ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ.- XX ԴԱՐԻ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒՄ Հեղինակ` Արմենուհի Ստեփանեան, Երեւան, 2010

0 0
Read Time:5 Minute, 6 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ Հայաստանէն արտագաղթի ալիքները մտահոգութեան զանգեր կը հնչեցնեն ի Հայաստան եւ ի սփիւռս հայութեան, Երեւանի մէջ 2010ի վերջերուն լոյս տեսած է հետաքրքրական եւ ուշագրաւ հատոր մը` Արմենուհի Ստեփանեանի ʼʼXX Դարի Հայրենադարձութիւնը Հայոց Ինքնութեան Համակարգումʼʼ ուսումնասիրութիւնը:
Խորագիրը քիչ մը խաբուսիկ է, այն իմաստով, որ հեղինակը ունի ըստ բաւականին ընդարձակ ներածական մը, ուր հայութեան դէպի մայր հայրենիք դարձի` ներգաղթի ալիքներու դարաւոր պատմականը կը ներկայացնէ հակիրճ կերպով, ցոյց տալու համար, որ հայրենի հողէն բռնի հեռացող հայութեան զաւակներուն համար, հայրենիք վերադարձը եւ հայրենի հողին վրայ հայօրէն ապրելու տենչը միայն Ի. դարու ծանօթ ներգաղթներով չէ սահմանափակուած:
Հատորի սկզբնաւորութեան տեղ գտած` ʼʼՀեղինակին բացատրականʼʼէն ու աւելի քան 15 էջ բռնող յիշեալ ներածականէն ետք, Արմենուհի Ստեփանեան յաջորդական վեց բաժիններով կը ներկայացնէ պատմականը` Ի. դարու երկայնքին տեղի ունեցած կազմակերպ կամ կիսակազմակերպ ներգաղթի այն ալիքներուն, որոնք ուշագրաւ երեւոյթ են մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, արձանգրուած` տարբեր գոյներով, որոնց մէջ, դժբախտաբար, մութն ու կարմիրը տիրական են:
Ըլլալով Ռումանիայէն ներգաղթող ընտանիքի զաւակ, հետեւաբար ապրելով հայրենադարձութեան աղուոր զգացումին վաղանցուկ բերկրանքն ու անոր հետեւած բազմերանգ դառնութիւնները, Ա. Ստեփանեան տասնամեակներ առաջ լծուած է այս հատորի պատրաստութեան անհրաժեշտ նիւթերու հաւաքագրման: Ըստ էութեան ուսումնասիրական նկարագիր ունեցող այս հատորը կարելի է նաեւ արդարօրէն կոչել յուշագրութիւններէ քաղուած հաւաքածոյ մը, որովհետեւ անիկա հարուստ է ներգաղթողներէ քաղուած մանրապատումներով, ուր դառն փորձառութիւնները, խաբուած ըլլալու պատրանաթափութիւնն ու ʼʼմութʼʼ զուաթախոհութիւնը (black humour) իրարու հետ մրցումի մէջ են:
Արձանագրենք գլխաւոր բաժիններուն խորագիրները` հակիրճ բացատրականներով, եւ արդէն ընթերցողը ընդհանուր գաղափար մը կ՛ունենայ հատորի բովանդակութեան ու մթնոլորտին մասին: Նշենք, որ իւրաքանչիւր բաժին իր կարգին ունի ենթախորագիրներ, որոնք խորքին մէջ արտացոլացումը կը կազմեն քննարկուած ու արծարծուած հարցերուն, ինչպէս` հայրենադարձ հայութեան դիմագրաւած հարցերը, հայրենի հողին հետ զանգուածներու կապուածութիւնն ու խորհրդային իշխանութեանց (նաեւ անոնց կամակատար հայ իշխանաւորներու) կողմէ հայրենասիրութեան շահագործումը, դաւադրական արարքները` Սիպերիա աքսոր, բռնադատութիւններ եւայլն, որոնք ուղղակի անդրադարձ ունեցան հայրենիքին հանդէպ յատկապէս ներգաղթողներուն եւ ընդհանրապէս հայրենաբնակ հայութեան ոգիի ջլատման մէջ:
Ա.- ʼʼՆերգաղթը` 1919-1920 թթ.ʼʼ.- Մօտաւորապէս 50 էջերու վրայ տարածուող այս բաժինը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան օրով կազմակերպուած ներգաղթը. կը ներկայացուին Ցեղասպանութեան հետեւանքով արդէն իսկ գաղթականներով ծանրաբեռնեալ Հայաստանի հանրապետութեան վիճակն ու, հակառակ ծանր կացութեան` հայութիւնը հայրենի հողին վրայ համախմբելու օրուան իշխանաւորներուն ճիգերը: Այս բաժինը կը տարածուի նաեւ Հայաստանի խորհրդայնացման հանգրուանէն անդին, երբ խորհրդային քարոզչութիւնը առաջին էջերը կ՛արձանագրէր Հայաստանի դուռները հայութեան առջեւ բացուած յայտարարելու իր բազմահատորեակին մէջ:
Բ.- ʼʼՆերգաղթը` 1930ական թուականներինʼʼ.- Հատորին ամէնէն փոքր ենթաբաժանումն է եւ ունի մէկ ընդհանուր ենթախորագիր. ʼʼՀայրենիքը ձեր կարիքն ունի, սփիւռքի եղբայրներ եւ քոյրերʼʼ:
Գ.- ʼʼՆերգաղթը` 1946-1948 թուականներինʼʼ.- Այս բաժինը ընդարձակ ու մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ Բ. Աշխարհամարտէն ետք ստեղծուած մարդագրական-քարոզչական այն պայմաններուն մասին, որոնց մէջ կազմակերպուեցան յետ-բռնագաղթի մեծագոյն ներգաղթը: Լուսարձակի տակ կը բերուին Հայաստանի յետ-պատերազմեան կացութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ հայութեան պահանջատիրութեան կարճատեւ խրախոյսը` Մուսկուայի կողմէ, ապա նաեւ այդ պահանջին պահարան վերադարձ, բայց անաւանդ այն մեծադիր սուտ քարոզչութիւնը, որուն անսալով` բազմատասնեակ հազարաւոր հայեր հրաժարեցան համեմատական բարօրութենէ եւ փութացին Հայաստան, ոչ միայն չքաւորութեան մատնուելու եւ տեղացիներու կողմէ ծանօթ հակակրանքին արժանանալու համար, այլ նաեւ անհիմն ամբաստանութիւններով բռնադատումներու ենթարկուելու եւ Սիպերիա քշուելու: Այս եւ յաջորդ գլուխին մէջ, հպանցիկ քննարկում կը կատարուի նայեւ հայութեան ներքին շերտաւորման, ʼʼհայաստանասէրʼʼ, ʼʼհակահայաստանʼʼ այլանդակ որակումներու ստեծման մասին:
Դ.- Ներգաղթի ատապտացման եւ ինտեգրման գործընթացները.- Ինչպէս նախնթաց, նոյնպէս ալ այս գլուխին մէջ կը նկարագրուին նոյնինքն ներգաղթողներու ներքին շերտաւորումները, նայած` թէ ո՞ր երկրէն կամ ցամաքամասէն (Եւրոպա, Միջին Արեւելք…) եկած են անոնք, ու այժմ կը գտնուին իրենց քիչ ծանօթ իրականութեանց յարմարելու հրամայականին դիմաց: Հեղինակը, ուսումնասիրական մօտեցում ունենալով, չի խորասուզուիր երկար վերլուծումներու եւ քննարկումներու մէջ, այլ կը ներկայացնէ տուեալները, յաճախ վստահելով ներգաղթողներու պատումներէն մէջբերումներու: Կը ներկայացուին արժէքներու բախումի երեւոյթները, աշխատանքային պայմանները, պարէնային սղութեան իրողութիւնն ու անկէ ծագող դժուարութիւնները, մանաւանդ ներգաղթողներուն այն հիասթափութիւնը, որ իրենք վերադարձած են հայրենիքի վերակառուցման նպաստելու համար, սակայն իրենց չ՛արտօնուիր սեփական նախաձեռնութիւններու դիմել աշխատանի մարզերու մէջ, որոհետեւ խորհրդային կարգերը կը հարկադրեն համայնական աշխատանքի արտառոցութիւնը: Այս բոլորին կողքին, ներգաղթի ալինքերը Հայաստանի մէջ կը ստեղծեն ենթամշակոյթներու խճանկար մը, որուն հետքերն ու հետեւանքները կը յամենան նաեւ վերանկախացումէն ետք ալ:
Ե.- ʼʼՆորեկներն ու տեղաբնակները. փոխ-ընկալումներ, փոխ-յարաբերութիւններʼʼ.- Տրամաբանական շարունակութիւնն է նախորդ բաժինին. կը ներկայացուցին լեզուական, կենցաղայն եւ մինչեւ իսկ հագուստ-կապուստի ու ճաշատեսակներու փոխազդեցութիւնները` տեղաբնակներու եւ ներգաղթողներու միջեւ: Բայց ոչ միայն այս:
Զ.- ʼʼՍփիւռքահայերի ներգաղթը. 1960-1970ական թուականներʼʼ.- Վերջին այս բաժինով, հեղինակը կը ներկայացնէ ʼʼՄեծ Ներգաղթʼʼին յաջորդող տասնամեակներուն, մինչեւ ութսունական տարիներ, սփիւռքեան տարբեր շրջաններէ հայերու ներգաղթի պատկերները, որոնք երբեք ալ չունեցան այն տարողութիւնը, ինչպէս որ եղաւ յետ-պատերազմեան տարիներուն: Այս գլուխին մէջ կը շօշափուին նաեւ այն դրդապատճառները, որոնք դարձեալ պանդխտութեան ցուպը կը զետեղեն հիասթափուած ու իրենց զիրենք խաբուած նկատող ներգաղթողներուն ձեռքին:
Ինչպէս նշեցինք, հատորը ուսումնասիրական նկարագիր ունի. վերը արձանագրուած տեղեկութիւնները միայն ստուեր մը կու տան բովանդակութենէն, որ պէտք է կարդալ ամբողջութեամբ, անցնելու համար հեղինակին սրտակից ըլլալէ անդին, իջնելու համար տագնապալի կացութիւններուն խորքը: Հատորը հարուստ է ցուցակներով, որոնք կը պատկերեն տարբեր երկիրներէ ներգաղթողներու թիւը: Հատորին հարստութիւններէն մէկն ալ, էջատակի բացատրականներն են, որոնք ինքնին ունին յաւելուածի տարողութիւն ու արժէք: Հատորի վերջաւորութեան, կան տախտակներ, ուր արձանագրուած են 99 բանասացներուն` հեղինակին իրենց պատմութիւնները պատմողներուն մանրամասնութիւնները (ներգաղթի թուական, սկզբնական բնակավայր եւայլն): Օգտագործուած աղբիւները կը տարածուին աւելի քան 15 էջերու վրայ, ինչ որ ինքնին պերճախօս է: Հատորը կը ներփակէ նաեւ ներգաղթի օրերէն լուսանկարներ, ուր կ՛երեւին տարբեր նաւահանգիստներէ Հայաստան ներգաղթող հազարաւորներ:
Ընդամէն 376 էջ լեցնող հատորը նոր ու կարեւոր ներդրում մըն է աշխատանքի այն դաշտին մէջ, որուն խորագիրն է ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՍՊԻՏԱԿ ԷՋԵՐՈՒՆ ԼՐԱՑՈՒՄԸ: Կատարուած ուսումնասիրութիւնն ու ընկերացող հարուստ տեղեկութիւնները խորքին մէջ դուռ կը բանան տարաբնոյթ ուսումնասիրութիւններու եւ կրնան այդ առումով իբրեւ սկզբնաղբիւր ծառայել:
Ուշագրաւ է, որ վերջին քանի մը տարիներուն, Հայաստանի խորհրդային տարիներու համեմատաբար մութ կէտերը նիւթ կը դառնան յուշագրական թէ ուսումնասիրական հրատարակութիւններու: Անոնցմէ յիշենք վերջերս առյաւէտ մեկնած Ստեփան Ալաճաճեանի, Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի (անգլերէնով) յուշագրութիւնները, Արմինէ Գունտագճեանի ուսումնասիրական հատորը:
Հայրենաբնակ ու ներգաղթած-արտագաղթած հայութեան համար, այդ էջերը շատ ալ մութ ու գաղտնի չեն, որովհետեւ անոնք ապրած են յիշեալ հանգրուաններուն լաւ ու վատ երեսները, համտեսած են անուշն ու դառնը: Այս ու նման հատորներ ուսանելի էջեր են մանաւանդ նոր սերունդներուն եւ սփիւռքի հայութեան համար, նաեւ որոշ յստակացումներ (բայց ոչ արդարացում) կը բերեն այն դառն իրականութիւններուն, զորս այսօր ալ կ՛ապրինք իբրեւ ʼʼժառանգութիւնʼʼ խորհրդային տարիներուն: Այդ ʼʼժառանգութիւնʼʼը ունի տարբեր անուններ, ինչպէս` հայրենի հողի կանչին տկարացում, ժողովուրդ-հող կապի թուլացում, գաղափարական խորքի իմաստազրկում, ու տակաւին` չարաշահութեանց նոր տարբերակներու զարգացում:
Արմենուհի Ստեփանեան կատարած է երախտաշատ աշխատանք մը, որ ըստ ամենայնի ընթերցողին աչքին կը բերէ ծփացող սառցակոյտին ովկիանոսին մակերեսէն դուրս ցցուած մասը միայն:
…Իսկ ո՞վ պիտի ուսումնասիրէ ցայսօր ծաւալող արտագաղթին ծալքերը` խորհրդայիններուն ʼʼսխրագործութեանցʼʼ ժառանգորդ իշխանաւորներուն խաղքութիւնները:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles