ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏ

0 0
Read Time:2 Minute, 17 Second

Մայիս 30, 2011-ին, Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի անդրանիկ նիստը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունեց ներկաներուն մասնակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի անդրանիկ նիստին:
Նախագահը նիստի մասնակիցներուն տեղեկացուց, որ յանձնախումբը ընդլայնած է իր կազմը` ընդգրկելով նաեւ “Գալուստ Կիւլպենկեան“ հաստատութեան տնօրէններու խորհուրդի տեսուչ, Մեծն Բրիտանիոյ, Իրլանտայի եւ հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար Մարթին Եսայեանը եւ Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք ընդունեցին յանձնախումբին մաս կազմելու իր առաջարկը եւ յատկապէս անոնց, որոնք յատուկ այս անդրանիկ նիստին մասնակցելու համար ժամանեցին Հայաստան: Նախագահը մասնաւորապէս ըսաւ. “Այլ բան չէի ակնկալեր, քանի որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը մարդկութեան դէմ գործուած այդ յանցագործութենէն 96 տարի անց տակաւին բաց է բոլորիս իւրաքանչիւր հայու համար: Բաց է, քանի որ կարելի չէ ընկալել եւ հասկնալ պետութեան մը կողմէ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ ծրագրուած եւ իրականացուած բնաջնջման քաղաքականութիւնը: Բաց է, քանի որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրագործուած ոճիրին հետեւանքները մինչեւ այսօր չեն վերացուած‘ հակառակ իննուկէս տասնամեակներուն: Բաց է, քանի որ այսօր կան մեծ եղեռնը իրականացնողներու ուրացող հետեւորդներ, որոնք ջանք եւ եռանդ չեն խնայեր հայոց պատմութեան այս սեւ էջը խեղաթիւրելու համար: Բաց է, քանի որ Մեծ եղեռնը ուրացողները մեր ողբերգութիւնը կը դիտեն իբրեւ զուտ միջազգային քաղաքականութեան մէջ իրենց համար անյարմարութիւններ ստեղծող երեւոյթ եւ չեն ընկալեր իրենց ապաշխարանքով հատուցելու անհրաժեշտութիւնը“:

Ըստ նախագահ Սարգսեանի, հայերը խաղաղ ժողովուրդ են, անոնք պատրաստ են իբրեւ հաւասարը հաւասարի հետ, արժանապատուութեամբ խօսելու, քննարկելու եւ համագործակցելու բոլորին, ներառեալ իրենց դրացիներուն հետ: Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ անկախ ամէն բանէ, “Մենք երբեք պիտի չհանդուրժենք Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ անարգանքը անմեղ նահատակներու յիշատակին նկատմամբ“:

“Մենք պատասխանատու ժողովուրդ ենք, որ վերապրելով Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անցնելով 20-րդ դարու բազմաթիւ արհաւիրքներէն, անկախ, հպարտ եւ յաղթական մուտք գործեց 21-րդ դար: Դառնալով միջազգային հանրութեան լիիրաւ անդամ, մենք երբեք չկուրցանք մեր վիշտէն, երբեք երես չթեքեցինք այլ ժողովուրդներու տառապանքներէն, այլ հետեւողականօրէն պնդեցինք ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման եւ անխուսափելի պատժումին անհրաժեշտութիւնը:

“Մենք երախտապարտ ժողովուրդ ենք, որ շնորհակալ է բոլոր մարդոց, որոնք պատմութեան ծանր պահուն օգնութեան ձեռք մեկնած էին‘ փորձելով պաշտպանել եւ օժանդակել մեզի: Մենք անոնցմէ ոչ մէկը մոռցած ենք, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախաձեռնութիւնները անոնց յիշատակը ոգեկոչելու նոր հանգրուանը պիտի ըլլան“, նշեց նախագահ Սարգսեան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի առաջին նիստի օրակարգային հարցերու շարքին յանձնախումբի քարտուղար, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Տեմոյեան զեկուցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպման, պետական յանձնախումբի խորհրդատուական խումբ ձեւաւորելու առնչուած հարցերուն մասին: Անկէ ետք Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող շրջանային յանձնախումբերու ձեւաւորման եւ իրականացուող աշխատանքներու համադրման վերաբերեալ հարցը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալբանդեան յանձնախումբին ներկայացուց արտերկրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հարցը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles