ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄՕՏ Ա.Մ.Ն. ԴԵՍՊԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՌԻՔԱՐՏՈՆԷ ՃՇԴՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵՑ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ, տեղի տալով ամերիկահայ համայնքի եւ կրօնական ղեկավարներու մտահոգութիւններուն, հրաժարած է Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնէական եկեղեցիներու ոչնչացման առնչութեամբ իր կեղծ հիմնաւորումերէն:
“Ձեր թոյլտուութեամբ ես կարելիութենէն պիտի օգտուիմ` տուեալներու մէջ ճշդումներ կատարելու համար“, յայտնեց Ռիքարտոնէ իր պատասխանին մէջ` աւելցնելով, որ մինչեւ 1915 թուական, Թուրքիոյ մէջ գործած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը իբրեւ եկեղեցիներ այլեւս չեն գործեր: “Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական համայնքի մօտիկ աղբիւրները կը յայտնեն, որ 1915-էն եւ զայն նախորդող ժամանակաշրջանէն յիշատակուող 200-250 եկեղեցի տարին առնուազն մէկ անգամ կրօնական պատարագներ կը կազմակերպեն: Բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ ամէն շաբաթ ժամերգութիւն տեղի չունենար` հոգեւորականներու եւ քրիստոնեայ բնակչութեան ոչ բաւարար քանակի պատճառով: Որոշ եկեղեցիներ իբրեւ թանգարաններ կը գործեն, միւսները մզկիթներու վերածուած են: Մէկ մասն ալ խարխլած է, կամ հաւանաբար ամբողջութեամբ ոչնչացած“, ըսաւ ան: