայ երաժշտասէրներն էին, մենք` հայ գնահատողներս հազիւ հարիւրի թիւ մը կը կազմէինք: Օրուան խօսնակուհին ալ` Սիւզըն Ուատսուըրթ, որ գեղարուեստական ղեկավարն է այս յայտագրին, արդէն յայտարարեց որ ի տարբերութիւն նախորդ երեկոներէն մեծ թիւ մը կը կազմեն երիտասարդ երաժիշտին հայրենակիցները: Ըսենք որ Նարեկի առաջին ելոյթը պիտի ըլլար այդ երեկոյ Նիւ Եորքի համար:
Դաշնակով կ՛ընկերակցէր Սթիվըն Պէքը բոլոր յայտագրի ընթացքին, բացի վերջընթերէն` Էտիսըն Տենիսովի “սոնաթէ“ն, որ Նարեկ նուագեց առանձինն:
Յայտագիրը սկսաւ ֆրանսացի ֆրանսիս Փուլենի (1899-1963) “Սոնաթա Օ’ուս 184“ով, բոլորովին անծանօթ գործով … որ կարծէք մեր կանխազգացումներուն պիտի տար իրաւունք: Սակայն երբ ընթացաւ յայտագիրը դարձեալ ֆրանսացի Ռան Ֆրանսէի (1912-1977) “Թեմա գոն վարիազոն“ով տարօրինակօրէն համերգը սկսաւ դառնալ հաղորդական: Զարմանալի է որ այդ մէկ գործիքով կարենար Նարեկը այդ սրահը երաժշտութեամբ լեցնել: Անհաւատալի էր: Գերմանացի Գարլ Մարիա վոն Ուեպըրի (1786-1826) “Կրան Տիւօ Գոնսերթան“ով արդէն հետաքրքրութիւնը աւելի կը սրէր եւ հանդիսատեսը կապուած կը պահէր արուեստագէտին ու իր հրամցուցած յայտագրին:
Յայտագրին երրորդ կտորով արդէն կը համոզուէինք որ լուրջ արուեստագէտի մը ներկայութիւնն էր որ կը վայելէինք այդ երեկոյ բեմահարթակին վրայ: Որքան պատրաստուած, նո՛յնքան տիրական ներկայութիւն մըն է ան բեմին վրայ: Ունի իր անհատականութիւնը … զարմանալիօրէն դասական յայտագրով գլարինէդթի երաժշտական գործիքով լրջութիւն մը ստեղծել, երբ ընդանրապէս սովոր ենք այդ գործիքը լսել ճազային աւելի թեթեւ ստեղծագործութիւններու մէջ: Դժուար հաւատալ, որ կարելի է զայն բերել ու տեղաւորել դասական երաժշտութեան մէջ որպէս սոլօ գործիք: Անշուշտ խօսքը կ՛երթայ մենահամերգի պարագային, քաջ գիտնալով որ սիմֆոնիկ նուագախումբի մէջ փողերային գործիքներու մէջ տիրական ոյժ մը կը ներկայացնեն գլարինէթները:
Դադարէ ետք Նարեկ հանդէս եկաւ Վիեննա ծնած (1926), հրեայ ազգութեամբ Ժոզէֆ Հորովիթցի “Սոնաթինա“ն, որ անշուշտ մեծապէս գնահատուեցաւ լայն հասարակութեան կողմէ: Ըսենք որ հեղինակին ստեղծագործական դաշտը եղած է Անգլիան: Ապա` առանց դաղնակի ընկերակցութեամբ ան նուագեց ռուս եաժիշտ Էտիսըն Տենիսովի (1929-1996) “Սոնաթա“ն, իսկ յայտագրին վերջին մասին` ամերիկացի Փոլ Շէօնֆիլտի, 1947ին Տիթրոյթ ծնած “Չորս յիշատակներ“ գործը:
Յոտնկայս ծափահարութիւններուն ընթացք տալովՆարեկ նուագեց “Չարտաշ“ը եւ այլ կտոր մը, որու ընթացքին գլարինէթը մաս առ մաս հատելով հասցուց իր աւարտին:
Աննախընթաց յայտագիր մը, գոնէ հայ հանդիսատեսին համար: Հրաշք ելոյթ մը անկասկած:
Բայց ո՞վ է Նարեկ Յարութիւնեան: 19 տարեկան գլարինէթիսթ, 2010ին շահած էր )Երիտասարդ Համերգային Տաղանդներ( մրցաղարքը: Նուագած է մայրաքաղաք Ուաշինկթըն Տի Սի դեսպանատան մէջ, Գերմանիոյ Ուզետոմ Երաժշտական Ֆեստիվալին: Նուագած է Ռուսաստանի, Չեխիոյ, Ճենոայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբերու մէջ: Սպիքավով իր գլարինէթը նուէր տուած էր մեր երիտասարդ երաժիշտին:
Ծնած է Կիւմրի, Հայաստան եւ երեք տարեկանին տեղափոխուած` Մոսկուա, ուր յաճախած է Պետական Երաժշտանոցը:
Դեռ ունի մեծ ճանապարհ կտրելու դէպի աւելի յաջող հորիզոններ:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ