“…Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին“:
Շահան Շահնուր
“Նահանջը` Առանց Երգի“
Միջազգային ճանաչում վայելող “Եունեսքօ“ն արդէն իսկ, ամիսներ առաջ, ահազանգ հնչեցուցած էր, լեզուաբաններու ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ բացայայտելով թէ արեւմտահայերէնը կամ ընդհանրապէս ներկայ արեւմտահայ լեզուն, գործածուած իր տարբեր ենթաբաժանումներով եւ բարբառներով, կարգ մը այլ լեզուներու կողքին, նկատի առնուած է իբրեւ վտանգուած եւ “բնաջնջման ենթակայ“ լեզուներու շարքին:
Ցաւը “լուռ“ է…Ջարդն ալ ճերմակ:
Իսկ պատճառները` անբացատրելի եւ բացատրելի, սակայն անհաշուելի:
Հաւանաբար Սփիւռք բացատրութեան-հասկացողութեան մէջ կարելի է գտնալ առեղծուածին դրդապատճառները: Այսպէս, տեղական սովորութիւններու, ապրելաձեւերու, պարտադրանքներու եւ լեզուամշակութային հալոցներու արդիւնք, սկսած է արեւմտայերէնի “Նահանջը` Առանց Երգի“ն:
Սփիւռքի տարածքին, եւ ամէն տեղ, հայախօսներու թիւը հետզհետէ սկսած է նօսրանալ, եւ արդէն իսկ բազմաթիւ գաղութներու մէջ զգալիօրէն այս մէկը բացայայտ է:
Անկասկած որ, չխօսուելով, չգրուելով եւ չընթերցուելով, արեւմտահայերէնը տկարացաւ, նսեմացաւ, խեղճացաւ, հալեցաւ եւ այսօր հասած է այնպիսի ճակատագրի մը, որ յատուկ գուրգուրանքի եւ բուժման կը կարօտի:
Բաւարար չէ միայն լեզուն գիտնալը: Նաեւ,զայն պէտք է շարունակ գործածել որպէսզի ան սերունդէ սերունդ յարատեւէ, գոյատեւէ եւ չնահանջէ: Այնպիսի ահաւոր կացութիւն մը ստեղծուած է որ, Արեւմտահայերէնը աշխարհի վրայ գործածուող շուրջ եօթը հազար լեզուներուն եւ նոյնքան թիւով բարբառներուն ցանկէն դուրս կրնայ գալ եւ անհետանալ:
Ժողովուրդի մը գոյութեան եւ գոյատեւման գործօն եւ անբաժան մասնիկն է լեզուն, որուն երաշխիքն է նաեւ հողը, յատկապէս այս պարագային բռնագրաւուած ՀՈՂԸ: Հետեւաբար “բառախաղ“ութիւն չէ, Արեւմտահայերէն հասկացողութեան կողքին եւ այդ բովին ընդմէջէն, նշել ու մատնանշել Արեւմտահայաստանը:
“Հայրենիք“
Օգոստոս 22, 2011