Գլխաւոր

“ՀԱՅԱՍՏԱՆ“ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ 14-ՐԴ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԸ

Գոհաբանութեան տօնին առթիւ, “Հայաստան“ համահայկական հիմնադրամի 14-րդ դրամահաւաքը` թելեթոնը սկսաւ Հինգշաբթի Նոյեմբեր 24, 2011-ին:

Գեղարուեստական յայտագրով լեցուն, այս հաւաքի ընթացքին յայտարարուեցան տարուան ընթացքին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ իրականացուած դրամահաւաքի նախաձեռնութիւններու իբրեւ արդիւնք հանգանակուած գումարները:

Անոնք այս տարի պիտի ուղղուին Հայաստանի սահմանամերձ եւ Արցախի ջրամատակարարման մարզի բարեկարգման ծրագիրներուն:

Նշենք թէ ռուսաբնակ հայ գործարարներու մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ, տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ մը, Դեկտեմբերի կէսերուն:

Այս ձեռնարկը սփռուեցաւ Լոս Անճելըսէն եւ կարելի եղաւ զայն դիտել արբանեակային եւ համացանցային կապով: Իսկ Հայաստանի մէջ թելեթոնը սփռուեցաւ “Հ1“, “Արմենիա“, “Շանթ“ եւ “Երկիր Մետիա“ կայաններէն:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button