ԿիզակէտՅօդուածներ
Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ ԺԵ. Թուրքիոյ Մղձաւանջը, Հոգեսարսափը՝ Սեւրի Դաշնագիրն Է, Կամ՝ Sevres Syndrome-ը՝ Սեւրի Համախտանիշը, Որ 104 Տարի Է Կը Հալածէ Թուրքիան. Գող՝ Սիրտը Դող – 1
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Շար. 15/16
haroutchekijian.wordpress.com
Այս մասով կարճ դադար մը պիտի առնենք Հարպորտի տեղեկագիրէն, անդրադառնալու համար Թուրքիոյ կատարած ցեղասպանութեան յանցանքը ներքնապէս չմոռցած ու զինք հալածող հոգեսարսափին: Այս յօդուածաշարքին մէջ յաճախ նշուած է. «Հարպորտի տեղեկագիրը, որմէ կը սարսափի թուրքը», կամ՝ «Թուրքիան կը սարսափի Սեւրի դաշնագիրէն», կամ՝ «Ինչո՞ւ թուրքը կը սարսափի Հարպորտէն», այս բոլորը՝ հիմնաւորուած երեւոյթի մը դրսեւորումն է, որուն արդէն անուն ալ տրուած է եւ կը կոչուի «Սեւրի համախտանիշ»՝ Sevres syndrome: Նոյնիսկ Ուիքիփետիայի մէջ 6 լեզուներով այս մասին յատուկ էջեր ալ կան, նաեւ՝ գիրքեր եւ տասնեակներով յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ, որոնցմէ քանի մը հատին մասին պիտի անդրադառնամ ստորեւ՝ եւ յաջորդիւ:
Թէ ի՞նչ է Սեւրի համախտանիշը (հոգեսարսափ՝ syndrome, paranoia, phobia), սկսինք Ուիքիփետիայի անգլերէն բաժինի բնորոշումէն (1). «Դանիացի քաղաքագէտ Տիթրիխ Եունկ կը նկարագրէ եզրը իբրեւ «թշնամիներու կողմէ շրջափակուած ըլլալու զգացում՝ ըմբռնում, որոնք կը փորձեն ոչնչացնել թուրք պետութիւնը», պնդելով, որ այդ կը մնայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր որոշիչը։ Այս եզրը օգտագործուած է Թուրքիոյ մէջ քրտական հակամարտութեան, Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ընթացքին։ Պատմաբան Նիք Տանֆորթը 2015-ին գրած է, որ «Հիմնականին մէջ Սեւրը Արեւմուտքին կողմէ մոռցուած է, սակայն ունի հզօր ժառանգութիւն Թուրքիոյ մէջ (գող՝ սիրտը դող*), որ պատճառած է ազգայնական մտախտի՝ paranoia յառաջացումին, որ որոշ գիտնականներ անուանած են «Սեւրի համախտանիշ»»:

Պէտք է նշել, որ Ուիքիփետիայի այս էջին հայերէնը անգլերէնէն շատ աւելի խեղճ ու թերի է, փոխանակ աւելի ընդարձակ ըլլալու, Ուիլսընի չգործադրուած, սակայն օրէնքի վերածուած եւ ցարդ ի զօրու վճիռն ու քարտէսը նշելու, բայց՝ ոչի՛նչ: Երբե՛ք չհամապատասխաներ անգլերէն էջին, որ համեմատաբար աւելի՛ մօտ է իրականութեան: Այլ խօսքով, այնտեղ պէտք է նշուէր բուն պատճառը, որ Սեւրի որոշած Հայաստանի քարտէսը տակաւին ի զօրու է եւ գործադրելի, անկէ է որ կը սարսափի թուրքը: Հակառակ անոր, որ Թուրքիան արտաքնապէս կ՚ուրանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն թուրքին ենթագիտակիցին մէջ խորացած է իրենց հայրերուն կատարած այդ յանցագործութիւնը եւ հայերուն կալուածներուն բռնագրաւումը, եւ անոնց ունեցուածքին տիրանալը, որուն համար անպայմա՛ն, օր մը, թէ՛ հողով եւ թէ՛ ալ նիւթականով հատուցում պիտի կատարեն: Ահա ա՛յս է թուրքին Սեւրի հոգեսարսափը, գող՝ սիրտը դող:
Սեւրի հոգեսարսափը կրնայ ըլլա՛լ, որ քրտական հարցին ալ կը վերաբերի, սակայն Սեւրի դաշնագիրին երրորդ գլուխին, Քիւրտիստանի վերաբերեալ յօդուածը թէական է, Հայաստանի նման յստակ ու որոշուած չէ, այլ ամփոփ կերպով կ՛ըսէ, որ ատիկա` «Հայաստանի հարաւային սահմանէն դէպի հարաւ պէտք է ըլլայ, ե՛րբ որ (եթէ*) ինքնավարութիւն շնորհուի անոր»:
Շարունակենք ժամանակագրական կարգով, նորագոյն յօդուածէն, որ համացանցէն գտայ. «Մնայուն կասկածներ. Սեւրի դաշնագիրէն մինչեւ Թուրքիոյ արձագանքը Կազայի պատերազմին. Ինչպէ՞ս 100 տարի առաջուայ անձնատուութեան դաշնագիրը կ՚ազդէ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններուն վրայ», այս է խորագիրը Թել Աւիւ համալսարանի «Ազգային ապահովութեան հետազօտութիւններու հիմնարկ»-ին, 15 Փետրուար 2024-ի վերլուծական երկար յօդուածին, հեղինակութեամբ՝ դոկտ. Ռէմի Տանիէլին եւ Կալիա Լինտընշթրաուսին Rémi Daniel, Gallia Lindenstrauss (2): Ստորեւ հատուածներ կը թարգմանեմ, միշտ նկատի առնելով Իսրայէլի յայտնի հակահայ եւ թրքանպաստ դիրքորոշումը, որ արդէն իրենք կը խոստովանին, եւ կարգ մը ճշդումներ՝ (#) նշանը օգտագործելով.
«1920-ին Օսմանեան կայսրութեան եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի յաղթական դաշնակիցներուն միջեւ ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը թրքական հասարակական գիտակցութեան մէջ կ՚ընկալուի իբրեւ խոր նուաստացում, որ մնայուն ազդեցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ։
«Թէեւ «Սեւրի ամօթը» վերացաւ 1923-ի Լոզանի դաշնագիրէն ետք, որ փոխեց եւ փոխարինեց Սեւրի դաշնագիրը(#), Թուրքիան տակաւին կը տառապի «Սեւրի համախտանիշ»-էն, որ կը վերաբերի օտար ուժերու մտադրութիւնէն՝ իրեն վնաս հասցնելու թրքական վախին՝ այլ բաներու կողքին, երկրին ներսի եւ շրջանին հատուածները (քիւրտերը*) շահագործելով:
«Սեւրի համախտանիշին արմատները
«Օսմանեան կայսրութեան եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի յաղթական դաշնակիցներուն միջեւ 1920-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը թուրքերուն վրայ խիստ հարուած մըն էր։ Թէեւ Թուրքիոյ ազգային շարժումը կրցաւ յետսկոչել (#) զայն ստորագրելէն երեք տարի ետք, գետնի վրայ տարած յաղթանակներուն եւ նոր համաձայնագիրի մը ստորագրումին միջոցով, Սեւրի դաշնագիրի բացասական ազդեցութիւնը թուրք մտածելակերպին վրայ ամբողջ 20-րդ դարուն եւ մինչեւ օրս նշանակալից է: Սեւրի համախտանիշը ունի բազմաթիւ հետեւանքներ, Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան, Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ վերաբերմունքին մէջ:
(# ) Այստեղ կը սխալին հեղինակները: Միջազգային դաշնագիրները ՉԵՆ ՓՈԽԱՐԻՆՈՒԻՐ, կամ՝ ՅԵՏՍ ԿՈՉՈՒԻԼ: Լոզանի դաշնագիրը բացարձակապէս կապ չունի Սեւրի դաշնագիրին հետ, անոր մէջ մէկ առ մէկ նշուած է դրացիներուն՝ Յունաստանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ նոր սահմանը, սակայն նշուած չէ՛ Թուրքիոյ արեւելեան՝ Հայաստանի հետ սահմանը, քանի որ Ուիլսըն ճշդած էր այդ սահմանը, եւ մանաւա՛նդ ստորագրող երկիրները նոյները չէին, Սեւրը՝ 14 երկիր, Լոզանը՝ 8: Որեւէ խումբ մը երկիրներ չեն կրնար այլ խումբ մը երկիրներուն դաշնագիրը փոխել: Այդպէս կարծելը ուղղակի տգիտութիւն է: Իսկ հեգնօրէն, նոյնինքը՝ Սեւրի դաշնագիրը ի զօրու ըլլալո՛ւն պատճառով է, որ իրենք գրած են այս յօդուածը: Այս ծաւալուն յօդուածին մէջ խուսաբած են բուն պատճառին մասին խօսիլ, որ ցարդ չգործադրուած Ուիլսընի վճիռով Հայաստանն է:
«Սեւրի դաշնագիրին տանող հիմնական գործօններէն մէկը, 1914-ին՝ օսմանցիներուն կողմէ Գերմանիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարիոյ կողքին կռուելու որոշումն էր: Ա. Պատերազմին ընթացքին օսմանեան բանակը յաջողութեամբ դիմադրեց Տարտանէլի բրիտանական եւ ֆրանսական ուժերուն՝ միաժամանակ օգտագործելով Կովկասի մէջ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան զարգացումները: Սակայն միւս ճակատներուն ան ծանր պարտութիւններ կրեց, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, որ կայսրութեան ռազմական եւ քաղաքական դրութեան փլուզման պատճառ դարձաւ։ Կայսրութեան ներկայացուցիչներուն եւ յաղթական պետութիւններուն միջեւ կնքուած 1918-ի զինադադարի դաշնագիրը ձեւաւորեց այս իրավիճակը՝ իբրեւ պարտուած կողմ, դաշինք կնքելու կայսրութեան ընտրութեան հետեւանքները: Որոնց շարքին պայմաններ ստեղծեց անգլիացիներուն, ֆրանսացիներուն եւ յոյներուն (նաեւ իտալացիներուն*), Օսմանեան կայսրութեան որոշ մասեր գրաւելու համար։
«…Սեւրի համախտանիշը ազդած է հայկական ահաբեկչութեան Թուրքիոյ արձագանքին վրայ, որ աւելի կարեւոր է, քրտական ահաբեկչութեան նկատմամբ արեւմտեան դիրքորոշումէն: 1970-ականներու վերջին եւ 1980-ականներու սկիզբի հայկական ահաբեկչական (ազատագրական*) կազմակերպութիւնները հարուածներ հասցուցին թրքական թիրախներուն եւ նոյնիսկ թուրք դիւանագէտներուն, ամբողջ աշխարհի մէջ՝ Անգարայէն (եւ աշխարհէն*) պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը նաեւ, իբրեւ վրէժխնդրութիւն: Նշուած յարձակումներուն հետ մէկտեղ արեւմտեան տարբեր կառավարութիւններ որոշեցին ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այս զուգադիպութիւնը թուրք քաղաքական շատ մը դերակատարներուն համար ապացուցեց ահաբեկչական շարժումներուն եւ օտար կառավարութիւններուն միջեւ անմիջական կապը, որոնք ուղղուած են թուրք պետութեան օրինականութիւնը ականահարելու:
«…Մերձաւոր Արեւելքի մէջ անոր դիրքին, Միացեալ Նահանգներու հետ անոր ամուր կապերուն, ինչպէս նաեւ հրեաներուն «գաղտնի ազդեցութեան» շուրջ դաւադրութեան տեսութիւնները, պատճառած են Թուրքիոյ մէջ «Սեւրի համախտանիշ»-ով Իսրայէլի պետութեան հետ վերաբերիլ: Ուստի Երուսաղէմի համար ռազմավարական մարտահրաւէր էր խուսափիլ առաջնորդներու այն խումբին մէջ գտնուիլ, որուն ուղղուած է թրքական հոգեսարսափը։ Թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու պատմութեան ընթացքին Իսրայէլը փորձած է ինքզինք ներկայացնել իբրեւ Թուրքիոյ հանդէպ տարածաշրջանի ամենէն աւելի բարեկամ երկիրը՝ ատով իսկ օգտագործելով «Սեւրի համախտանիշը» յօգուտ իրեն։
«Այսպիսով, Իսրայէլը օգնեց թուրքերուն շահերը առաջ մղելու Կիպրոսի մէջ 1960-ականներուն՝ յոյն-արաբական դաշինքին դէմ եւ արեւմուտքին անտարբեր կեցուածքին: 1970-ական եւ 1980-ական տարիներուն իսրայէլեան դիւանագիտութիւնը Ուաշինկթընի մէջ միջամտեց ի շահ Թուրքիոյ՝ համոզելու Քոնկրէսը մեղմելու Անգարայի դէմ զէնքի արգելքը, ինչպէս նաեւ կանխելու Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: 1990-ական տարիներու թրքական առանձնութիւնը հետագային ծառայեց իբրեւ հնարաւորութիւններու պատուհան Իսրայէլի համար:


«Մինչ Անգարան ինքզինք շրջապատուած կը տեսնէր թշնամական դերակատարներով, յատկապէս քրտական հարցին մէջ, եւ մասամբ զրկուած էր Արեւմուտքի աջակցութենէն՝ թրքական օդուժը որակաւորելու Միացեալ Նահանգներու մերժումին պատճառով, Երուսաղէմը առաջարկեց իր օգնութիւնը այս երկու հարցերուն՝ ստեղծելով ենթակառոյցներ, որ լաւագոյն տասնամեակը դարձաւ երկու երկրներու յարաբերութիւններուն:
«…Արեւմուտքին, կամ Իսրայէլի կարողութիւնը իրեն վնասելու թրքական կասկածները ամբողջութեամբ կարելի չէ հերքել, սակայն պատահած են արեւմտեան գործողութիւններ, որոնք բաւարար կշիռ չեն տուած թրքական կարիքներուն, հետեւաբար սրած են Արեւմուտքի դէմ եւ, յատկապէս՝ Ամերիկայի դէմ տրամադրութիւնները Թուրքիոյ մէջ։ Հաւանական լուծումը թերեւս Թուրքիոյ շահերուն գիտակցիլն է, նոյնիսկ, եթէ ի վերջոյ անոր դէմ որոշում պիտի առնուի»: Այս անորոշ ու հակասական միտքով է, որ կ՚եզրակացնեն յօդուածը:
«Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնուին ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային մաքրագործումին վրայ». Իսրայէլեան Հաարեց օրաթերթի 27 սեպտեմբեր 2023-ի խմբագրականը՝ խոստովանութիւնը արդէն ցոյց կու տայ վերեւ նշուած Իսրայէլի հակահայ դիրքորոշումը (3), (4), (5), (6): Տեսնել նաեւ ֆրանս-գերմանական հեռատեսիլի Արթէ կայանի տեսերիզը Սեւրի համախտանիշին մասին (7):
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին
1. https://en.wikipedia.org/wiki/S%C3%A8vres_syndrome
2. https://www.inss.org.il/publication/sevres-gaza/
3. https://www.aztagdaily.com/archives/594474
4. https://archive.ph/86yNz#selection-759.0-763.19
5. https://www.aztagdaily.com/archives/477808
6. https://hairenikweekly.com/?p=57824
7. https://www.youtube.com/watch?v=hu4fvXNyGJg տեսանիւթ