Փորձենք քայլ պահել Գրիգոր Սաթամեանի հետ եւ իր իւրայատուկ ոճով մրոտել այս քանի մը տողերը:
Սաթամեանի մտածելակերպով, հաւանաբար տանտիկինը այս գրութիւնը կարդալու ժամանակ, նաեւ դասաւորէ օրուան լուացքը, միեւնոյն ժամանակ նաեւ զրուցէ դրացիին հետ եւ դեռ ալ “ռի՜նկ“…հասնի հեռաձայնին:
Մինչդեռ տանտիրոջ համար, նոյնիսկ բարձր ձայնով խօսակցութիւն մը, կամ նորածինի մը զիլ ձայնը, կը խանգարէ իր կեդրոնացումն ու կարդալու մարմաջը:
Հաւանաբար վերոյիշեալ քանի մը նախադասութիւնները անհասկնալի թուին, այն հայորդիին համար, որ բնաւ ներկայ չէ եղած հանրածանօթ դերասանի մենախօսութիւններուն:
Արդարեւ, Սեպտեմբեր 30, 2011-ին, կազմակերպութեամբ Պոսթընի “Թէքէեան“ միութեան, Ուաթըրթաունի երկրորդական վարժարանի սրահէն ներս, ելոյթ ունեցաւ Գրիգոր Սաթամեան, նիւթ ունենալով “Մենք Ասանկ Ենք“ը:
Գրեթէ երկու ժամ, ան իր վրայ կեդրոնացուց, բոլորին ուշադրութիւնը:
Ընդհանրապէս, երկու մասի կարելի է բաժնել Սաթամեանի պատմուածքները` առաջին.- իր երեւակայակած աշխարհն ու միջավայրը եւ երկրորդ` իր անցեալի յուշերէն պատառիկներ:
Հանդիսատեսին կը մնայ, որոշել թէ որ մէկը աւելի հաճելի եւ հետաքրքրական կը թուի:
Կախում ունի հանդիսատեսի մօտեցումէն եւ ընկալումէն: Հաւանաբար, յուշերը մտիկ ընելը շատ աւելի դիւրին կը թուի, յատկապէս իր դերասանական առաջին քայլերը, երբ ան շարունակ թեքնիք դժուարութիւններու կը հանդիպի իր դպրոցական եւ փորձառական թատերախումբին հետ, կամ Արժանթինահայի իւրայատուկ առոգանութեամբ, երբ ան (պահելով տեղական գոյնը` Կրեկօրիօ, փոխան Գրիգորի) կը պատմէ իր թանկօ պարելու փորձառութիւնը, տեղացի արհեստավարժ օրիորդի մը հետ:
Իսկ Սաթամեանի երեւակայական աշխարհը, իսկապէս “ԳիտաՍաթամեանական“ բնոյթ ունի: Ան մեծ հետաքրքրութեամբ կը ներկայացնէ առական եւ իգական ուղեղը, իր ենթաբաժանումներով, իր կողմէ յօրինուած “տուփիկ“ներով, ուր որքա՜ն ծիծաղ կարելի է ամբարել:
Նաեւ տիպար հայ զոյգի մը ապրելաձեւը, իր առանձնայատկութիւններով:
Աւելի չշարունակենք, թէ ոչ Սաթամեանի բոլոր պատմած սրամտութիւնները կրկնած կ՛ըլլանք:
Ներկայ մը