Անցեալ տարի տրուած էր ազդանշանը Պոսթընի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի քերմէսին: Այս տարի ալ, նոյնքան խանդավառութեամբ կատարուեցաւ քերմէսը, Սեպտեմբեր 9,10 եւ 11, 2011ին: Արդարեւ, աւելի քան հինգ հազար այցելողներ ժամանեցին քերմէսին վայրը, որ տեղադրուած ու սարքաւորուած էր, կեդրոնին պատկանող կառատան շրջափակէն ներս:
Այս առթիւ կեդրոնն ու կառատունը բաժնող ճամբան փակուած էր եւ երթեւեկող ինքնաշարժներու փոխարէն, հոծ բազմութիւն մը կը վայելէր այս յաջող ձեռնարկը:
Նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի 20-ամեակը: Այս առթիւ Ուաշինկթընէն հրաւիրուած էր տեղւոյն դեսպանատան զինուորական կցորդ Գնդապետ Մեսրոպ Նազարեան, որ խօսք առաւ եւ շնորհաւորեց այս ձեռնարկն ու Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը:
Գեղարուեստական յայտագիրն ալ ճոխ էր: Ելոյթ ունեցաւ հայրենի սիրուած երգիչ` Թաթան եւ Լոս Անճելըսէն ժամանած “Էլեմընթ“ խումբը: Նաեւ ելոյթ ունեցաւ Ֆիլատելֆիոյ “Առաւօտ“ խումբը, ճէզ երաժշտութեան մէջ մասնագիտացած Կարէն Քոչարեան եւ իր խումբը եւ Պոսթընաբնակ հանրածանօթ փողահար Ճերի Պերկոնզի: Իսկ Կիրակի ելոյթ ունեցաւ Պոսթընի “Առաւօտ“ խումբը:
Պոսթընի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի անդամները ցոյց տուին իրենց նուիրումն ու անաչառ եւ հետեւողական աշխատանքը: Գործի լծուած էին բոլոր տարիքի պոսթընահայերը: Անոնք տրամադրած էին ամբողջ շաբաթավերջ մը:
Նշենք թէ անցեալ տարուայ յաջողութենէն տպաւորուած, Պոսթընի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի ատենապետ` Արա Նազարեան, անդրադառնալով այս շռնդալից յաջողութեան մասին ըսած էր.- “Մեզի համար, սպասուածէն աւելի էր արձանագրուած յաջողութիւնը: Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի մէջ առաջին անգամն է որ այսպիսի ձեռնարկ կը կազմակերպենք: Վստահ եղէ՛ք, որ տարեկան դրութեամբ պիտի կրկնենք“:
Այդպէս ալ եղաւ եւ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ այս քերմէսը: