Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, ժամը 1-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Հայ Մշակութային եւ Կրթական կԵդրոնի մուտքին բացումը պիտի կատարուի հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագետ, վարդապետ եւ ուսուցիչ՝ Կոմիտասի (Սողոմոն Սողոմոնեան) կիսանդրիին բացման հանդիսութիւնը։
Իր ծննդեան 155-ամեակի առթիւ, Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական կԵդրոնի յանձնախումբը մտայղացումը ունեցաւ տեղադրելու այս կիսադրին, որ կը պատկանի Գանատաբնակ հանրածանօթ քանդակագործ Մկրտիչ Տարաքճեանի (ծնած՝ Հալէպ)։
Նոյնինքն Տարաքճեանի կը պատկանին Ա․Մ․Ն․-ի մօտ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի արձանը, որ տեղադրուած է Ուաշինկթընի Հ․Հ․ դեսպանատան մուտքին։ Իսկ Գանատայի մէջ, Տարաքճեանէն երկու այլ կիսանդրիներ՝ Եուսուֆ Քարշ եւ Կոմիտաս, տեղադրուած են յաջորդաբար՝ մայրաքաղաք Օթաուայի եւ Մոնրէալի մէջ։