ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

Կարելի է պաշտօնապէս անցեալ մը նկատել Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան Թեմին յիսնամեայ յոբելինականը, որ 110 տարուայ պատմութիւն ունեցող Նոր Աշխարհի Հայ  եկեղեցւոյ պատմութեան մէկ մասն է:
Իր ազգային մարմիններով եւ յարակից միութիւններով, կը պահէ առողջ Հայ ընտանիք մը իր տարբեր ու առաջնահերթ բնագաւառներով՝ հոգեւոր, ազգային, բարոյական եւայլն:Ի վերջոյ Հայ օճախէն՝ ընտանիքէն ներս կ°արտացոլան աւանդութիւնները, ազգային գաղափարներն ու արժէքները:
Ազգային Առաջնորդարանը կը գործէ ընտանեկան բաղկացութեամբ:Առ այդ, աշխարհական դասը՝ բաւական շօշափելի համեմատութեամբ, եւ միութենական ներկայութեամբ կ°աշխուժացնեն համայնքային կեանքը:Այսպէս կը ստեղծուի համապարփակ առողջ գաղութային կեանք մը, աշխարհական դասի սերտ մասնակցութեամբ:
Սոսկ տեսութիւններու կամ ուսուցումներու ամբողջութիւն մը չէ այս Առաջնորդարանը, այլ արժէքներու վրայ հիմնուած, կեանքի որակ կերտած սրբատեղի մըն է, որ կը ճառագայթէ իր ճշմարտութիւններով, սկզբունքներով ու արժէքներով:
Հայ եկեղեցին այդ վայրը չէ, ուր միայն կ’երթանք հաւատարմօրէն աղօթելու եւ խորհրդակատարութեանց ներկայ գտնուելու:
Աւելին, եկեղեցին ինքզինք նոյնացուցած է հայ ժողովուրդի հաւաքական կեանքին հետ՝ դառնալով անոր բարոյական արժէքներու աղբիւրն ու հոգեւոր ծառան:Իր յատուկ քրիստոնէական դասընթացքներով եւ կազմակերպած հաւաքներով, Առաջնորդարանը կը տարածէ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, իր բազմաթիւ  արժէքներով, ստեղծելով կազմաւորման մնայուն ընթացք, եւ առիթ ընծայելով որ առաջնահերթ տեղ գրաւէ անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս:
….Եւ դեռ այս բոլորը, այնպիսի դժուար ու դաժան պայմաններու տակ, որ անհրաժեշտօրէն, միայն Հայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելով, սփիւռքահայ զանգուածը զգացած է զօրեղ եւ հաստատակամ:
Հայ ժողովուրդին եւ անոր հաւատքին ծառայած այս եկեղեցւոյ կեանքին մասնակից դառնալով, բազմաթիւ հայրենի օճախներ վերանորոգած են իրենց հաւատքի կեանքն ու մանաւանդ ազգային պատկանելիութիւնը:
Հուսկ բանք, այս սուրբ հաստատութիւնը, հոսանքն ի վեր, կը շարունակէ իր առաքելական  առաքելութիւնը, հաւատք ու աղօթք սփռելով, հայրենաշունչ օճախներու երդիքէն ներս:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles