Հոկտեմբեր 7, 2011, Ուրբաթ օր, երեկոյեան Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ “Փինաճեան“ երիտասարդական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը հայրենի մտաւորական Արա Պապեանի վերջին գիրքի հրատարակութեան, որ նուիրուած է, այսպէս կոչուած ժողովրդային կերպով` “Ուիլսընեան սահմաններ“ուն:
Հանդէսը նախաձեռնուած էր շրջանի կազմակերպութիւններու` Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի Յանձնախումբի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, “Վարդանանց Ասպետներ“ու եւ Համազգայինի կողմէ: “Իրաւարարութեան Ներկայացումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի“ խորագիրը կրող հատորը, փաստացի տուեալներով, քարտէսներով, փաստարկութիւններով լեցուն եւ Հայ Դատին օգտակար եղող հրատարակութիւն մըն է անկասկած:
Կազմակերպիչ միութիւններու անունով խօսք առաւ պարոն Արա Արազ եւ հրաւիրեց “Վարդանանց Ասպետներ“ու աւագ սպարապետ Դոկտ. Տէնիս Փափազեան, որ իր կարգին ռուսական պատմագիտութեան մասնագէտ է, ներկայացնելու օրուան դասախօսը: Նշենք նաեւ որ պարոն Պապեան շրջան մը եղած էր Հ.Հ. լիազօր դեսպանը Օթթաուայի (Գանատա) մօտ:
Գիրքը կը պարբակէ ամբողջական տեղեկագիրը Իրարաւարական Յանձնախումբին, որ քննած էր Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանային գծումին, Նոյեմբեր 22, 1920-ին, երբ հայասէր նախագահ Ուիլսըն ստորագրեց այդ սահմանային ներկայացումը: Բայց եւ այնպէս այդ կարեւոր վաւերագրութիւնը երկար ատեն մնաց գաղտնի դարակներու մէջ, անշուշտ նկատի ունենալով Ամերիկայի սերտ զինուորական գործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ:
Պարոն Պապեանի հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ անոնք ամփոփուեցան 320 էջերէ կազմուած այս հատորին մէջ, որուն հրատարակութիւնը կատարեց “Մոտիւս Վիվենտի“ Կեդրոնը եւ մեկենասութիւնը՛ ամերիկահայ ազգայիններէն Հրաչ Գաբրիէլեանը, գիրքը ձօնելով Զօր. Անդրանիկին: Հայերէն թարգմանական աշխատանքին լծուած է հեղինակը եւ յոյսով է որ մինչեւ երկու տարի այդ լոյս կը տեսնէ, Հայաստաբնակ հասարակութեան հասնելու նպատակով:
Ի վերջոյ, ի յայտ բերուած այս փաստարկութիւնը, անպայմանօրէն յանձնուելու է միջազգային գերագոյն դատարանները, օգտակար ըլլալու հայանպաստ մեր իրաւունքներու հետապնդման գործընթացին:
Պարոն Բաբեան նաեւ անդրադարձաւ ժամանակաշրջանին եւ անոր յաջորդող ամիսներու Հայաստանի Հանրապետութեան ճակատագրին, Հայկական Հանրապետութեան (Խորհրդային) ծնունդին եւ Աղեքսանդրապոլի, Պաթումի եւ Մոսկուայի տխուր դաշնագիրներու եւ Սեւրի դաշնագրին մասին: Սակայն, տրամաբանական էր որ ատոնց մասին պէ՛տք չկար աւելի խորը թափանցել, ներկաներու ոմանց զգայնութեան հարցը նկատի ունենալով:
Հատորին աւարտին ընդ-գրկուած են մանրամասնեալ սահմանային քարտէսները, որոնք ցոյց կու տան որ Ամերիկեան պետութենէն բխած յանձնախումբը իրապէս որ խորապէս ուսումնասիրած է իրեն յանձնուած աշխատանքը:
Տեղի ունեցան հարց պատասխանի բաժին, որմէ ետք, հեղինակը ստորագրեց իր գիրքերը: Աւելի լայն առիթ ստեղծուեցաւ հիւրասիրութեան ընթացքին մօտիկէն շփուիլ հեղինակին հետ:
Յ.Վ.