ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ.- ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 96-ՐԴ ԵՒ ԱՅՆՃԱՐ ԱՒԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 72-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 11 Second
Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, Շանթ սարկ. Գազանճեանի օգնութեամբ, կ’օրհնէ հերիսան

ՆԻՒ ԵՈՐՔ. – Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հա­մազ­գա­յին Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան Նիւ Եորք մաս­նա­ճիւ­ղին, Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բեր 30ին, Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ Փա­շալ­եան սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն մը, ցո­լա­պատ­կեր­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` նուիր­ուած Մու­սա Լե­րան Հե­րո­սա­մար­տի եւ Այն­ճար Աւա­նի Հիմ­նադ­րու­թեան զոյգ տա­րե­դարձ­նե­րուն: Այս առ­թիւ, Թո­րոն­թո­յէն յատ­կա­պէս հրա­ւիր­ուած էր ճար­տա­րա­գէտ-շի­նա­րար, գոր­ծա­րար, քան­դա­կա­գործ, ազ­գա­յին գոր­ծիչ, բնիկ Այն­ճար­ցի Յա­կոբ Ճան­պազ­եան, որ բազ­միցս ելոյթ ու­նե­ցած է այս նիւ­թի մա­սին, թէ Սփիւռ­քի եւ թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Դասախօս Յակոբ Ճանպազեան (կեդրոն) Համազգայինի Նիւ Եորք մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն հետ. (ձախէն աջ) Զաւէն Վարդանեան, Ռիթա Կիրակոսեան, Արիս Սեւակ, Աւետիս Հաճեան, Արեւիկ Գաբրիէլեան, Արմինէ Մինասեան

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ մաս­նա­ճիւ­ղիս երի­տա­սարդ եւ եռան­դուն ատե­նա­պե­տը` Աւե­տիս Հաճ­եան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց 50էն աւե­լի ներ­կա­նե­րուն: Ապա բեմ բարձ­րա­ցաւ փոխ ատե­նա­պետ` Արիս Սե­ւակ, որ շեշ­տե­լով Մու­սա Լե­րան հե­րո­սա­մար­տի մեծ նշա­նա­կու­թիւնը ոչ միայն հա­յե­րուս, այլ նա­եւ ընդ­հա­նուր մարդ­կու­թեան հա­մար, յի­շեց այն պատ­ճառ­նե­րը թէ ին­չու պէտք եղած ու­շադ­րու­թեան եւ ճա­նաչ­ման ցարդ չէ ար­ժա­նա­ցած եզա­կի այս պատ­մա­կան դէպ­քը: Հիւր ատե­նա­խօ­սին հա­կիրճ կեն­սագ­րա­կա­նը կար­դա­լէ ետք, զինք բեմ հրա­ւի­րեց:

Պա­րոն Յա­կոբ Ճան­պազ­եան, դա­սա­խօ­սու­թեան մը ար­տօն­ուած սահ­ման­նե­րուն մէջ, սպա­ռիչ կեր­պով վեր հա­նեց Մու­սա Լե­րան հե­րո­սա­մար­տի տուն տուող պա­րա­գա­ներն ու յա­ջոր­դող դիպ­ուա­ծա­շա­րը – յաղ­թա­նա­կող ժո­ղո­վուր­դին ապա­հով տե­ղա­փո­խու­մը Փորթ Սա­յիտ Ֆրան­սա­կան նա­ւե­րով, իրենց չորս տար­ուայ կե­ցու­թիւնը հոն, վե­րա­դար­ձը դէ­պի Մու­սա Լեռ, պար­պու­մը Սան­ճա­գի` Թուր­քե­րուն յան­ձու­մէն իբր հե­տե­ւանք, եւ տե­ղա­փո­խու­թիւնը Լի­բա­նան եւ նոր բնա­կա­վայ­րի` Այն­ճա­րի կա­ռու­ցու­մը եւ զար­գա­ցու­մը:

Դա­սա­խօ­սու­թեան աւար­տին` ատե­նա­պետ Աւե­տիս Հաճ­եան ամ­փո­փեց Մու­սա Տա­ղի յի­շա­տակ­ման օր­ուայ խոր­հուր­դը: Յե­տոյ,Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Մես­րոպ քհնյ. Լա­գիս­եան, Շանթ սարկ. Գա­զանճ­եա­նի օգ­նու­թեամբ, օրհ­նեց Մու­սա Լե­րան ժո­ղո­վուր­դին աւան­դա­կան հե­րի­սան, զոր պատրաստուած էր Տի­կին Աստ­ղիկ Սե­ւա­կի եւ Տի­կին Արե­ւիկ Գաբրի­էլ­եա­նի կող­մէ: Ներ­կա­նե­րը ոչ միայն վա­յե­լե­ցին հա­մա­դամ հե­րի­սան այլ այն ջերմ մթնո­լոր­տը, որ առա­ջա­ցաւ յար­գե­լի դա­սա­խօ­սին ոգե­շունչ ելոյ­թէն:

 

Ներ­կայ մը

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles