Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Լուսանկարներ` Aram O
Հոկտեմբեր 15, 2011-ին, Պոսթընի շքեղ “Սիփորթ“ պանդոկին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը, աւելի քան երկու հարիւր բազմութեան մը ներկայութեամբ:
Ներկաներ համախմբուած էին այս ձեռնարկին, որուն ընթացքին ʼʼԱզատութեան Շքանշանʼʼով պարգեւատրուեցաւ հայասէր ծերակուտական եւ տարիներ շարունակ Հայ Դատին ի նպաստ ծառայած ծերակուտական Պոպ Տոլ (անհանգստութեան պատճառով` բացակայ):
Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան նաեւ Հայ Դատի աշխատանքներուն երկար տարիներ շարունակ ծառայած` Ռութ Թովմասեան (“Փրոճէքթ Սէյվ“- Ուաթըրթաուն) եւ Ստեփան Տիւլկարեան (Լօուըլ), որոնք ստացան ʼʼՎահան Քարտաշեան շքանշանʼʼը:
Ներկայ էին Արեւելեան Ա.Մ.Ն. շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան, Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպէրթ Աւետիսեան, Մասաչուսէցի կառավարիչ Փիթըր Գութուճեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Քէն Խաչիկեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի մօտ շրջանի ներկայացուցիչ` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Արժ. Աւագ Քհնյ. Անդրանիկ Պալճեան, Տէր Պետրոս Շիթիլեան եւ Տէր Գարեգին Պետուրեան:
Տիկին Ռիթա Պեճաքեան բացուած յայտարարեց օրուան ձեռնարկը: Ապա Թամար Քանարեան մեներգեց Ա.Մ.Ն.-ի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք Աւագ Քհնյ. Անդրանիկ Պալճեան կատարեց տերունական աղօթք եւ հրաւիրեց ներկաները` ընթրելու:
Ապա խօսքը տրուեցաւ օրուան հանդիսավար Ճոշ Թէվէքելեանին, որ անձնական փորձառութենէն յուշեր պատմելով, կոչ ուղղեց բոլորին ամէն գնով մուտք գործելու հայկական հիմնարկներէ ներս եւ ծառայելու հայրենիքին համար: Ան իր մանկութենէն յուշեր դրուատելով, յայտնեց թէ կառչած կը մնայ Հայ Դատի սուրբ աշխատանքներուն:
Հ.Յ.Դ. Արեւել. Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով խօսք առաւ Ճորճ Աղճայեան, որ յայտնեց թէ Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերու ծաւալուն ու անխոնջ պայքարը, նշանակալի հանգրուան մը բոլորած է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի համար: ՛՛Բոլորս միասնաբար պիտի գործակցինք ու աջակցինք նպաստելու համար Հայ Դատի աշխատանքներուն: Աշխատանքային բնագաւառը լեցուն է մարտահրաւէրներով, որոնց դէմ կարելի է պայքար մղել, նիւթական եւ բարոյական ներդրումներ կատարելով՛՛:
Ապա, խօսք առաւ Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպէրթ Աւետիսեան, որ խօսք առաւ երկու լեզուներով եւ ամփոփ ձեւով ներկայացուց ներկայ իրավիճակը: ʼʼԱնցած քսան տարիների ընթացքում մենք ամէն տարի արձանագրել ենք նոր նուաճումներ, որոնք առաջին հերթին ձեռք են բերուել մեր սուրբ նահատակների արեան եւ կեանքի գնով: Այս երկու տասնեակ տարիների ընթացքում, մենք ունեցել ենք բազում փորձութիւններ, զրկանքներ եւ կորուստներ, բայց դրա հետ մէկտեղ, ունեցել ենք նաեւ նուաճումներ: Պէտք է հասկանանք, որ հակառակորդների միջեւ քննարկւում են փոխզիջումային տարբերակներ: Իսկ փոխզիջում` նշանակում է, որ առաջարկուողը չի կարող հարիւր տոկոսով ձեռնտու լինել մեզ կամ Ատրպէյճանին: Սա գործընթաց է, եւ մենք ունենք բոլոր հնարաւորութիւնները հասնելու մեր նպատակներին: Ես վստահ եմ, որ մենք ի վիճակի ենք դա անել, դրա համար կան բոլոր առարկայական եւ ենթակայական հիմքերը: Այս տարիների ընթացքում մենք ունեցել ենք ե՛ւ դժուար, ե՛ւ համեմատաբար հեշտ ժամանակներ, բայց ընդհանուր առմամբ, մենք ճիշդ ճանապարհի վրայ ենք եւ մարտավարական որոշ փոփոխութիւններ չի նշանակում ռազմավարական ճանապարհից շեղում:
Այսօր արդէն քսան տարեկան արցախցին կանգնած է հայրենի երկրի պաշտպանութեան դիրքերում, եւ այս օրուայ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած հաւաքին, ես ուզում եմ շնորհաւորել նաեւ ողջ հայ ժողովրդին, որովհետեւ հայ ժողովրդի մասնակցութիւնն է մեզ բոլորիս նուիրել այս անկախութիւնը, որը բացայայտել է մեզ համար գերագոյն իմաստը` չկայ հայրենիքից բարձր արժէք: Արցախի ժողովուրդը դա քաջ գիտակցում է: Նաեւ մենք իրաւունք չունենք մոռանալ զոհերին, դժուարութիւնները, որոնցմով անցել ենք: Մեզանից իւրաքանչիւրը պէտք է պատրաստ լինի նոր դժուարութիւնների եւ վստահ եմ, որ մենք ի վիճակի ենք յաղթահարել ցանկացած դժուարութիւն, եթէ ունենք նպատակ եւ կամք: Մեր ժողովուրդը բազմիցս ապացուցել է, որ մենք ունենք կամք եւ ի վիճակի ենք ծանր պայմաններում դրսեւորել լաւագոյն յատկութիւնները, որ ունի հայ ժողովուրդը՛՛, ըսաւ ան վստահութիւն յայտնելով թէ, ե՛ւ Հայաստանի հանրապետութեան, ե՛ւ Արցախի հանրապետութեան ղեկավարութիւնները ունին յստակ պատկերացում` հարցի կարգաւորման մասին:
ʼʼԱզատութեան Շքանշանʼʼով պարգեւատրուած ծերակուտական Պոպ Տոլի անունով խօսք առաւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի յանձնախումբի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան, որ քանի մը տողով ներկայացուց ծերակուտական Տոլն ու անոր կատարած ծառայութիւնը` հայութեան եւ անոր դատին: Համբարեան աւելցուց թէ, Տոլ վերանկախացման օրերէն ի վեր եղած է ի նպաստ Հայաստանի ծառայող յիշատակելի անձնաւորութիւններէն մէկը:
Ապա իրենց կարգին խօսք առին ʼʼՎահան Քարտաշեան շքանշանʼʼով պարգեւատրուած Ռութ Թովմասեան եւ Ստեփան Տիւլկէրեան:
Նախապէս, խօսք առած էր նաեւ Մասաչուսէցի կառավարիչ Փիթըր Գութուճեան:
Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւելեան շրջանի գրասենեակի ատենապետ Կրէկ Պետեան կատարեց փակման խօսքը, յայտնելով թէ, ամէնուրէք հայկական գաղութները կը փորձեն իրենց դատին կարելի եղածին չափ շատ ճանաչում ապահովել արեւմտեան երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ, որպէսզի արեւմտեան հանրային կարծիքը ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ` ճանչնալու քսաներորդ դարուն մարդկութեան դէմ գործուած առաջին սպանդը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Արեւելեան Ա.Մ.Ն. շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի աղօթքով աւարտեցաւ օրուան հանդիսութիւնը: