ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԻ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:18 Minute, 41 Second
Լուսանկար Իննա Մխիթարեանի

Երե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ, անց­եալ Չո­րեք­շաբ­թի, Սեպ­տեմ­բեր 21-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման քսա­նամ­եա­կին նուիր­ուած տո­ղանցք-զօ­րա­հան­դէսն ու երե­կոյ­եան գե­ղար­ուես­տա­կան բնոյթ ու­նե­ցող հա­ւ­ա­քը “Հան­րա­պե­տու­թիւն“ հրա­պա­րա­կին վրայ:

Զօ­րա­հան­դէ­սի հրա­մա­նա­տար, Հա­յաս­տա­նի զին­եալ ու­ժե­րու սպա­յա­կոյ­տի պետ զօր. Եու­րի Խա­չա­տու­րով անձ­նա­կազ­մը ստու­գե­լէն ետք զօ­րա­հան­դէ­սի սկիզ­բի ազ­դան­շա­նը տուաւ: Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օհան­եան զօ­րա­հան­դէ­սը ըն­դու­նեց եւ ող­ջոյ­նի խօսք յայտ­նեց մաս­նա­կից­նե­րուն, ապա Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նին զե­կու­ցեց, որ զօր­քե­րը պատ­րաստ են զօ­րա­հան­դէ­սին: Տո­ղանց­քին մաս­նակ­ցող հրե­տա­նին եւ զօ­րա­մա­սե­րը կեդ­րո­նա­ցած էին Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին յա­րող Նալ­բանդ­եան, Աբով­եան, Ամիր­եան եւ Վազ­գէն Սարգս­եան փո­ղոց­նե­րուն մէջ: Հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ առա­ւօ­տէն տե­ղեր գրա­ւած էին փո­ղոց­նե­րուն եւ հրա­պա­րա­կին եր­կայն­քով` այս շքեր­թը ըմ­բոշխ­նե­լու հա­մար:

Հ. Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան իր ելոյ­թին մէջ նշեց, որ այ­սօր Հա­յաս­տան իր բո­լոր խնդիր­նե­րով հան­դերձ կա­յա­ցած եր­կիր է, իսկ անոր վկան է այ­սօր­ուան զօ­րա­հան­դէ­սը, իսկ ամէ­նէն սու­ղը ան­կա­խու­թեան սե­րունդն է, որ ազատ երկ­րի քա­ղա­քա­ցի է, եւ ինք­զինք չի պատ­կե­րաց­ներ այլ կար­գա­վի­ճա­կի մէջ ու շատ բան ու­նի տա­լիք իր երկ­րին եւ ժո­ղո­վուր­դին: Նա­խա­գահ Սարգս­եան նշեց, որ եր­կու տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տան յա­ջո­ղած է հսկա­յա­կան թռիչք ար­ձա­նագ­րել, բայց տա­կա­ւին շատ ընե­լիք­ներ կան: Թէ՛ ձեռք­բե­րում­նե­րը, թէ՛ բաց­թո­ղում­նե­րը մերն են: Այդ գի­տակ­ցու­թեամբ յա­ջորդ քսան տա­րի­նե­րուն ի զօ­րու ենք կա­ռու­ցե­լու եր­կիր մը, որ մօտ պի­տի ըլ­լայ մեր իտ­է­ալ­նե­րուն, քա­նի որ ես կը հա­ւա­տամ մեր հա­ւա­քա­կան ու­ժին, ըսաւ նա­խա­գահ Սարգս­եան: Այս զօ­րա­հան­դէ­սը հա­յու­թեան յա­ւեր­ժա­կան եր­թի լու­սա­ւոր դրուագն է: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը 20 տա­րե­կան է, փա՜ռք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, փա՜ռք Հա­յաս­տա­նի զին­եալ ու­ժե­րուն: Հու­ռա՜“ զօ­րա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը ազ­դա­րա­րեց հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը աւելց­նե­լով թէ հա­զա­րամ­եակ­նե­րու լրջա­գոյն պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող, բայց 20 տա­րե­կան Հա­յաս­տանն է` 20 տա­րե­կա­նի աւիւ­նով, լա­ւա­տե­սու­թեամբ եւ հա­մար­ձակ ծրա­գիր­նե­րով, բայց ոչ` 20 տա­րե­կա­նի մի­ամ­տու­թեամբ: Ան յայտ­նեց, որ ասի­կա նոր Հա­յաս­տանն է, զոր այ­լեւս ան­կա­րե­լի է խա­բել, պար­տադ­րել կամ շան­թա­ժի են­թար­կել, անոր հետ կա­րե­լի է բա­րե­կա­մա­նալ եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ, օրի­նակ ծա­ռա­յել եւ վերց­նել. ասի­կա նոր Հա­յաս­տանն է, որ կը յի­շէ շատ բան, բայց յի­շա­չար չէ, տե­սած է շատ բան, բայց հայ­եաց­քը ուղ­ղած է ապա­գա­յին: Ապա հնչեց Հա­յաս­տա­նի օրհ­ներ­գը, որ­մէ ետք զին­եալ ու­ժե­րու սպա­յա­կոյ­տի պետ զօր. Եու­րի Խա­չա­տու­րով զի­նու­ժը հրա­ւի­րեց հան­դի­սա­ւոր եր­թի: Ցու­ցադր­ուե­ցան հա­կա­օ­դա­յին եւ հա­կահր­թի­ռա­յին պաշտ­պա­նու­թեան “C-300“ զե­նի­թա-հրթի­ռա­յին հա­մա­լիր­ներ, ՆԱ­ԹՕի դա­սա­կար­գու­մով` “Scud“ տի­պի ռու­սա­կան ար­տադ­րու­թեան հրթիռ­ներ, “Տոչ­քա Ու“ տե­սա­կի հրթիռ­ներ, որոնք կրնան մին­չեւ 120 քլ.մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ ոչն­չաց­նել հա­կա­ռա­կոր­դի շար­ժա­կան ու ան­շարժ սար­քե­րը:

Զօ­րա­հան­դէ­սին ցու­ցադր­ուե­ցան նա­եւ Հա­յաս­տա­նի ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րա­կան հա­մա­լի­րին ար­տադ­րած սար­քե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս` անօ­դա­չու սար­քեր:

Հա­յաս­տան առա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով լի­ար­ժէք ցու­ցադ­րեց` ի հար­կէ ոչ բո­լո­րը` յար­ձա­կո­ղա­կան որոշ զի­նա­տե­սակ­ներ, որոնք իրենց հե­ռա­հա­րու­թեամբ գրե­թէ հա­սա­նե­լի են հա­կա­ռա­կոր­դի բո­լոր թի­րախ­նե­րուն: Աւե­լի ճիշդն ըսե­լով‘ չկայ նշա­նա­կէտ մը, որուն հա­մար ան­հա­սա­նե­լի ըլ­լան նշուած զի­նա­տե­սակ­նե­րը, ըստ ռազ­մա­կան կազ­մած­նե­րու մաս­նա­գէտ Արծ­րուն Յով­հան­նիս­եա­նի:

Փոր­ձա­գէ­տին պար­զա­բա­նու­մով, այդ զի­նա­տե­սակ­ներն են` մաս­նա­ւո­րա­պէս` “ռէ­ակ­տիւ“ հա­մա­զար­կա­յին կա­յան­նե­րը, մար­տա­վա­րա­կան “Տոչ­քա Ու“ տե­սա­կի հրթիռ­նե­րը եւ 9Քէյ.72 “Էլպ­րուս“ մար­տա­վա­րա­կան հրթի­ռա­յին հա­մա­լիր­նե­րը: Այս վեր­ջին հա­մա­լիր­նե­րուն մա­սին փոր­ձա­գէ­տը աւել­ցուց. Այս հա­մա­լիր­նե­րը բա­ցա­ռիկ են մի քա­նի իմաս­տով: Նախ` մար­տա­վա­րա­կան տու­եալ­նե­րով. նրանք 300 կի­լո­մետր հե­ռա­հա­րու­թեամբ հա­սա­նե­լի են ադր­բե­ջա­նա­կան ցան­կա­ցած նշա­նա­կէ­տին: Բա­ցի դրա­նից, նման հա­մա­լիր­ներ ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նում ու­նեն միայն Հա­յաս­տանն ու Իրա­նը: Սա­կայն սա դեռ ամ­բող­ջը չէ. կոնկ­րետԷլբ­րուսհա­մա­լիր­նե­րը Հա­յաս­տա­նում ան­ցել են կա­տա­րե­լա­գոր­ծում“:

Յով­հան­նիս­եան փո­խան­ցեց նա­եւ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­տա­րե­լա­գործ­ուած են եւս “ՕՍԱ“ եւ “ՕԿԱ“ զե­նի­թա-հրթի­ռա­յին հա­մա­լիր­նե­րը, որոնք մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին լեռ­նա­յին շրջան­նե­րու մէջ, որով­հե­տեւ շար­ժա­կան են:

Նշենք, որ ան­կա­խու­թեան զօ­րա­հան­դէ­սին մաս­նակ­ցե­ցան Հ.Հ. Զին­ուած ու­ժե­րու բա­նա­կա­յին զօ­րա­բա­ժին­նե­րու, ռազ­մա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան, խա­ղա­ղա­պահ զօ­րա­գուն­դի, առան­ձին յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան զօ­րա­գուն­դի, Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի, Հ.Հ. ոս­տի­կա­նու­թեան զօր­քե­րու, Հ.Հ. Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան սահ­մա­նա­պահ զօր­քե­րու, Հա­յաս­տա­նի մէջ ռու­սա­կան 102րդ ռազ­մա­կա­յա­նի ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը:

Զօ­րա­հան­դէ­սին առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մաս­նակ­ցե­ցան նա­եւ Ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մի մաս­նա­կից ազա­տա­մար­տիկ­նե­րու եւ զին­ուած ու­ժե­րու հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րու շա­րա­սիւ­նե­րը:

Զօ­րա­հան­դէ­սի աւար­տէն ետք սկսաւ օդա­յին շքեր­թը: Երե­ւա­նի եր­կին­քին վրայ շրջե­ցան օդա­յին շքեր­թի մաս­նա­կից “Սու-25“ պա­տե­րազ­մա­կան օդա­նաւ­նե­րը` զօր. Ստե­փան Գալստ­եա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ: Անոնք պատ­կե­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան Եռա­գոյ­նը:

Փոխգն­դա­պետ Յա­րու­թիւն Զա­քար­եա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ան­ցաւ ու­սում­նա­կան “Լ-39“ օդա­նաւ­նե­րու խում­բը: Ի դէպ, այս օդա­նաւ­նե­րով կ՛ի­րա­կա­նաց­ուի երի­տա­սարդ օդա­չու­նե­րու պատ­րաստ­ման հո­լո­վոյ­թը:

Ուղ­ղա­թիռ­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին շրջիլ: “Մի-24“ մար­տա­կան ուղ­ղա­թիռ­նե­րու խում­բը կը գլխա­ւո­րէր առա­ջին կար­գի օդա­չու, մար­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան մե­տա­լի աս­պետ, գնդ. Սամ­ուէլ Սի­ա­նոս­եան: “Մի-8“ ռազ­մա­կան-փո­խադ­րա­մի­ջո­ցա­յին մար­տա­կան ուղ­ղա­թիռ­նե­րը կը մաս­նակ­ցէ­ին փոխգն­դա­պետ Սեր­կէյ Յա­րու­թիւ­նո­վի ու­ղեկ­ցու­թեամբ: Օդա­յին շքեր­թի աւար­տը ազ­դա­րա­րե­ցին “Մի-2“ ուղ­ղա­թիռ­նե­րը` փոխգն­դա­պետ Ար­թուր Յա­կոբ­եա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ:

Վե­րան­կա­կա­խու­թեան քսա­նամ­եա­կին առի­թով, նա­խա­գահ Սարգս­եան երկ­րին բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան ու­ղեկ­ցու­թեամբ այ­ցե­լեց Եռաբ­լու­րի զի­նուո­րա­կան պան­թէ­ոն եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց իրենց կեան­քը հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան հա­մար զո­հա­բե­րած հա­յոր­դի­նե­րու յի­շա­տա­կին:

Երե­ւա­նի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ մայր եկե­ղեց­ւոյ մէջ երէկ կա­տար­ուե­ցաւ հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք: Եկե­ղե­ցա­կան կար­գը կա­տար­ուե­ցաւ Ամե­նայն հա­յոց Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կո­սի եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ: Ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հակ­եան, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Յո­վիկ Աբ­րա­համ­եան, Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Տիգ­րան Սարգս­եան, խորհր­դա­րա­նի եւ կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­ներ, Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագր­ուած դիւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հո­գե­ւո­րա­կան­ներ եւ ու­րիշ­ներ: Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քով մի­աս­նա­բար աղօթք կա­տար­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ամ­րու­թեան եւ հաս­տա­տու­նու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան եւ բա­րօ­րու­թեան հա­մար:

Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կոս նշեց, որ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը հայ ազ­գի կեան­քի մե­ծա­գոյն իրա­դար­ձու­թիւնն է, որ նոր յոյ­սեր բե­րած է եւ նոր հո­րի­զոն­ներ պար­զած է ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ:Այ­սօր առ Աստ­ուած գո­հու­թեան, հպար­տու­թեան, եր­ջան­կու­թեան զգա­ցում­ներ կան մեր հո­գի­նե­րուն մէջ: Եր­ջա­նիկ ենք, այո՛, քա­նի որ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման այս օրհն­եալ օրը շատ սե­րունդ­ներ երա­զած են: Այս օր­ուան հա­մար մեր ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­նուն շատ զա­ւակ­ներ ջանք եւ նուի­րում ներդ­րած են եւ շա­տե­րը իրենց կեան­քը ըն­ծա­յա­բե­րած, յայտ­նեց Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կոս: Ան նշեց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը եր­ջա­նիկ է այն հա­մո­զու­մով, որ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան դրօ­շին ներ­քեւ իր հայ­րե­նի­քը պի­տի դառ­նայ երկ­նա­յին օրհ­նու­թեամբ լե­ցուն եր­կիր-դրախ­տա­վայր, որ պի­տի ըլ­լայ միշտ սիւնը եւ պատ­ուա­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դին ինք­նու­թեան ար­մա­տը եւ ակուն­քը:

Խօ­սե­լով դժուա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին` Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կոս նշեց, որ ոչինչ ընկ­ճեց հայ ժո­ղո­վուր­դը: Ըստ անոր, հա­յե­րը դի­մագ­րա­ւե­ցին իրենց պար­տադր­ուած պա­տե­րազ­մը, շրջա­փա­կու­մը, տնտե­սա­կան փլու­զում­նե­րու բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ զրկանք­նե­րը: Ամե­նայն հա­յոց վե­հա­փա­ռը նշեց, որ անոնց հա­մըն­թաց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռոյց­նե­րը ամ­րա­ցան, տնտե­սու­թիւնը եւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քը վե­րա­կա­ռուց­ուե­ցան, մե­ծա­գոյն ջան­քեր գոր­ծադր­ուե­ցան երկ­րին ապա­հո­վու­թիւնը եւ խա­ղա­ղու­թիւնը ամ­րապն­դե­լու հա­մար:

Այո՛, յաղ­թա­նակ­նե­րը եւ ձեռք­բե­րում­նե­րը դիւ­րին չտրուե­ցան, ու­նե­ցանք նա­եւ ներ­քին ցնցում­ներ: Այ­սօր ալ քիչ չեն մեր դժուա­րու­թիւն­նե­րը, քիչ չեն տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րը, զորս մեր ժո­ղո­վուր­դը կը շա­րու­նա­կէ դի­մագ­րա­ւել պե­տու­թեան նկատ­մամբ ու­նե­ցած պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ, նուի­րու­մով, հա­ւատ­քի եւ լա­ւա­տե­սու­թեան նոյն ոգի­ով, ըսաւ Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կոս: Վե­հա­փա­ռը նկա­տել տուաւ, որ ազատ եւ ան­կախ հայ­րե­նի­քը մեծ փո­փո­խու­թիւն եւ տե­ղա­շարժ­ներ բե­րած է հա­մազ­գա­յին կեան­քին մէջ, մի­ա­ւո­րած է եւ կեն­սա­ւո­րած է հայ ժո­ղո­վուր­դին ու­ժե­րը, ջան­քե­րը եւ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:

Հայ­րե­նի մեր պե­տա­կա­նու­թեան արե­ւը բարձ­րա­ցած է: Այն, ինչ որ պատ­մու­թիւնը յա­ճախ մեր­ժած է մե­զի` խա­ղա­ղու­թիւն, ար­դա­րու­թիւն, իրա­ւունք, կեան­քի խնդու­թիւն, մեր հո­ղին վրայ պի­տի ծաղ­կին, աւել­ցուց վե­հա­փա­ռը: Ան նշեց, որ պէտք է շա­րու­նա­կել հզօ­րաց­նել հայ­րե­նի­քը, որ­պէս­զի անի­կա ըլ­լայ ազ­գի հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեան եւ հո­գե­ւոր նե­րու­ժի ակուն­քը եւ յե­նա­րա­նը:

Աղօ­թե՛նք խո­նար­հե­լով հայ­րե­նի­քի հա­մար զոհ­ուած հե­րոս­նե­րու ան­մահ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ եւ խնդրենք, որ Աստ­ուած իր սուրբ աջի հո­վանի­ին ներ­քեւ խա­ղաղ պահ­պա­նէ մեր հայ­րե­նի­քը, հա­յոց բա­նա­կը, ըսաւ ան:

Արամ Ա. կա­թո­ղի­կոս իր կար­գին նշեց, որ ան­կա­խու­թիւնը աստ­ուա­ծա­յին պար­գեւ է: Ըստ անոր, Հա­յոց պե­տու­թեան առ­ջեւ դրուած են շարք մը մար­տահ­րա­ւէր­ներ:

Փառք քեզ Աստ­ուած, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին ան­կա­խու­թիւն շնոր­հե­ցիր: Մենք պէտք է մի­աս­նա­կան ըլ­լանք եւ շա­րու­նա­կենք մեր հայ­րե­նի­քը հզօ­րաց­նել: Իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հա­մար ան­կա­խու­թիւնը աստ­ուա­ծա­յին պար­գեւ է: Ըստ անոր, Հա­յոց պե­տու­թեան առ­ջեւ դրուած են շարք մը մար­տահ­րա­ւէր­ներ:

Փառք քեզ Աստ­ուած, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին ան­կա­խու­թիւն շնոր­հե­ցիր: Մենք պէտք է մի­աս­նա­կան ըլ­լանք եւ շա­րու­նա­կենք մեր հայ­րե­նի­քը հզօ­րաց­նել: Իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հա­մար ան­կա­խու­թիւնը պէտք է կեան­քի ճամ­բայ դառ­նայ: Աղօ­թենք առ Աստ­ուած, որ մեր պե­տու­թիւնը զօ­րեղ եւ ան­սա­սան պա­հէ, նշեց Արամ Ա. կա­թո­ղի­կոս:

 

ՇՆՈՐ­ՀԱ­ՒՈ­ՐԱ­ԿԱՆ ՈՒ­ՂԵՐՁ­ՆԵՐ

 

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 20-ամ­եա­կին առի­թով նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նին շնոր­հա­ւո­րած են Գեր­ման­իոյ նա­խա­գահ Քրիսթ­ի­ան Վուլֆ, Մեծն Բրի­տան­իոյ Էլի­զա­պեթ Բ. թա­գու­հին, Աւստր­իոյ նա­խա­գահ Հայնց Ֆի­շըր, Շուէ­տի թա­գա­ւոր Քարլ Կուս­թաւ ԺԶ., Զուի­ցեր­իոյ նա­խա­գահ Միշ­լին Քալ­մի-Ռէյ, Չեխ­իոյ նա­խա­գահ Վաց­լաւ Քլաուս, Լի­բա­նա­նի նա­խա­գահ Մի­շել Սլէյ­ման, Պուլ­կար­իոյ նա­խա­գահ Կէ­որ­կի Փրվա­նով, Իր­լան­տա­յի նա­խա­գահ Մե­րի Մը­քե­լիս, Ղա­զախս­տա­նի նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ, Խըր­խը­զիս­տա­նի նա­խա­գահ Ռո­զա Օթուն­պա­յե­ւա, Տա­ճի­կիս­տա­նի նա­խա­գահ Էմո­մա­լի Ռահ­մոն, Սին­կա­փու­րի նա­խա­գահ Թո­նի Թան:

Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ Նի­քո­լա Սար­քո­զի իր ու­ղեր­ձին մէջ իր եւ Ֆրան­սա­յի անու­նով լա­ւա­գոյն շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րը յղեց նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նին եւ բո­լոր հա­յե­րուն: Ան նշեց, որ 21 Սեպ­տեմ­բեր 1991-ին Հա­յաս­տան վե­րա­հաս­տա­տեց կա­պը պատ­մու­թեան հետ եւ վերս­տին ստանձ­նեց իր ճա­կա­տա­գի­րի տնօ­րի­նու­մը: Ըստ անոր, Հա­յաս­տան կրնայ հպարտ ըլ­լալ վեր­ջին քսան տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին` շատ յա­ճախ դժուար պայ­ման­նե­րու մէջ իրա­գործ­ուած իր նուա­ճում­նե­րով: Նա­խա­գահ Սար­քո­զի յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը կեր­տած է, ան­ցած է շու­կա­յա­կան տնտե­սու­թեան եւ իր տե­ղը գտած է մի­ջազ­գա­յին թա­տե­րա­բե­մին վրայ: Ան շեշ­տեց նա­եւ, որ ատի­կա իրա­գոր­ծած է նա­եւ շնոր­հիւ իր ժո­ղո­վուր­դի խի­զա­խու­թեան եւ աշ­խա­տա­սի­րու­թեան, որուն ար­ժա­նին կը մա­տու­ցեն:

Ըստ նա­խա­գահ Սար­քոզիի, այս տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին պատ­մա­կան հի­նա­ւուրց եւ ամուր կա­պե­րով մի­ա­ւոր­ուած Ֆրան­սան եւ Հա­յաս­տա­նը զար­գա­ցու­ցած եւ անընդ­մէջ խո­րա­ցու­ցած են բեղմ­նա­ւոր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը բո­լոր աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ:

Վստահ եղէ՛ք, որ Ֆրան­սա Հա­յաս­տա­նի, իր բա­րե­կա­մին կող­քին է` օգ­նե­լու անոր դի­մա­կա­յե­լու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: Ես առիթ կ՛ու­նե­նամ ձե­զի դարձ­եալ շնոր­հա­ւո­րե­լու եւ բարձ­րա­ձայն ար­տա­յայ­տե­լու Ֆրան­սա­յի բա­րե­կա­մու­թիւնը Փա­րիզ կա­տա­րե­լիք ձեր պաշ­տօ­նա­կան մօ­տա­կայ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, այ­նու­հե­տեւ Հա­յաս­տան կա­տա­րե­լիք իմ պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեանս ժա­մա­նակ, որուն պատիւը եւ հա­ճոյ­քը կ՛ու­նե­նամ յա­ռա­ջի­կա­յին, գրած է նա­խա­գահ Սար­քո­զի:

Թրքա­կան “Հիւր­րի­յէթ“ օրա­թեր­թը` վկա­յա­կո­չե­լով Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տէն անա­նուն աղ­բիւր մը կը հա­ղոր­դէ, որ Թուրք­իոյ նա­խա­գահ Ապ­տիւլ­լա Կիւլ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման քսա­նամ­եա­կին առի­թով Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նին շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ մը յղած է:

Իրա­նի նա­խա­գահ Մահ­մուտ Ահ­մա­տի­նե­ժատ իր շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղեր­ձին մէջ նշեց, որ Իրա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին առն­չու­թիւն­նե­րը ստեղ­ծած են լայն կա­րե­լիու­թիւն­ներ` երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման հա­մար: Ան հա­մոզ­ուած է, որ Թեհ­րա­նի եւ Երե­ւա­նի մի­ջեւ կնքուած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն հե­տա­մուտ ըլ­լա­լով պի­տի ստեղծ­ուին պայ­ման­ներ` երկ­կող­մա­նի, շրջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ եր­կու եր­կիր­նե­րու փո­խա­դարձ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը աւե­լի ընդ­լայ­նե­լու հա­մար:

Աս­տուծ­մէ կը խնդրեմ ձերդ գե­րա­զան­ցու­թեան քա­ջա­ռող­ջու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, իսկ բա­րե­կամ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դին` բա­րօ­րու­թիւն եւ եր­ջան­կու­թիւն, յայտ­նեց Իրա­նի նա­խա­գա­հը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles