ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ.-ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ` ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ ԵՒ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

0 0
Read Time:19 Minute, 16 Second

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի, Օգոս­տոս 18-ին, Մայ­րա­վան­քի ամա­ռա­նոց` Պիք­ֆա­յա­յի (Լի­բա­նան) Սուրբ Աստ­ուա­ծա­ծին Վան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը Հա­մաս­փիւռք­եան Կրթա­կան Գ. Հա­մա­գու­մա­րին, նուիր­ուած “Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կա­ցու­թիւնը այ­սօր` մար­տահ­րա­ւէր­ներ եւ առա­ջադ­րանք­ներ“ նիւ­թին: Հա­մա­գու­մա­րի կազ­մա­կեր­պա­կան բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւնը կը բե­րէր նա­եւ “Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան“ Հիմ­նար­կու­թեան հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քը, գլխա­ւո­րու­թեամբ Բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն` Դոկտ. Զա­ւէն Եկաւ­եա­նի:

Սփիւռ­քի զա­նա­զան գաղ­թօ­ճախ­նե­րէն ժա­մա­նած հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, տնօ­րէն­ներ եւ ու­սու­ցիչ­ներ, մա­մու­լի խմբա­գիր­ներ, դա­սա­գիր­քե­րու հե­ղի­նակ­ներ եւ պատ­րաս­տու­թեան աշ­խա­տան­քով զբա­ղող ման­կա­վարժ­ներ գործ­նա­կան ներդ­րում կա­տա­րե­ցին հա­մա­գու­մա­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն, իրենց փոր­ձա­ռու­թիւնը ի սպաս դնե­լով:

Արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի ու Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի փո­խա­դարձ ան­հա­ւա­սար գոր­ծա­ծու­թիւնը ընդ­հան­րա­պէս խօ­սակ­ցու­թեան մէջ, կազ­մե­ցին սոյն օրա­կար­գե­րու քննար­կու­մի նիւ­թե­րը: Մէ­կուն հզօ­րա­ցու­մը ի հե­ճուկս միւ­սին, վճռադ­րոշմ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցան սփիւռք­եան զանգ­ուած­նե­րու վրայ: Հա­յաս­տան­եան շու­կա­յա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան արագ տա­րա­ծու­մը, հա­յե­րէ­նա­գի­տու­թեան անի­մա­ցու­թեան հե­տե­ւան­քով շու­տով որ­դեգր­ուե­ցաւ սփիւռք­եան մա­մու­լին կող­մէ, ինչ­պէս նա­եւ նե­րառ­ուե­ցաւ մեծ զանգ­ուած­նե­րու բա­նա­ւոր թէ գրա­ւոր լեզ­ուին մէջ, իբ­րեւ ար­տա­յայտ­չա­ձեւ եւ բա­ռա­պա­շար:

Կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի անու­նով Ժի­րայր Դանի­էլ­եան բա­րի գալստ­եան խօսք ուղ­ղեց մաս­նա­կից­նե­րուն, որոնք եկած էին Լի­բա­նա­նէն, Սուր­իա­յէն, Հիւ­սի­սա­յին թէ Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­նե­րէն, Եւոր­պա­յի տար­բեր եր­կիր­նե­րէն, Թուրք­իա­յէն ու Մի­ջին Արե­ւել­եան այ­լա­զան եր­կիր­նե­րէ: Ապա, Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Հայ­րա­պե­տա­կան Օրհ­նու­թեան իր ­խօս­քը ­ար­տա­սա­նեց, մատ­նան­շե­լով այն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը որոնք սկսած են ոչ միայն տա­րա­ծում գտնել, այլ ար­մա­տա­ւոր­ուիլ ու “բնա­կան“ հա­մար­ուիլ Արեւմ­տա­հա­յե­րէն լեզ­ուի գոր­ծա­ծու­թեան մէջ: Իր պատ­գա­մի ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տած մտա­ծում­նե­րով, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը խո­րա­պէս մտա­հո­գիչ գտաւ Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ներ­կայ կա­ցու­թիւնը, սա­կայն սոյն հա­մա­գու­մա­րին գու­մա­րու­մը բնաւ առիթ չնկա­տեց այս կա­ցու­թեան ող­բը հիւ­սե­լու, այլ մի­ջոց` մի­աս­նա­բար որո­նե­լու Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը բիւ­րե­ղաց­նե­լու եւ զայն առող­ջաց­նե­լու ազ­դու ծրա­գիր­ներ կազ­մե­լու: Նո­րին Սրբու­թիւնը առա­ջին հեր­թին յոր­դո­րեց ախ­տա­ճա­նա­չու­մը կա­տա­րել կա­ցու­թեան, որուն պի­տի նպաս­տէ փոր­ձա­ռու­թեանց փո­խա­նա­կու­մը: Ապա, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ըսաւ, թէ “ին­չո՞ւ“ եւ “ինչ­պէ՞ս“ բա­նա­լի հար­ցում­նե­րը պէտք է տալ բարձ­րա­ձայն, յա­ռա­ջատ­ուա­կան ըն­թաց­քով գտնե­լու հա­մար լու­ծում­նե­րը:

Թէ ի՞նչ մի­ջոց­նե­րով Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պի­տի փրկենք հար­ցադ­րու­մը կա­տա­րե­լով ու անոր պա­տաս­խա­նե­լով, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ըսաւ թէ մեր սե­փա­կան ոյ­ժե­րով կա­րե­լի է փրկել, եւ ոչ թէ միայն քննա­դա­տա­կան յօդ­ուած­ներ ստո­րագ­րե­լով, կամ մի­ջազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին կամ լեզ­ուա­գի­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դի­մե­լով: Մեր մի­ջոց­նե­րով պայ­քա­րիլ ու աշ­խա­տանք տա­նիլ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ըսաւ, թէ կը նշա­նա­կէ ծրագր­ուած աշ­խա­տան­քով մար­դոյ­ժի պատ­րաս­տու­թեան սկսիլ, “առանց որուն մեր տրա­մադ­րու­թեան տակ գտնուող բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կը դառ­նան անի­մաստ: Այս­պէս` ու­սու­ցիչ, հա­յա­գէտ, լեզ­ուա­էտ գրե­թէ կը պակ­սին մե­զի, այ­սօր­ուան մեր կեան­քէն ներս“ ըսաւ ան: Առ այդ, Ազ­գա­յին գի­տաց­կու­թեան վե­րա­զար­թօնք անհ­րա­ժեշտ նկա­տեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, մեր ինք­նու­թեան գո­յա­պայ­քա­րին նոր թափ տա­լու հա­մար: “Հա­յոց լե­զուն մեր արիւնն է, առանց անոր բնա­կա­նոն շրջա­նա­ռու­թեան, մեր ազ­գի մար­մի­նը պի­տի հիւ­ծի ու անշն­չա­նայ“ ըսաւ ան:

Հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մէն ետք խօսք առաւ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան նա­խա­գահ Լե­ւոն Անան­եան: Ող­ջու­նե­լով Նո­րին Սրբու­թեան ան­մի­ջա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցող սոյն հա­մա­գու­մա­րը, Անան­եան մատ­նան­շեց Սփիւռ­քի այն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, որոնց դի­մաց Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնը որոշ քայ­լե­րու դի­մած է վեր­ջին տա­րի­նե­րուն: Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւնը, “Սփիւռք գի­տա-հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն“ը, “Զան­գակ 97“ եւայլն յի­շե­լով, Անան­եան ցոյց տուաւ այն հո­գա­ծու­թիւնը զոր կը ցու­ցա­բե­րէ հայ­րե­նի­քը հան­դէպ Սփիւռ­քին, որուն գո­յու­թիւնը ու գո­յա­պայ­քա­րը յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Հա­յաս­տա­նի հա­մար:

Անան­եան իբ­րեւ լու­ծում­ներ առա­ջար­կեց Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պու­մը ման­կա­վարժ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան, ուղ­ղա­կի վի­րա­հա­տու­մը կա­տա­րե­լու հա­մար վե­րո­յիշ­եալ կա­ցու­թեան, որ­պէս­զի Սփիւռ­քի վար­ժա­րան­նե­րու մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­մը ապա­հով­ուի: Հա­մա­հայ­կա­կան լեզ­ուա­կան խոր­հուրդ ստեղ­ծե­լու առա­ջարկ եւս կա­տա­րեց ան, որուն ծրագ­րում­նե­րը եւ առած որո­շում­նե­րը պար­տադ­րա­բար գոր­ծադր­ուին բո­լոր գա­ղութ­նե­րուն կող­մէ: Հա­մա­հայ­կա­կան կայ­քէջ ստեղ­ծե­լու առա­ջարկ նա­եւ կա­տա­րե­լով, Անան­եան Արեւմ­տա­հա­յե­րէն ու­սու­ցա­նե­լու մի­ջոց իբ­րեւ ներ­կա­յա­ցուց ան, բո­լոր փա­փա­քող­նե­րուն: Երկ­լե­զու` Արե­ւե­լա­հա­յե­րէն ու Արեւմ­տա­հա­յե­րէն պար­բե­րա­կան կամ օրա­թերթ հրա­տա­րա­կե­լու իր առա­ջար­կով, ինչ­պէս նա­եւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան հաս­տա­տե­լու միտ­քով, Անան­եան յայտ­նեց թէ անոնք մե­ծա­պէս պի­տի նպաս­տեն լեզ­ուի ու­սու­ցում կա­տա­րե­լու:

Բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան բաժ­նէն ետք հա­մա­գու­մա­րը աշ­խա­տան­քա­յին իր գոր­ծըն­թա­ցին անց­նե­լով, զե­կու­ցում­ներ լսեց, որո­ոնք էին.-

 

– Արեւմ­տա­հա­յե­րէն լեզ­ուի քե­րա­կա­նու­թեան դա­սա­գիր­քե­րու այ­լա­զա­նու­թիւնն ու ան­կէ յա­ռա­ջա­ցած շփո­թը:

 

–  Սփիւռ­քա­հայ Վար­ժա­րան­նե­րու հա­մար Արեւ-մ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման ծրա­գի­րի մը պա­հան­ջը:

 

– Արեմ­տա­հա­յե­րէ­նի նոր դա­սա­գիր­քեր եւ բա­ռա­րան­ներ պատ­րաս­տե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը:

 

–  Հա­յե­րէ­նա­գի­տա­կան նիւ­թե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը:

Օտար մի­ջա­վայ­րե­րու բա­ռա­պա­շա­րի, շա­րա­հիւ­սու­թեան, ատա­յայտ­չա­ձե­ւե­րու եւ լեզ­ուամ­տա­ծո­ղու­թեան ժխտա­կան անդ­րա­դար­ձը սփիւռ­քի գա­ղութ­նե­րու խօ­սակ­ցա­կան Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վրայ:

 

– Օտար լե­զու­նե­րու եւ Արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի ազ­դե­ցու­թիւնը գրա­ւոր ու բա­նա­ւոր մա­մու­լին մէջ` իբ­րեւ բա­ռա­պա­շար, շա­րա­հիւ­սու­թիւն, ար­տա­յայտ­չա­ձեւ եւ լեզ­ուամ­տա­ծո­ղու­թիւն:

 

– Օտա­րա­բա­նու­թեան եւ Արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի ազ­դե­ցու­թիւնը եւ Արեւմ­տա­հայ ժա­մա­նա­կա­կից գրա­կա­նու­թեան ներ­կան:

– Խօ­սակ­ցա­կան ու գրա­ւոր Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի բիւ­րե­ղաց­ման ծրա­գի­րի յստա­կե­ցումն ու Մշա­կու­մը:

 

-Եկե­ղեց­ւոյ, հայ ըն­տա­նի­քի եւ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու դե­րը Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման ու բիւ­րե­ղաց­ման մէջ:

 

-Ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան սփիւռ­քա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ օգ­տա­գործ­ման ընդ­հա­նուր ծրա­գի­րի մշա­կում եւ մար­դոյ­ժի պատ­րաս­տու­թեան հարց:

 

Իւ­րա­քան­չիւր նիս­տի աւար­տին բա­ցուող ցան­կե­րը քննար­կում կա­տա­րող­նե­րու, բա­ւա­րար չե­ղան գո­հաց­նե­լու մաս­նա­կից­նե­րը, որոնք ար­տա­յայտ­ուած մտա­ծում­նե­րուն լոյ­սին տակ իրենց ապ­րած եր­կիր­նե­րու տե­ղա­կան պայ­ման­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով, հա­սա­րա­կաց մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը փոր­ձէ­ին գտնել, առա­ջարկ­ուած լու­ծում­նե­րու պա­րա­գա­յին նոյ­նու­թիւն­ներ տես­նե­լու փա­փա­քով: Տե­ղա­կան գոր­ծօն­նե­րը սա­կայն կը դժուա­րաց­նէ­ին ամ­բող­ջա­կան մի­ա­ձե­ւու­թիւն բե­րե­լու ճի­գը: Բո­լոր նիս­տե­րու ըն­թաց­քին զե­կու­ցա­բեր­նե­րու կող­մէ ներ­կա­յաց­ուած ախ­տո­րո­շում­ներն ու առա­ջարկ­նե­րը քննար­կու­մի են­թարկ­ուե­ցան մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ, թեր ու դէմ կար­ծիք­ներ ար­տա­յայտ­ուե­ցան քե­րա­կա­նու­թեան պար­զաց­ման, դա­սա­գիր­քե­րու արդ­ի­ա­կա­նաց­ման, ու­սու­ցիչ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան, ստի­պո­ղա­բար երկ­լե­զու կամ եռա­լե­զու մտա­ծող ու խօ­սող ներ սե­րուն­դի կազ­մա­ւոր­ման, ու այլ ման­կա­վար­ժա­կան հար­ցե­րու մա­սին, որոնք բա­նա­ձե­ւի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ար­ձա­նագր­ուե­լով, խմբագր­ուե­ցան գործ­նա­կան քայ­լեր առա­ջար­կող յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, որ հրա­պա­րակ­ուե­ցաւ հա­մա­գու­մա­րի նիս­տե­րու աւար­տին:

Եզ­րա­փակ­ման հան­դի­սա­ւոր պա­հուն, ըն­դա­ռա­ջե­լով հա­մա­գու­մա­րի մաս­նա­կից­նե­րու փա­փա­քին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ հիմ­նեց “Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան  Խորհուրդ“ը: Սոյն խոր­հուր­դը որ բաղ­կա­ցած պի­տի ըլ­լայ լե­զու մաս­նա­գէտ­նե­րէ, յա­տուկ կա­նո­նագ­րու­թեամբ պի­տի գոր­ծէ, հա­մա­կար­գե­լով այն հար­ցե­րը որոնք առնչ­ուած են Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին, հրա­տա­րա­կու­թեանց ճամ­բով եւ այլ մի­ջոց­նե­րով իրա­գոր­ծուող: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը այս առի­թով իր բարձր գնա­հա­տան­քը ու շնոր­հա­կա­լու­թիւնը յայտ­նեց Լիզ­պո­նի “Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան“ Հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան Բա­ժան­մուն­քին ու անոր ժրա­ջան տնօ­րէն Դոկտ. Զա­ւէն Եկաւ­եա­նին, Հա­մա­գու­մա­րի իրա­կա­նաց­ման հա­մար կա­տա­րած ան­դուլ ճի­գին հա­մար: Նո­րին Սրբու­թիւնը գնա­հա­տեց նա­եւ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը, թէ՛ Լի­բա­նա­նէն եւ թէ ար­տա­սահ­մա­նէն, որոնք սի­րա­յօ­ժար եկած էին Մայ­րա­վանք, իրենց մտա­հո­գու­թեան հետ նա­եւ նո­րա­նոր առա­ջարկ­նե­րով լու­ծում որո­նե­լու, Սփիւռ­քի հա­մար ան­ժա­ման­ցե­լի այս հար­ցին:

 

 

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան Հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան Բա­ժան­մուն­քի գոր­ծակ­ցու­թեամբ գու­մար­ուած Հա­մաս­փիւռք­եան Կրթա­կան Գ. Հա­մա­գու­մա­րը (Պիք­ֆա­յա, 18-20 Օգոս­տոս 2011), իր եռօր­եայ աշ­խա­տանք­նե­րու աւար­տին, հիմն­ուե­լով 10 նիս­տե­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­յաց­ուած 30 զե­կոյց­նե­րուն, կա­տար­ուած քննար­կում­նե­րուն եւ առա­ջարկ­նե­րուն վրայ, յան­գե­ցաւ հե­տեւ­եալ եզ­րա­կա­ցու­թեանց.-

Հա­յա­խօ­սու­թեան նա­հան­ջին առաջ­քը առ­նե­լու եւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի անա­ղարտ պահ­պա­նումն ու զար­գա­ցու­մը ապա­հո­վե­լու հա­մար`

Ա.- ԿՐԹԱ­ԿԱՆ ՀԱ­ՄԱ­ԿԱՐ­ԳԻ ՈՒՂ­ՂՈՒ­ԹԵԱՄԲ

1.- Հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման եւ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան խայ­տաբ­ղէտ պայ­ման­նե­րը նկա­տի առ­նե­լով` կը շեշ­տենք ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ծրա­գի­րի մը ճշդու­մի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը, ի մտի ու­նե­նա­լով այն իրո­ղու­թիւնը, որ զուտ կրթա­կան-դպրո­ցա­կան տագ­նապ մը ըլ­լա­լու կող­քին հար­ցը նա­եւ կ՛ընդգր­կէ հան­րա­յին դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը:

2.- Ու­սում­նա­կան-կրթա­կան վե­րոնշ­եալ հա­մաս­փիւռք­եան ծրա­գի­րը պի­տի կազ­մէ հիմ­քը` հա­յա­գա­ղութ­նե­րու ու­սում­նա­կան ծրա­գիր­նե­րու մշա­կու­մին:

3.- Ար­դէն օտա­րա­ցած եւ օտա­րաց­ման վտան­գին են­թա­կայ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հա­յա­խօ­սու­թիւնն ու հայ­կա­կան ինք­նու­թիւնը մշա­կե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ կը գտնենք պատ­րաս­տել գի­տա­կից հա­յը կեր­տող հայ լեզ­ուի, հա­յոց պատ­մու­թեան, կրօն­քի եւ յա­րա­կից նիւ­թե­րու տպա­գիր եւ ելեկտ­րո­նա­յին դա­սա­գիր­քեր, որոնց չափ կա­րե­ւոր են զա­նոնք դա­սա­ւան­դող ու­սու­ցիչ­նե­րը:

4.- Տար­բեր մի­ջա­վայ­րե­րու եւ պայ­ման­նե­րու մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն տպա­գիր եւ ելեկտ­րո­նա­յին հա­յե­րէն դա­սա­գիր­քե­րու պատ­րաս­տու­թիւնը վստա­հիլ սփիւռ­քա­հայ մաս­նա­գէտ­նե­րէ կազմ­ուած խմբագ­րա­կան կազ­մե­րու:

5.- Հա­յե­ցի ոգի փո­խան­ցե­լու եւ հա­յե­րէ­նա­ւանդ նիւ­թե­րու ու­սուց­ման ի սպաս, առա­ւե­լա­գոյն չա­փով ան­յա­պաղ օգ­տա­գոր­ծել ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թիւնը` հա­մա­կար­գիչ, հա­մա­ցանց, խտա­սա­լիկ եւ յա­րա­կից բո­լոր մի­ջոց­նե­րը:

6.- Հայ լեզ­ուի եւ հա­յե­րէ­նա­ւանդ նիւ­թե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րուն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րել իր կո­չու­մին եւ առա­քե­լու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան ար­ժե­ւո­րում եւ գնա­հա­տում, հե­տա­մուտ ըլ­լա­լով որ ու­սու­ցի­չին պատ­րաս­տու­թեան եւ մնա­յուն վե­րա­ո­րա­կա­ւոր­ման տրուին յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն:

7.-Դա­սա­գիր­քե­րուն այ­լա­զա­նու­թիւնը բա­րիք դարձ­նե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ պայ­ման է, որ անոնց մի­ջեւ պահ­պան­ուի հիմ­նա­կան ներ­դաշ­նա­կու­թիւն` առաջ­նորդ­ուե­լով ու­սում­նա­կան-կրթա­կան հա­մաս­փիւռք­եան ընդ­հա­նուր ծրա­գի­րէն:

 

Բ.- ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ՀԱՆ­ՐԱ­ՅԻՆ ԿԵԱՆ­ՔԻՆ ՄԷՋ

1.- Հայ ըն­տա­նի­քը բա­ցար­ձակ ար­ժէք է. թէ՛ մա­նու­կին կազ­մա­ւոր­ման եւ թէ՛ չա­փա­հաս կեան­քի ըն­թաց­քին հայ ըն­տա­նի­քը հա­յա­խօ­սու­թեան եւ հա­յե­ցիու­թեան հիմ­նա­կան առա­ջին կռուանն է, ինչ որ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի անա­ղարտ պահ­պան­ման գոր­ծին մէջ մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը դնէ հայ ծնող­նե­րու ու­սե­րուն:

2.- Նո­րա­հաս սե­րուն­դի հո­գեմ­տա­ւոր զար­գա­ցու­մը արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի անա­ղարտ պահ­պա­նու­թեամբ հու­նա­ւո­րե­լու գոր­ծին մէջ, հայ եկե­ղե­ցին ու­նի յա­տուկ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն:

3.- Հա­յա­խօ­սու­թեան եւ հա­յե­ցիու­թեան կեան­քի դպրոց հայ մա­մու­լը, արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը աղ­ճա­տում­նե­րէ եւ օտա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րէ զերծ պա­հե­լու պայ­քա­րին մէջ, ու­նի յա­ռա­ջա­պահ առա­քե­լու­թիւն:

4.- Արեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան աւանդ­նե­րուն վե­րա­նո­րո­գու­մը հիմ­նա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի` ան­թե­րի եւ գե­ղե­ցիկ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դին սի­րե­լի դարձ­նե­լու, անոր ինք­նար­տա­յայ­տու­թեան առօր­եայ մի­ջո­ցի վե­րա­ծե­լու եւ զար­գաց­ման հու­նով յա­ռաջ մղե­լու մէջ:

5.- Հա­մա­գու­մա­րի ըն­թաց­քին ար­ծարծ­ուած հար­ցե­րը, մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը եւ որո­շում­նե­րը պէտք է տա­նիլ ժո­ղո­վուր­դին եւ կրթա­կան-մշա­կու­թա­յին պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն, որ­պէս­զի իրենք նա­եւ մաս­նա­կից դառ­նան քննար­կում­նե­րուն եւ հար­ցե­րու լուծ­ման գծով բե­րեն իրենց գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւնը:

6.- Մեկ­նե­լով վե­րոնշ­եալ կէ­տե­րէն, հա­մա­գու­մա­րը որո­շեց կոչ ուղ­ղել սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի եւ զանգ­ուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն, որ­պէս­զի նա­հանջ եւ ընկր­կում չթոյ­լատ­րեն արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի անա­ղարտ պահ­պան­ման ճա­կա­տին վրայ: Նա­եւ` կոչ ուղ­ղել հայ­րե­նի մա­մու­լի եւ զանգ­ուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, յատ­կա­պէս հե­ռա­տե­սի­լի կա­յան­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն, որ­պէս­զի դէ­պի Սփիւռք հե­ռասփ­ռուող իրենց հա­ղոր­դում­նե­րուն եւ հրա­պա­րա­կում­նե­րուն մէջ, նա­խան­ձախն­դիր ըլ­լան հա­յե­րէ­նի անա­ղարտ պահ­պան­ման` օտա­րա­բա­նու­թեանց եւ աղ­ճա­տում­նե­րուն առաջ­քը առ­նե­լով, հա­յաց­ման ճի­գին հիմ­նա­կան եւ առաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յե­լով:

Այս բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ծրագր­ուած գործ­նա­կան եւ հե­տե­ւո­ղա­կան նպա­տա­կաս­լաց աշ­խա­տանք տա­նե­լու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն առ­ջեւ կանգ­նած է Սփիւռ­քը: Ար­դէն իսկ կա­տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րուն կամ առ­կայ կա­ռոյց­նե­րուն յա­ւել­եալ աշ­խու­ժու­թիւն տա­լու հրա­մա­յա­կա­նը շեշտ­ուած է: Նոյն­պէս շեշտ­ուած է սուր պա­հան­ջը հա­յե­րէ­նա­գէտ որա­կա­ւոր մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թեան եւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի անա­ղարտ պահ­պան­ման զէն­քե­րու արդ­ի­ա­կա­նաց­ման: Շեշտ­ուած է մա՛­նա­ւանդ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան պայ­քա­րի ամ­բողջ ճա­կա­տը հե­ղի­նա­կա­ւոր խոր­հուր­դի մը պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան յանձ­նե­լու ան­յե­տաձ­գե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը:

Առ այդ, կ՛առա­ջար­կենք Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Ս. Աթո­ռոյն գա­հա­կալ Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, որ իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, գոր­ծակ­ցա­բար մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քը ղե­կա­վա­րող կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հա­մաս­փիւռք­եան ու­ժե­րուն, կեան­քի կո­չէ արեւմ­տա­հայ հա­յա­գէտ­նե­րէ, վաս­տա­կա­շատ ման­կա­վարժ­նե­րէ եւ մտա­ւո­րա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րէ կազմ­ուած մար­մին մը`

ԱՐԵՒՄ­ՏԱ­ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆԻ ՊԱՇՏ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱ­ՄԱՍ­ՓԻՒՌՔ­ԵԱՆ ԽՈՐ­ՀՈՒՐ­Դ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles