Տարօրինակ ու անսպասելի իրականութիւն: 130 տարիէ ի վեր մայրաքաղաք Երեւանը ընտրովի քաղաքապետական մարմին չէ ունեցած:
Յստակ է որ արձանագրուած է որոշ յառաջդիմութիւն: Արդարեւ, բաղդատած նախապէս ստեղծուած գործխելաոճին, քաղաքապետը որ նշանակուած էր հաշուետու էր զինքը նշանակողներուն միայն: Մինչդեռ ներկայ դրութեամբ, ան հաշուետու է աւագանիի մը որ կը բաղկանայ 65 անդամներէ: Այս վերջիններն ալ, իրենց կարգին ընտրուած պիտի ըլլան ժողովուրդին կողմէ:
Այս ընտրութիւնները անկասկած որ քաղաքական բնոյթ ունին: Յառաջատար ուժեր եւ քաղաքական կուսակցութիւններ, իրենց ներկայացուցիչներով եւ տարբեր ծրագրերով ու նախագծերով հանդէս կու գան:
Հակառակ ասոր, պէտք է նաեւ նկատի ունենալ, որ այս ընտրութիւններով Հայաստանի մէջ նոր իշխանութեան հանգրուան մը չէ որ կը սկսի, ոչ ալ համակարգային փոփոխութիւն կրնայ տեղի ունենալ:
Արդե՞օք ժողովրդավարական կանոններու վերադարձ, թափանցիկ քաղաքականութեան կիրարկում թէ պարզապէս արդէն որոշուած…գէթ քանի մը շաբթուայ համար ստեղծուած ժողովրդավարական մթնոլորտ մը:
Այս հարցադրումներն ու ստեղծուած ներկայ իրավիճակը մէկդի դրած, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, արդէն իսկ շաբաթներ առաջ յատուկ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը ներկայացուց այս ընտրութիւններուն իր նախընտրական ծրագիրը:
Գլխաւորութեամբ Արծուիկ Մինասեանի, Հ.Յ.Դաշնակցութեան թեկնածուներուն համար խիստ կարեւոր է այս քաղաքապետական ընտրական հանգրուանը, որ առիթ մը կը ստեղծէ աւելի մօտէն քննելու հանրային կեանքն ու մարդկային իրաւունքներու իրավիճակը: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ փորձառու եւ մասնագիտացած ընտրացանկով մը: Թեկնածուները մեծ հետեւողականութեամբ կը հետեւին անցուդարձերուն եւ զանազան խնդիրներու լուծման համար, իրենց լաւագոյնը կրնան տրամադրել:
«Սա Երեւանն է, այստեղ դու տանն եսե կարգախօսով եւ արդէն իսկ մանրամասն թղթածրարով մը, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ազդանշանը տուած է Մայիս 31, 2009ին կատարուելիք այս ընտրութիւններուն, որուն յաղթականը, Հայաստանի ներկայ Հանրապետութեան անդրանիկ ընտրուած քաղաքապետը պիտի ըլլայ:
Read Time:1 Minute, 13 Second