Լուսանկարներ` Իննա Մխիթարեանի
Հայաստանի Ազգային ժողովը, անցեալ շաբթուան ընթացքին 91 թեր եւ մէկ ձեռնպահ ձայներով ընդունած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի համաներում յայտարարելու առաջարկը, որ կը զուգադիպէր Հայաստանի անկախութեան հռչակման 20-րդ տարեդարձին:
Այս առթիւ, ազատ արձակուեցան մօտ 800 բանտարկեալներ:
ʼʼԱրթիկʼʼ բանտէն Մայիս 27ի երեկոյեան, ազատ արձակուեցաւ ʼʼՀայկական Ժամանակʼʼ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Նիկոլ Փաշինեան, որուն դիմաւորեցին հարազատները, համակիրներն ու լրագրողները:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Փաշինեան ըսաւ, թէ պիտի շարունակէ պայքարը: ʼʼՀայաստանը ազատելու ենք աւազակապետութիւնից, մինչեւ յաղթական աւարտ պայքարելու եմʼʼ, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ընդդիմութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որ հնարաւոր չափով արագ տեղի ունենան արտահերթ ընտրութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 19, 2010-ին, ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը Նիկոլ Փաշինեանը մեղաւոր ճանչցած էր 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն հետեւած իրադարձութիւններուն ժամանակ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելուն համար, եւ դատապարտած զայն եօթը տարուան բանտարկութեան: Մարտ ամսուն, Վերաքննիչ դատարանը անփոփոխ գտած էր ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի վճիռը, սակայն որոշած էր համաներում կիրառել ու կրճատել անոր չկրած պատիժին մասը:
Նոյն օրը ʼʼԴատապարտեալներու հիւանդանոցʼʼ բանտէն ազատ արձակուեցաւ նաեւ նախկին պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանը, որ իր կարգին նշեց, թէ պիտի պայքարի ժողովուրդի ազատութեան համար:
Հայ Ազգային Քոնկրէս-Իշխանութիւն երկխօսութեան անդրադառնալով` Սասուն Միքայէլեան նկատեց. ʼʼԻշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը նոր ռազմավարութիւն են ընտրել: Ինչ որ տեղ ես կարծում եմ, որ նման բան Հայաստանում առաջին անգամն է ձեւաւորուել. կառուցողական ընդդիմութիւն-իշխանութիւն երկխօսութիւնը հրապարակային է: Այսինքն, օձի ու արջի պատմութիւն չլինի. եթէ իրօ՛ք մաքուր երկխօսութիւն է, ես ընդունում եմ, որովհետեւ մեր երկրի արտագաղթը, սոցիալ-տնտեսական վիճակը, Ղարաբաղի հարցը պէտք է առաջնային լինեն: Մենք միշտ մասնատուել ենք, ճակատագրական պահին մասնատուել ենք: Եթէ Կոնգրեսը գտնում է, որ իրօ՛ք ճիշդ երկխօսութիւն է գնում, ապա պատրաստ եմ Կոնգրեսին հետ պաշտպանել եւ գնալ առաջʼʼ:
Անդրադառնալով իր սրտի հիւանդութեան բուժման` Միքայէլեան ըսաւ.-
ʼʼ Իմ սիրտը լեռներում է: Հիւանդութիւնս բուժելու համար էլ ես ոչ մի տեղ չեմ գնայ: Ես պարտուող չեմ որոշ մարդկանց պէս… մնալու եմ, պայքարելու եմ: Թէկուզ հարթակում սիրտս կանգնի, ես իմ ժողովրդի հետ կը լինեմ: Իմ առողջութիւնը իմ ազգինն է: Երբ սիրտս կանգնի, թող կանգնի… ʼʼ:
Արցախեան հիմնախնդիրի լուծման արդիւնքով ազատագրուած տարածքներու հնարաւոր վերադարձման մասին հարցումին անդրադառնալով, ան յայտնեց.- ʼʼԵս կռուող տղայ եմ ու ոչ մի տարածք չունեմ վերադարձնելու` անկախ քաղաքական հայեացքներից: Ես իմ քաղաքականութեան մէջ միշտ հոգի եմ դրել, չեմ կարայ ազատագրուած տարածքները յետ վերադարձնել: Ես զինուոր եմ, ես տարածքներ եմ գրաւել, կը ներէք, ես չեմ գրաւել, ազատագրել եմ…ʼʼ:
Բանտի մուտքին հաւաքուած անոր հարազատներն ու համակիրները մեծ ցնծութեամբ դիմաւորեցին զինք: ʼʼԻմ եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ սեւ բծեր չեն եղել ու երբե՛ք էլ չեն կարող լինել, որովհետեւ ես եւ Սերժ Սարգսեանը եղել ենք մարտական ընկերներ, պատերազմի դաշտում մեզ համար եղել է մէկ թշնամի. մենք համամիտ ենք եղել ու պայքարել ենք… մարտական ընկերները երբեք չեն բաժանւում. իսկ քաղաքական դաշտում, մենք չենք կարողացել կողմնորոշուել, համագործակցել: Ես ասել եմ այն, ինչ ասել եմ որպէս Հանրապետական կուսակցութեան անդամ ու ոչ մի բան չի փոխուել իմ քաղաքական հայեացքներում…Ես իմ կեանքի գիտակից տարիքից չեմ սխալուել, ես եղել եմ իմ ազգին զինուոր եւ իմ կրած երեք տարի երեք ամիս կալանքը իմ ազգի ազատութեան համար է, ու բնականաբար` կը շարունակուի: Ի՛նչ դժուարութիւն էլ լինի` ես պայքարելու եմʼʼʼʼ, շեշտեց Սասուն Միքայէլեան:Եւրոխորհրդարանի նախագահ Եժի Պուզէքը ողջունեց Սասուն Միքայէլեանի, Նիկոլ Փաշինեանի, եւ Ատրպէյճանի մէջ` Էյնուլա Ֆաթուլաեւի ազատ արձակումը:
Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ, Եժի Պուզէք կը յայտնէ.- «Ես կ՛ողջունեմ Հայաստանի խորհըրդարանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի որոշումները` խղճի բանտարկեալներու ազատ արձակման վերաբերեալ: Վստահաբար կրնամ ըսել, որ ասիկա ճիշդ ուղղութեամբ քայլ է: Յոյս ունիմ, որ երկխօսութիւնը եւ խօսքի ազատութեան, լրատուամիջոցներու բազմակարծութեան, ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ աւելի բաց վերաբերմունքը առաւել պիտի ամրապնդուի»:
Նշենք թէ Ազգային ժողովին, նաեւ, երրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունուեցաւ նաեւ համաձայնական կառավարութեան ներկայացուցած ընտրական օրէնսգիրքը` 75 թեր եւ 14 դէմ քուէներով: Երրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ` 75 թեր, 13 դէմ եւ մէկ ձեռնպահ ձայներու համեմատութեամբ ընդունուեցաւ նաեւ ʼʼՀանրային ծառայութիւններու մասինʼʼ` կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծը:
Read Time:3 Minute, 2 Second