ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

0 0
Read Time:8 Minute, 34 Second

Մ.Մ.

Արեւելեան Ամերիկայի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Օշական Ս. Արք. Չoլոյեան
Արեւելեան Ամերիկայի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Օշական Ս. Արք. Չoլոյեան

Հայկական Ցեղասպանութեան 94ամեակի յիշատակման ձեռնարկներու շարքին, Ապրիլ 25, 2009, երեկոյեան ժամը 7ին, Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւն, կազմակերպութեամբ Նիւ Եորքի Հայ Դատի յանձնախումբին: Ձեռնարկին ներկայ էին Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Տ. Օշական Ս. Արք. Չօլոյեան, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ Արմէն Մարտիրոսեան, Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Անդրանիկ Գասպարեան, Առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Նիւ Եորքի հոգեւոր հովիւները եւ մեծաթիւ հայորդիներ:
Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ «Մեր Հայրենիքե օրհներգի եւ «Հայր Մերեի հաւաքական կատարումով: Օրուան հանդիսավար Ռաֆֆի Մահսերեճեան հրաւիրեց Մ.Ա.Կ.ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արմէն Մարտիրոսեանը, արտասանելու համար իր խօսքը: Մեծյարգոյ դեսպանը իր խօսքը սկսաւ ընդգծելով, որ երեք շաբաթ առաջ երբ ձեռնարկի հրաւէրը ստացած էր՝ «Չէի պատկերացնում որ այդ հարցը կը յայտնուի ոչ միայն մեր ազգի, մեր հարեւան պետութեան ուշադրութեան կեդրոնում, այլեւ հայթուրքական յարաբերութիւնները իրենց տեղը գտան միջազգային բոլոր լրատուամիջոցների առաջին էջերինե: Պրն. դեսպանը իր ելոյթը պայմանականօրէն վերնագրած էր՝ «Թուրքիան որպէս Հայաստանի համար մարտահրաւէր եւ որպէս պատեհութիւնե:
Առաջին հերթին ան նշեց, որ 1618րդ դարերուն, հայկական համայնքը Օսմանեան մեծ կայսրութեան մէջ ապրած է բաւական բարգաւաճ վիճակ: Հայերուն շնորհուած էր «վստահելի հպատակեի կարգավիճակ: Հայերը կը տնօրինէին տնտեսական ոլորտները: Անփոխարինելի է հայերու դերը՝ տպագրութեան, մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան ու մշակոյթի տարածման մէջ այդ երկրէն ներս: Հաստատելէ ետք, թէ ՝ «Այսինքն եղել են ժամանակներ, երբ հայ ազգը հնարաւորինս կարողացել է բաւականին չափով օգտուել այդ երկրի կարողութիւններիցե, Դեսպան Մարտիրոսեանը շարունակեց. «Միեւնոյն ժամանակ մեր ազգի ամէնից դաժան ու արիւնոտ էջերը նոյնպէս կապուած են եղել Օսմանեան Թուրքիոյ հետ: Եւ մենք այսօր խօսելով 1915 թուականի Եղեռնի մասին չպէտք է մոռանանք որ դրա հիմքերը դրուել են աւելի վաղ: Խոշոր իրականացումը սկսեց 1896ին, Ապտուլ Համիտի ժամանակ, յետոյ շարունակուեց 20րդ դարի սկզբին՝ Ատանայի մասսայական ոչնչացումների ժամանակ ու ի հարկէ ողբերգական կոմպինացիային հասաւ 1915 թուական, երբ ոչնչացուեցին 1.5 միլիոն մեր հայրենակիցները եւ Հայաստանը զրկուեց իր պատմական տարածքներիցե:
Անցնելով նոր հանգրուան, Պրն. դեսպանը յիշեցուց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման առաջին իսկ օրուընէ Թուրքիան կը շարունակէ իր աւանդական քաղաքականութիւնը՝ շրջափակման տակ պահելով Հայաստանն ու Ղարաբաղեան խնդրին գծով անսահման աջակցութիւն ցուցաբերելով Ատրպէյճանին:
Միւս կողմէն, պրն. Մարտիրոյեան ուշադրութեան յանձնեց, որ այսօր Թուրքիան կը հանդիսանայ Հայաստանի «առեւտրական ամենախոշոր գործընկերըե: Երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի քանակը կրկնապատկուելով այսօր կը կազմէ 270 միլիոն տոլար եւ իր ծաւալով կը զիջի միայն Ռուսաստանին, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսային:
Դեսպան Մարտիրոսեանը կարեւորութեամբ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ա. Կիւլը Երեւան հրաւիրելու նախագահ Ս. Սարգսեանի նախաձեռնութիւնը եւ անկէ ծնունդ առած «Ֆութպոլային քաղաքականութիւնըե պէտք է անպայման դիտարկել համաշխարհային փոփոխութիւններու շրջագծէն ներս՝ Իրաքի պատերազմ, Վրաստանի խնդիր, Օպամայի ընտրութիւն, ՌուսաստանԱՄՆահանգներ մերձեցում եւ ընդհանրապէս համաշխարհային հարցերու մօտեցման եղանակի փոփոխութիւն, ուր երկխօսութեան երանգն է տիրողը:
Արմէն Մարտիրոսեան, միաժամանակ շեշտեց. «Մեր բոլոր բանակցութիւնների ժամանակ մենք շատ յստակ հասկացրել ենք, որ որեւիցէ զիչում մեր ազգային շահերի հաշուին բացարձակապէս չի լինի եւ դրա մասին ՀՀ պատրաստ չէ եւ ցանկութիւն չունի անգամ խօսելու: Մեր նախապայմանը մնացել է նոյնը. այսինքն՝ ՀՀ պատրաստ է Թուրքիայի հետ իր յարաբերութիւնները կարգաւորել բացարձակապէս առանց որեւիցէ նախապայմաններիե: Անդրադառնալով Ապրիլ 22ի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միացեալ յայտարարութեան եւ այնտեղ նշուած ճանապարհային քարտէզին (Road Map), մեծարգոյ դեսպանը ըսաւ. «Ի սկզբանէ ուզում եմ ասել, որ ես այդ փաստաթուղթը դեռ չեմ տեսել, եւ որքան որ ես հասկացայ նա դեռ մնալու է որոշակի գաղտնիութեան մէջ մինչեւ չամփոփուի, որոշակի տեսքի չբերուի: Բայց հիմնական խնդիրը հետեւեալն է, որ փաստաթուղթի կոնսեպցիան նա է, որ նախապայմաններ որեւիցէ մի կողմ չի դրել այս քարտէսը նշանակելուց: Այսինքն՝ նշուել են այն քայլերը  որոնք պէտք է իրականացուեն յարաբերութիւնների կարգաւորման համար եւ որոշ հարցերի շուրջ յաջողուել է համաձայնել ժամկէտների վերաբերեալե: Աւելցնելով, որ կը հասկնայ Սփիւռքահայութեան մտահոգութիւնները, Ա. Մարտիրոսեան շեշտեց. «Ես հաւաստիացնում եմ մի անգամ եւս որ այս հարցում, ՀՀը Թուրքիայից ոչ մի նախապայման չի ընդունելու եւ դրա մասին տեղեակ են նաեւ միջնորդ կողմերը: Իսկ միջնորդ կողմերը բաւականին լուրջ երկրներ են՝ ԱՄՆ, ԵՄ, վերջին մէկուկէսերկու տարիների ընթացքում բաւականին կոնստրուկտիւ դերակատարում է խաղացել ՌԴե: Մեծարգոյ դեսպանը այստեղ աւարտեց իր ելոյթի առաջին բաժինը, խոստանալով աւելի ուշ անկեղծ ու սրտբաց զրոյց ունենալ ներկաներուն հետ եւ պատասխանել հարցերուն:
Յաջորդ խօսք առնողն էր Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի ԿԵդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Անդրանիկ Գասպարեան, սկսաւ ընդգծելով, թէ նոր Ապրիլ 24 մըն ալ անցաւ եւ մենք այսօր պէտք է պատասխանենք՝ «Ո՞ւր կանգնած ենքե հարցումին: Վերջին օրերու իրադարձութիւններու լոյսին տակ, պէտք է խոստովանիլ, որ ձեզի հետ մեծ յուսախաբութիւն կը բաժնեմ: Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի եւ այլ մայրաքաղաքներու մէջ դժուար աշխատանքներէն, լոպիինկի ճիգերէն ետք՝ կը զգամ որ ոչ միայն մեր ժողովուրդը այլ նաեւ՝ մեր հարցը  «լքուած էե
Ընկ. Գասպարեան լուսաբանեց ըսելով. «Մենք արդարութիւն կը պահանջենք եւ կը ջանանք անպայման ապահովել Ցեղասպանութեան ճանաչումը թէ° Թուրքիոյ եւ թէ այլ երկիրներու կողմէ: Անշու°շտ, մենք անկէ շատ աւելին կը պահանջենք: Ճանաչումը միայն ենթահողը պիտի ըլլայ դէպի հատուցում եւ պատմական մեր իրաւունքներըե:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան, ան շեշտեց. «Թուրքիան մեծապէս կը յենի ժամանակի եւ Ա.Մ.Ն.ի վրայ՝ ոչ միայն ուրանալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլեւ՝ քրտական իրաւունքները, Կիպրական խնդիրը եւ սեփական քաղաքացիներուն ազատ արտայայտութեան իրաւունքը: Հետեւաբար, իրապէս չափազանց վճռական է ապահովել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումը Ա.Մ.Ն.ի կողմէ, որու պիտի յաջորդեն հատուցումը, որ արդարութիւն պիտի ապահովէ մեր նահատակներու հոգիներուն եւ պիտի երպաշխաւորէ Հայաստանի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնըե:
Ընկ. Գասպարեան յիշեցուց՝ «Տարիներէ ի վեր լոպիինկի մեր աշխատանքը կը ծաւալի երկու զուգահեռ ճակատներով. Մէկ կողմէն՝ Քոնկրէսի մէջ ապահովել Հայկական ցեղասպանութեան բանաձեւ ընդունումը, միւս կողմէ՝ 24 Ապրիլի ուղերձին մէջ ապահովել նախագահի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումըե:
Նշելով որ անցեալ 8 տարիներուն այս աշխատանքը բաւական դժուարութեան հանդիպած էր յատկապէս նախագահ Պուշի վարչակազմի պատճառով, ան ընդծեց. «Կը թուէր, թէ 2009ը պիտի ըլլար այդ տարին, երբ Ա.Մ.Ն.ի համար չընդունելու պատրուակ չկար: քոնկրէսի մեծամասնութիւնը մեր բարեկամներն էին: Օպաման այն նախագահն էր, որ աշխարհի հանդէպ Ա.Մ.Ն.ի արտաքին քաղաքականութիւնը դէպի նոր ուղղութիւն կը թեքէ: Ան մարդկային իրաւունքներու եւ ընկերային առաջդիմութեան յանձնառու նախագահն է: Հետեւաբար, երբ ընտրապայքարի սկիզբը խոստացաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ՝ մեզմէ շատեր հաւատացին ատոր: Թէեւ գիտենք, որ մեծ երկիրներու քաղաքականութիւնը տգեղ գործ է, բայց հաւատացինք որ ա°յս է այդ տարինե:
Ընկ. Գասպարեան շարունակեց. «Երբ Օպամա Թուրքիա այցելեց՝ այնտեղ «Ցեղասպանութիւնե բառը չգործածեց, բայց բաւական զօրաւոր հաստատումներ կատարեց: Ոմանք կ°ակնկալէին, որ ան իր խոստումը պիտի չյարգէ, իսկ ուրիշներ՝ վստահ էին, որ պիտի յարգէե: Շարունակելով, ան պարզաբանեց. «Մեծ եղեռնեը ոչ թէ քաղաքական, այլ՝ զգացականմշակութային ըմբռնում է: 1915 Ապրիլ 24ի կատարուածը քաղաքական սահմանումը Ցեղասպանութիւն է, որուն կը յաջորոդեն քաղաքական հետեւանքներե:
Ընկ. Գասպարեան յատկապէս շեշտեց, որ թէեւ յուսախաբ է նախագահ Օպամայի կեցուածքէն, սակայն իրեն համար ատիկա անակնկալ չէր: Ան ընդգծեց, թէ իրեն համար անհասկնալի կը մնայ Հայաստանի իշխանութիւններու կեցուածքը, երբ կամաւոր կամ ակամայ մասնակից դարձաւ այս արարքին: «Մենք տակաւին բացատրութիւն կը սպասենք. ինչպէ՞ս Հայաստանի իշխանութիւնը կ°ընդունի Ճանապարհի քարտէզ ստորագրել Ապրիլ 22ին, Ապրիլ 24էն միայն  2 օր առաջ, այսպիսով Ա.Մ.Ն.ին ընծայելով ամէնէն յարմար միջոցը՝ «Ահա երկու կառավարութիւնները կը փորձեն իրենց խնդիրները լուծել: Թող իրենք փորձեն այդ խնդիրները լուծելե: Ահա այսպէս ըսած էր փոխնախագահ Պայտընը Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետին «Մենք մեր սկզբունքին հաւատարիմ ենք, բայց երբ նախագահ Ս. Սարգսեան կ°ըսէ թէ իրենք այժմ կառուցողական երկխօսութեան սկսած են, մնեք կ°ուզենք այդ առիթը իրենց տալե:
Խօսելով այդ յայտարարութան բովանդակութեան մասին, ընկ. Գասպարեան շեշտեց. «Մենք պէտք չէ ԱՄՆերուն ընծայենք ցեղասպանութեան ճանաչումէն խուսափելու միջոց. Այդ մէկը բացարձակապէս անընդունելի է Հայաստանի կառավարութեան կողմէե: Ան նաեւ համոզում յայտնեց, որ «Ճանապարհի քարտէսի մասին յայտարարութիւնն ու այդ պահը շատ աւելի կարեւոր էր քան նոյնինքն՝ քարտէզը, մե°ր ստորագրութեամբ, այսպիսով աղբաման նետելով Սփիւռքահայութեան տարիներու լոպիինկի աշխատանքը: Ասիկա մեր երեսին ապտակ մըն է: Բայց առաւելապէս հայութեան շահերուն վնասող  քայլ է: Հայաստանեան կարգ մը գործիչներ կը մտածեն թէ Ցեղասպանութիւնը Հայաստանի քաղաքականութեան մաս չէ: Կը սխալին: Թուրքիոյ նման  բազմաթիւ իմաստներով աւելի զօրաւոր պետութեան մը դէմ դնելու համար մեր լաւագոյն միջոցներէն մէկը Ցեղասպանութիւնն է: Այն միջոց մըն է Թուրքիան, որպէս անարդար եւ կողմնակալ միջնորդ Ղարաբաղեան հարցէն դուրս պահելու համարե:
Ան վրդովմունքով ընդգծեց, որ «Մինչ Թուրքիոյ նախագահ Կիւլ յայտարարութեան յաջորդ օրն իսկ բողոքած էր նախագահ Օպամայէն պահանջելով այնտեղ աւելցնել «Հայերու կողմէ թուրքերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան նշումե, Հայաստանի իշխանութիւններու հակազդեցութիւնը լռութիւն է: Հայաստանի իշխանութիւնը արդիւնաբեր դիւանագիտութիւն պէտք է վարէե:
Ընկ. Գասպարեան աւելցուց, որ յառաջիկայ օրերուն ՀՅԴն դուրս պիտի գայ Հայաստանի կառավարութենէն, որովհետեւ՝ «Մենք կը հաւատանք, որ վերջին օրերու իրադարձութիւնները հիմնականօրէն կը վնասեն մեր ազգային շահերուն: Ես չեմ ըսեր թէ խաղը աւարտած է: Այլ անկէ շատ հեռու է եւ Սփիւռքը այնտեղ մեծ դեր ունի: Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը մեզ գործընկեր կ°ուզէ տեսնել, պէտք է Սփիւռքին ականջ տայե:
Ապա, գործադրուեցաւ գեղարուեստական բաժինը, մասնակցութեամբ՝ Երազ պարախումբի, Ս. Լուսաւորիչ Ամենօրեայ եւ Սրբոց Նահատակաց շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն, որոնք հայրենասիրական երգերով ու արտասանութիւններով վերանորոգեցին իրենց ուխտը: ՀԵԴի երկու անդամներ Ցեղասպանութենէն փրկուած ականատեսներու վկայութիւններ ներկայացուցին:
Այնուհետեւ կրկին խօսք առաւ Մ.Ա.Կ.ի մօտ ՀՀի ներկայացուցիչ Արմէն Մարտիրոսեան, որ յատկապէս ընդվզած ընկ. Ա. Գասպարեանի ելոյթին մէջ հնչած գաղափարներէն, փորձեց արդարացնել Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան քայլերը: Անոր համաձայն՝ Սփիւռքահայութիւնը զգացական հայրենասիրութեամբ ապրելու եւ հարցերը առարկայօրէն չդիտելու կեցուածքներէն պէտք է զգուշանայ: Այնուհետեւ, ներկաները ուղղեցին իրենց հարցումները, որոնց ընդմէջէն գլխաւորաբար իրենց զայրոյթը փոխանցեցին Հայաստանի իշխանութիւններու վերջին արարքներուն վերաբերեալ:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Արեւելեան Ամերիկայի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Օշական Ս. Արք. Չoլոյեան եւ անդրադառնալով երեկոյի ընթացքին հնդած գաղափարներուն ըսաւ. «Ես կը խօսիմ որպէս հոգեւորական, որ իր պատմութեան որոշ չափով տեղեակ է եւ տարբեր անկիւն ունի իր ազգային գոյութիւնը, ի°ր գոյութիւնը հասկնալուե:
Սրբազան Հայրը իր խօսքը շարունակեց յիշեցնելով՝ «Ամէն տարի Ապրիլ 24ին, թուրքերը ճարպիկութեամբ բան մը կը հնարեն եւ ես ամէն տարի այս օրերուն երբ քոնկրէսմէններ ու սենաթորներ կը տեսնեմ, նոր հարցերու դիմաց կը գտնուիմ: Օրինակ՝ մէկ անգամ TARCը կար՝ թէ ինչո՞ւ Ցեղասպանութեան հարցը պատմագէտներու չձգենք: Ինծի կը հարցնեն՝ քու կարծիքդ ի՞նչ է: Դիւանագիտական պատասխան չեմ կրնար տալ. ես կը պատասխանեմ իմ ազգիս զգացումերը արտայայտելով՝ որովհետեւ կարելի չէ մեր Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը այդ սեղանին վրայ լուծել: Վերջին անգամ ինծի ըսին՝ Թուրքիան եւ Հայաստանը արդէն բարեկամութիւն կ°ընեն, արդէն իրարու հետ կը խօսին: Կը տեսնէ՞ք, ամէն անգամ թուականները կ°օգտագործուին աւելի ճարպիկ, աւելի ազդեցիկ, պետութիւններու ու մարդոց կողմէ, որպէսզի մտքերը պղտորենե:
Ընդգծելով, որ կասկած չունի թէ Սփիւռքահայերը համոզուած չեն այդ յայտարարութեան պահու նպատակայարմարութեամբ, Սրբազան Հայրը շեշտեց՝«Ես թուրքին չեմ հաւատար: 1908ին Սահմանադրութիւն մը հռչակեցին, յաջորդ տարին Կիլիկիոյ հայութիւնը ջարդեցին: 1914ին Պերլինի դաշնագրին համաձայն քննիչներ եկան Հայաստան, անոնք գացին, մէկ տարի վերջ մեզ ջարդեցինե:
Ապա, ան կանգ առաւ «Հայու Ոգիե կոչուած երեւոյթին վրայ եւ շեշտեց. «Հայկական ոգին հասկացողութիւն մըն է, որ ոեւէ տրամաբանութենէ վեր է: Անիկա հաւաքական բնազդի մէկ արտայայտութիւնն էե: Օրինակ բերելով Վարդանանց պատերազմի նախօրեակին Վասակ Սիւնիի «դիւանագիտականե մօտեցումը, Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ այդ պահուն, սակայն յաղթողը եկաւ հայու ապրելու բնազդը, Հայու ոգին, որ ամէն դիւանագիտական հաշիւ մէկ կողմ դնելով, ի°ր գոյութիւնը պահպանեց: Սրբազան Հայրը իր խոր վստահութիւնն ու հաւատքը յայտնեց՝ ամէն կացութեան մէջ ամէնէն ճիշդ կողմնորոշուելու Հայու Ոգիի ունակութեան:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչեով:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles