ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Այս տարի կը լրանայ մեր նորանկախ հայրենիքի կայացման 20-ամեակը, ուստի ուզեցի ամփոփել Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիները, Արցախեան պայքարի առաջին օրերը, 90-ականներու սկիզբը: Գուցէ այդ օրերուն մասին խօսողները կը ծաւալին ու կը խորանան լայն ու ընդարձակ վերլուծումներով, բայց կայ նաեւ այդ տարիներու իրական առօրեան ու անմիջական շփումները: Այդ ամփոփումին պատկերը ոմանց համար մռայլ է, ու անոր համար այդ տարիները ծանօթ են որպէս Հայաստանի մութ ու ցուրտ տարիներ:
Ես կը յիշեմ, 2007-ին, երբ հրապարակի վրայ էր երկքաղաքացիութեան հարցը, ʼʼՈւրբաթʼʼ Ակումբի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ, հայրենի լրագրողներէն մէկը կը փորձէր զիս նեղի մատնել ու հիմնաւորել թէ ինչու ինք համոզուած է որ սփիւռքահայը արժանի չէ ՀՀ քաղաքիցութեան` հռետորական հարց կու տար թէ ո՞ւր էինք մենք Հայաստանի մութ ու ցուրտ տարիներուն, հիմա եկած ենք ու կ՛ուզենք ՀՀ քաղաքացի դառնալ: Թէեւ թիրախը ճիշտ չէր ընտրած, եւ պարզուեցաւ որ հռետորական հարցը կ՛ուղղէ մէկու մը որ Հայաստան կը գտնուէր 1991-1993, բայց լրագրողին մօտեցումին մէջ կ՛ամփոփուէր այդ տարիներուն հայրենի ժողովուրդին կրած ողջ դժուարութիւնները, որոնց շարքին էին պատերազմ, տնտեսական դժուարութիւններ, երկրաշարժի պատճառած աւերակներ, ցոյցեր Ազատութեան հրապարակին մէջ, վառելանիւթի տագնապ, ցուրտ դպրոցներ, համալսարաններ ու բնակարաններ, ճակատներէն եկած նահատակ մարմիններ եւայլն: Հակառակ որ կարելի է պնդել, թէ ամբողջ ժողովուրդը չէր որ իր վրայ կը կրէր այդ դժուարութիւններու ողջ ծանրութիւնը, բայց այնուամենայնիւ իւրաքանչիւրը իր բաժին ծանրութիւնը կրած էր իր ուսերուն:
Եթէ հայրենի հողին վրայ ապրելու քաղցրութիւնը վայելելու ցանկութիւնը քեզի տարած էր Հայաստան, ապա բնական է որ դուն եւս պիտի կրէիր հայրենիքիդ ու հայրենի ժողովուրդիդ ապրած դառնութիւնն ու դժուարութիւնը: Մեր բնակարանին սենեակներէն միայն մէկն էր օգտագործելի, ուր կը ծառայէր որպէս ճաշասենեակ, ննջարան, խոհանոց եւ նստասենեակ եւ կը ջերմանար Սուրիայէն նուէր ստացած մինուճար վառարանով, որովհետեւ այսպէս կոչուած ննջարանին մէջ ջերմաստիճանը նուազ քսան էր: Հացը կտրոնով էր, իսկ դուն որպէս արտասահմանցի կտրոնի իրաւունք չունէիր, ուստի օգնութեան կը հասնէր 60-ականներուն ներգաղթած հարազատդ իր թխած լաւաշ հացով, որ գրաւած էր ննջարանին մէկ անկիւնը: Իբրեւ գաղափարակից Պրոշեանցի ընկերներ Կարօտը, Պետոն, Արմէնը, Վարդգէսը, Հրաչն ու Ապարանցի Անդոն, Բաղրամեանցի Ռոմիկն ու Արարատի Նոր Կեանք գիւղի բնակիչ Վրէժը, Աշտարակցի Վարդանը, Համբարձումը, Թալինցի Մկուչը, Դանիէլը, Սագոն, Ռոլանտն ու Վարդգէսը, Երեւանցի Անիկը (որուն անուանեցի Սօսէ Մայրիկ), Սիսեանցի Աշոտն ու Մասիսը եւ շատ ուրիշներ քեզի հետ կը կիսէին իրենց բաժին ինկած շաքարը, ձէթը, բրինձն ու պանիրը:
Այս բոլոր դժուարութիւններուն վրայ կու գար աւելնալու նոր ծանօթացած, հարազատ դարձած լաւագոյն տղաներուն կորուստը, որոնց ամէն գնով կը փորձէիր պահել ու պահպանել, բայց հայրենիքի կանչը զիրենք կը քաշէր թշնամիին կողմէ սանձազերծուած անխուսափելի պատերազմի դաշտ: Դժուար էր նայիլ Կարօտի աչքերուն մէջ, որ քանի մը օրուայ համար եկած էր Շահումեանէն ու կը պատմէր գաղտնաբար Գետաշէն կատարած իր այցելութեան մասին եւ չնախատեսել անոր կորուստը: Անտանելի ծանր էր Գետաշէնի մարտերու օրերուն պատասխանել Թաթուլի եղբօր կողմէ քեզի ուղղուած հարցումներուն, երբ միայն քանի մը օր ետք գերեզմանին առջեւ պիտի արտասանէիր անոր թամբանականը: Ինչպէ՞ս կարելի էր մխիթարել Աթաբեկի ու Արշաւիրի ընտանիքներուն երբ քանի մը ամիս առաջ միասին կը վայելէիր հայրենի Սեւանը իսկ այսօր անոնք չկան: Ի՞նչ պիտի ըսէիր օդակայանին մէջ դիմաւորած Վիգէն Զաքարեանի մօրն ու քրոջը, որոնք Պէյրութէն եկած էին իրենց ու մեր հերոսի թաղման: Կարելի՞ էր հանգիստ ունկնդրել Վրէժի պատմածը, որ իր սեփական զաւկին հետ կողք կողքի կը մասնակցէր Շուշիի ազատագրութեան մարտերուն: Կրնա՞ս զսպել արցունքներդ երբ կը փոխանցեն իրեն հետ գիշերներ լուսցուցած Վարդան Բախշեանի նահատակութեան կամ Ժիրայր Սէֆիլեանի վիրաւորուելուն մասին, եւ այսպէս հարիւրաւոր կորուստներ ու ցաւեր:
Այսպէս էին Հայաստանի մութ ու ցուրտ տարիները: Բայց իսկապէ՞ս մութ եւ ցուրտ էին: Երբեք: Անոնք աւելի ջերմ ու լուսաւոր էին քան այսօր, որովհետեւ ողջ Հայաստանն ու Արցախը իրենց լաւագոյն զաւակներու արեան գնով ազատութիւն կը կերտէին: Երբեք այնքան մօտիկ չէի զգացած պատմութեան, երբ առանց սպասելու պատմաբաններու գնահատականին` օրը օրին աչքիդ առջեւ կը զգայիր որ պատմութիւն կը կերտուի, Շուշին, Լաչինը, Քարին Տակը, Քարվաճառը կ՛ազատագրուին, Հայաստանի ազգային բանակ կը կառուցուի, պետականութեան հիմքերը արմատ կը նետեն, Ազատութեան հրապարակը հայրենասիրութեամբ տոքորուած ամբոխ կը մէկտեղէ ու հայրենիքի ազատագրութեան համար նուիրաբերած հերոսին դէպի անմահութիւն կ՛ուղեւորէ:
1992 թուականին կ՛այցելէինք նոր ազատագրուած Մեղրիի շրջանի Նիւվատի գիւղ, ուր տեղաւորուած էին Գետաշէնէն մազապուրծ փրկուած հայորդիներ եւ երբ տարեց մամիկի մը ներկայացանք որպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ մամիկը շատ անտարբեր էր, իսկ երբ յայտնեցինք որ մենք Թաթուլ Կրպէյեանի ընկերներն ենք, մայրական անհուն սիրով գրկեց ու համբուրեց ըսելով, որ Թաթուլի հերոսութեան շնորհիւ է որ շատ մը գետաշէնցիներ փրկուած են, ու այնտեղ հասկցայ որ այդ մթութեան, ցուրտի ու ահաւոր պատերազմի մէջ հերոսները իրենց նուիրումով, Գէորգ Չաւուշի, Դրոյի ու Նժդեհի օրինակով լուսաւոր ճաճանչներ պարգեւած են մեր ժողովուրդին, եւ ամենակարեւորը` որ այդ ճաճանչները երեւելի են ոչ միայն ժամանակի հեռաւորութեան վրայ ու պատմաբանի արժեւորումով, այլ օրին, ականատեսի հաստատումով:
Նոյն այդ օրերուն, Հայաստանի ու Արցախի վրայ տարածուած մեր տեսած ու զգացած ջերմութեան ու լուսաւորութեան երկնակամարը կուգար մթագնելու վերնախաւի վարած քաղաքականութիւնը, ազգային արժէքները կեղծ քաթեկորեայ նկատելով, Ժելեզնաւոտսք ստորագրելով, Շահումեանի օգնութեան հասնելիք ուժերու ուշացումով, ազգը նարինջ եւ ʼʼքարթոշքաʼʼ ուտողներու բաժնելով, արուեստականօրէն ուժանիւթի ճգնաժամ ստեղծելով, կամայական ձեւով ատոմակայան փակելով, իշխանական աթոռներու պահպանման համար սեփական ժողովուրդին վրայ կրակելով, եւ ուրիշ այլ քայլերով: Այս թուածներէն իւրաքանչիւրին մասին կարելի է առանձին ու երկար խօսիլ ու հիմնաւորել, բայց փաստը կը մնայ այն, որ այդ բոլորը այսօր կարելի է խղճի հանգստութեամբ նետել պատմութեան աղբամանը եւ մեզի ժառանգ կը մնայ այդ տարիներու բերած լուսաւոր նուաճումները, որովհետեւ վերնախաւէն եկած մթութիւնն ու ցուրտը չքացան ժողովուրդին ու հերոսներուն բերած լոյսով ու ջերմութեամբ: Ճիշտ է, որ այդ բոլոր քայլերը մեր ենթակիտակցութեան մէջ այդ տարիներուն հետ կապուած արմատացուցած են ʼʼմութʼʼ եւ ʼʼցուրտʼʼ արժեւորումը, բայց նոյնքան ճիշտ է, որ այդ բոլորը մեր ետին թողած արդարօրէն կը հպարտանանք այդ տարիներու ջերմութեամբ ու լուսաւորութեամբ եւ կը յիշենք թէ ինչպէս ամբողջ ազգը, հայրենիքով ու Սփիւռքով, որպէս մէկ բռունձք ուս ուսի օգնութեան ձեռք կը մեկնէին մէկը միւսին ու դէմ կը դնէին անարգ թշնամու նկրտումներուն: Այդ օրերուն նիւթապաշտութիւնը վերացած էր, սահմանափակ հնարաւորութիւններով հարեւանը օգնութեան ձեռք կը մեկնէր հարեւանին, ինքնաշարժ վարողը անվճար կը տեղափոխէր անծանօթ քայլողին, հայրենիքի պաշտպանութեան կը նետուէին կամաւոր կերպով, արտերկրի հայը հայրենաբնակին կ՛ընդունէր գրկաբաց, հայրենիքին համար նիւթական օժանդակութիւնները կը կատարուէին անսակարկ, հայրենիքէն հեռանալը հաշտ աչքով չէր դիտուեր եւ ʼʼԴէպի Երկիրʼʼ կարգախօսը վարակած էր շատերուն: Ապա հարց կը ծագի, ա՛յդ տարիներն էին թէ՞ այս տարիները մութ ու ցուրտ: