ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ 51-ՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ԻԼԻՆՈՅԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:11 Minute, 27 Second
Լուսանկար Ալիս Ղարիպեան
Լուսանկար Ալիս Ղարիպեան

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, գումարեց իր յիսունըմէկերորդ նստաշրջանը Մայիս 7էն 9, Կլէնվիուի (Իլինոյ) Ամէնայն Սրբոց եկեղեցւոյ յարկին տակ« նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի:
Երեք օրերու վրայ տեւողութիւն ունեցող այս նստաշրջանը քննարկեց Առաջնորդարանին« Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան միամեայ աշխատանքներն ու արձանագրուած արդիւնքները:Նաեւ« ժողովը մշակեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրները« ապա կատարեց կրօնական ժողովի ու ազգային վարչութեան ընտրութիւնները:
Ազգային վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ ազգայինները՝ Ճէք Մարտոյեան, Ճոն Տաղլեան եւ Տոքթ. Րաֆֆի Մանճիկեան:Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ հոգեւոր հայրերը՝ Արամ Քահանայ Ստեփանեան եւ Սարգիս Քահանայ Ագթաւուգեան:

ՏԱՐԵԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ 

Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ 51-ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ


Անցեալ շաբաթավերջին, Մայիս 7-էն 9,  Կլէնվիուի (Իլինոյ) Ամէնայն Սրբոց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կատարուեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը:51-րդ ժողովին ընթացքին, ներկայացուեցաւ անցեալ տարեշրջանի գործունէութեան տեղեկագիրը:
Նշենք թէ, անցեալ տարեշրջանին, Ազգային ժողովը կատարուած էր Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) մէջ:
Ստորեւ, յապաւումով կը ներկայացնենք տարեշրջանի գործունէութեան տեղեկագրէն մաս մը.-

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Կրօնական Ժողովը, Մայիս 10, 2008-ին, Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ գումարուած Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, ընտրեց իր դիւանը հետեւեալ կազմով.- Ատենապետ՝ Արժ. Տ. Արամ Քահանայ Ստեփանեան, ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քահանայ Թրթռեան եւ խորհրդական՝ Արժ. Տ. Սարգիս Քահանայ Ագթաւուգեան:Տարիներու ընկալեալ սովորութեան նման, Թեմի Ազգային Վարչութեան զոյգ ժողովները՝ Կրօնական եւ Վարչական, գումարուեցան միասին, իսկ Կրօնական Ժողովը ունեցաւ առանձին չորս նիստեր, եւ խորհրդակցական հանդիպումներ ինչպէս նաեւ հեռաձայնային ժողովներ նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Սրբազան Հայր՝ Օշական Արք. Չօլոյեանի:

ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Անցնող տարեշրջանի ընթացքին Սրբազան Հայրը չորս առիթներով գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մայրավանք եւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ քննարկուեցան Կաթողիկոսական եւ Թեմական հարցեր:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընկերանալով Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շքախումբին, որուն մաս կը կազմէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները եւ ուխտաւորներու խումբ մը,  պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Նորին Սրբութիւն Պենետիքտոս ԺԶ Պապին Նոյեմբեր 23-24 2008-ին:Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քիրիլ Պատրիարքի գահակալութեան Փետրուար 2-8, 2009-ին, Մոսկուայի մէջ, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:
Մնայուն յարաբերութիւն մշակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերուն հետ, յատկապէս Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան եւ Քանատայի թեմերուն հետ:Յատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Կիլիկեան Թեմերու Առաջնորդներուն եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետներուն միջեւ Յուլիս 23-24 ին, Մոնրէալի մէջ:Այս առիթով, քննարկուեցան թեմերը յուզող հասարակաց հարցեր, համակարգելու համար այնտեղ կատարուող աշխատանքները՝ քարոզչական, արարողական, ծիսական եւ հրատարակչական կրկնութիւններէ խուսափելու համար:Նաեւ գաղափարներ փոխանակուեցան թեմերէն ներս տարուող կրօնական եւ դաստիարակչական ծրագիրներու մասին:
Միւս կողմէ, Բարեջան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սեպտեմբեր 28-ին մասնակցեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կայացած Միւռոնօրհնէքի արարողութեան:Սրբազան Հայրը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին հետ եւ որպէս համա-ատենապետներ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երկխօսութեան յանձնախումբին, քննարկեցին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան առնչուող, ինչպէս նաեւ տեղական բնոյթ ունեցող հարցեր: Այս հանդիպումները մեծապէս օգտակար եղան, փոխադարձ յարգանքն ու գործակցութիւնը զօրացնելու, ինչպէս նաեւ որոնելու մարզեր ուր համագործակցութեան ձեւեր կարելի է ստեղծել:

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Անցնող տարուան ընթացքին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները պահուեցան կանոնաւոր կերպով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ջանքերով ու մանաւանդ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանի աշխատանքով, որ իր Առաջնորդական Փոխանորդի պաշտօնին առընթեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչն է Ա.Մ.Ն.-ի մէջ, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց եւ կը մասնակցի Համաշխարհային Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ամերիկայի բաժանմունքի ժողովներուն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Ղպտի Եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Շնուտա Պապին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, Փետրուար 14-ին, ներկայ ըլլալով Հայր Պիշոյի Թաղման արարողութեան:
Սրբազան Հայրը որպէս ատենապետ Ամերիկայի մէջ Քրիստոնեայ Արաբ եւ Միջին Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդին (ՔԱՄԱԵԽ), Christain Arab and Middle Eastern Churches Together–(CAMECT), հովանաւորեց համագումար մը, անցեալ Փետրուարին Տիթրոյիթի մէջ, հիւրընկալութեամբ Գաղդէացիներու եկեղեցիին:Համագումարի թեման էր »Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ՝ Հին բայց միշտ Նոր«:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչի հանգամանքով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեէմեզեան ներկայացուցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ երկխօսութեան տարեկան հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ, Յունուար 25-էն Փետրուար 2:
Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Տիկին Նայիրի Պալճեան Պէլ:Ան մասնակցեցաւ Սեպտեմբեր 14-18, 2008-ին,    Էտինպարայի (Սկովտիա, Մեծն Բրիտանիա) եւ Մարտ 7-8, 2009-ին Պուտափէշթի (Հունգարիա) մէջ կատարուած համաշխարհային եկեղեցիներու ժողովներուն:

ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔ

Բարեջան Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Ս. Արքեպիսկոպոս, գլխաւորելով ուխտաւորներու խումբ մը, մասնակցեցաւ հոգեպարար միւռոնօրհնէքի արարողութեան, որ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, ընդհանրապէս, եւ հայ եկեղեցւոյ շրջագծէն ներս ի  մասնաւորի, ունի իւրայատուկ արժէք եւ նշանակութիւն:
Յունիս 7, 2008-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, շրջապատուած Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, Երուսաղէմի Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի ու Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչներով, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ենթակայ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերով, Միւռոնօրհնէք կատարեց բազմահազար ուխտաւորներու ներկայութեան, միախառնելով նոր պատրաստուած Միւռոնի կաթսային մէջ Սուրբ Էջմիածնէն բերուած եւ ապա Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հին Սուրբ Միւռոնը, այնուհետեւ օրհնելով զայն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Սուրբ Աջով:
Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, »Հրաշափառ«ի արարողութեամբ ցնծութեամբ ընդունուեցաւ նոր օրհնուած Միւռոնը եւ այդ առթիւ կատարուեցաւ յատուկ ջրօրհնէքի արարողութիւն:  

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ  ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Ընդառաջելով համայնքներէն եկած հրաւէրներուն, Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գործակցութեամբ Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոսին, իր այցելութիւններով եւ հայրական յորդորներով  բաւարարեց գաղութներու պահանջքները:Այս այցելութիւնները յատուկ առիթներ եղան խանդավառութիւն եւ հոգեւոր վերանորոգութեան ապրումներ ստեղծելու ժողովուրդին մօտ:Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից հոգեւորականաց երեք թեմերու միացեալ չորրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ Փետրուար 16-18, 2009-ին, նախագահութեամբ երեք թեմակալ Առաջնորդներուն՝ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեանի, Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի (Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմ) եւ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Յակոբեանի (Քանատայի Թեմ), հիւրընկալութեամբ Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, եւ մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան երկու Թեմերուն եւ Քանատայի Թեմին մէջ ծառայող հոգեւորականներուն:
Համագումարի խորհրդածութեան գլխաւոր նիւթն էր Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, որուն մէջ, ան 2009 թուականը կը հռչակէր Հայ Երիտասարդութեան Տարի:Հոգեւոր հայրերը վայելեցին Տոքթ. Վահան Գույումճեանի կողմէ ներկայացուած դասախօսութիւն մը՝ նիւթ ունենալով Հովիւ եւ երիտասարդութիւն յարաբերութիւնը ի մասնաւորի երիտասարդութեան դիմակալած տագնապներու շրջագծէն ներս:
Քննարկուեցան նաեւ հովուական կեանքի հետ առնչուած զանազան հարցեր եւ մտահոգութիւններ:
Երեքշաբթի յետմիջօրէին հոգեւոր հայրերը այցելեցին Ֆիլատելֆիոյ մէջ ծառայած եւ վախճանած եկեղեցականներուն՝ Տ. Արսէն Ա Քհնյ. Յակոբեանին, Տ. Արշաւիր Ա. Քհնյ. Սեւտալեանին, Ուաշինկթընի նախկին հովիւ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրներէն Տ. Տիգրան Ա. Քհնյ. Խոյեանի շիրիմները, ինչպէս նաեւ Եղեռնի յուշարձանը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը, այցելեցին Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանը, ուր հանդիպեցան նաեւ աշակերտներուն հետ:
Նոյն երեկոյ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ փոխանցեց օրուան պատգամը:
Բարձր տնօրինութեամբ Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Տ. Օշական Ս. Արքեպիսկոպոսին, Ղեւոնդեանց համագումարի զուգահեռ հաստատուեցաւ հոգեւոր հաւաք մը, նպատակ ունենալով շրջանի հոգեւորականներուն համար ստեղծել ինքնաքննութեան, աղօթքի, եւ խոկումի յատուկ առիթ մը: Առաջին հաւաքը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 28-30, 2009-ին, Ղպտի Եկեղեցւոյ Սուրբ Մարիամ հոգեւոր կեդրոնին մէջ (Չարլսթըն, Մասաչուսէթս), մասնակցութեամբ շրջանի թեմի եկեղեցական հայրերուն:Հաւաքի ընթացքին Հայոց Եկեղեցւոյ արարողակարգի եօթը ժամերգութիւնները կատարուեցան, մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ ընթերցումներ Եկեղեցւոյ Հայրերու գրականութենէն:Եռօրեայ այս հաւաքը եկեղեցական հայրերուն համար եղաւ ինքնամփոփման եւ ինքնանորոգութեան բացառիկ առիթ մը:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ,
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՒ ՀԱՒԱՔՆԵՐ

Կրօնական դաստիարակութիւնը կը կազմէ Առաջնորդարանի հիմնական մարզը եւ որուն համար թէ° Առաջնորդարանը եւ թէ° բոլոր համայնքները կը գործադրեն ու կþիրականացնեն ծրագրուած բոլոր աշխատանքները:
Թեմի կրօնական եւ դաստիարակչական աշխատանքներն ու ծրագիրները կþիրականացուին Ազգային Առաջնորդարանի Կրօնական Դաստիարակութեան գրասենեակին կողմէ, որուն վարիչ քարտուղարն է Բարեշնորհ Շանթ Աւագ Սարկաւագ Գազանճեանը:Մարտ 5-էն Մայիս 14-ի միջեւ, կազմակերպած է վեց հանդիպումներու վրայ տարածուող Սուրբ Գիրքի սերտողութեան շարք մը, նիւթ ունենալով »Աստուածաշնչական Աղօթքներ«:Այս սերտողութիւններուն կը մասնակցին շրջանի երիտասարդները:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ, Կրօնական Դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ, եւ Առաջնորդարանի եւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեանց օժանդակութեամբ  այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց դասախօսական շարքը՝ Վուտսայտի (Նիւ Եորք) Հայ Կեդրոնին մէջ:
Ազգային Առաջնորդարանի Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամառնային լսարանի 22-րդ տարուան դասընթացքները տեղի ունեցան Յունիս 27- Յուլիս 6, 2008-ին, Էլվըրսընի (Փենսիլվանիա) մէջ:Ուսանողներուն ընդհանուր թիւն էր 72, որոնք կը մասնակցէին տաս տարբեր գաղութներէ:
Յուլիս 4-ին Ամերիկայի Անկախութեան Տօնին առիթով տեղի ունեցաւ աւանդական աշտահանդէսը, որուն սեղանակից դարձան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, շրջանիս ազգայինները եւ կեդրոնի բնակիչները:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարեխնամ կազմակերպութեամբ, Հայ Երիտասարդներու ընդհանուր համագումար կազմակերպուեցաւ Կաթողիկոսարանի ամառանոցին (Պիքֆայա) մէջ, Օգոստոս 13-20,  2008-ին:Հաւաքի գլխաւոր թեման էր »Հայ Երիտասարդութիւնը եւ 21րդ դարու մարտահրաւէրները«:Տաս երկիրներէ եկած 110 երիտասարդներ մասնակցեցան սոյն համագումարին, որոնցմէ 13ը կը ներկայացնէին Արեւելեան թեմը:Երիտասարդները առիթը ունեցան մասնակցելու Սուրբ Աստուածածնայ Ուխտի տօնախմբութեան եւ խաղողօրհէնքի արարողութեան:
Այլ յատուկ հաւաք մը կազմակերպուեցաւ, Սեպտեմբեր 26-28, 2008-ին, Ղպտի Եկեղեցւոյ  Սուրբ Մարիամ (Չարլսթըն, Մասաչուսէց) հոգեւոր Կեդրոնին մէջ: 18-35 տարեկան  ուսանող եւ ասպարէզի մէջ եղող 45 երիտասարդներ մասնակցեցան սոյն հաւաքին:Օրուան բանախօսները յաջորդաբար խօսեցան ամերիկահայ գաղութի պատմութեան, Հայ Եկեղեցւոյ բարեսիրական առաքելութեան, Հայ Եկեղեցւոյ ծէսի եւ Միւռոնօրհնէքի մասին:

ՅԻՍՆԱՄԵԱՅ
ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Հանդիսաւոր կերպով տօնախմբուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի հաստատման յիսնամեակը եւ Թեմի հիմնադրութեան 110-ամեակը:Կեդրոնական յանձնախումբի ղեկավարութեամբ, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կազմակերպուեցան յոբելինական հանդիսութիւններ, թեմի գորունէութիւնը արտացոլացնող շարժուն ցուցահանդէս մը, ինչպէս նաեւ պատրաստուեցաւ խտատեսիլ մը:Անցնող տարուան Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի գլխաւոր թեման եղաւ յիսնամեակը եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամով քննական կերպով ներկայացուց Առաջնորդարանիս պատմականը եւ արժեւորեց անոր անգնահատելի գործունէութիւնը ի սպաս Հայ ժողովուրդին:
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2008-ին Նիւ Ճըրզիի Մարիոթ Պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն Նախագահութեամբ Բարեջան Առաջնորդ Տ. Օշական Ս. Արքեպիսկոպոսին, ներկայութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին, հանդիսավարութեամբ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Ճէք Մարտոյեանի:Ընթերցուեցաւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սրբատառ Կոնդակը:Օրուան բանախօսն էր Ազգային Առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Տիկ. Այրիս Փափազեան:Այս առիթով հանդիսութեան բոլոր մասնակցողներուն բաժնուեցան յատուկ խաչքարեր:
Թեմի բոլոր եկեղեցիները տեղական մակարդակներու վրայ կազմակերպեցին յատուկ հանդիսութիւններ նուիրուած Առաջնորդարանի յիսնամեակին:Այս հանդիսութիւնները առիթ հանիսացան նոր խանդավառութիւն մը ստեղծելու եկեղեցւոյ զաւակներու սրտերուն մէջ:Նշենք թէ պատրաստութեան մէջ է նաեւ յիսնամեակին նուիրուած պատմութեան հատորը:

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ
ՄԱՂԹԱՆՔ

Կիրակի, 29 Յունիս, 2008-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռոյս Վեհափառ Հայրապետին՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 13-րդ տարեդարձին առիթով, Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս սուրբ պատարագի, տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք եւ աղօթք Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր Աթոռներու անսասանութեան եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար:Շեշտուեցաւ այն պատմական դերը որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ընդհանրապէս ունեցած է դարերու ընթացքին, եւ սփիւռքեան մեր իրականութեան համար ի մասնաւորի այն դերակատարութիւնը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը կատարէ ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ վերազարթօնք ապրող մեր ժողովուրդին համար՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս:
Մայիս 25, 2008-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս սուրբ պատարագի, Հանրապետական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան (Մայիս 28, 1918) 90-րդ, ինչպէս նաեւ երկրորդ հանրապետութեան (Սեպտեմբեր 21, 1991) 17-րդ տարեդարձներուն առիթով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան բարօրութեան եւ հզօրացման համար:
Նոյն օրը, Թեմի բոլոր հովիւները իրենց քարոզներուն մէջ անդրադարձան Հայաստան աշխարհի մասին եւ քաջալերեցին մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի ըստ ամենայնի զօրավիգ կանգնին Հայրենիքի հզօրացման գործին եւ յատկապէս Արցախի անկախութեան:

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Անցնող տարեշրջանին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց հետեւեալ ձեռնադրութիւնները.
– Կիրակի, Սեպտեմբեր 21, 2008-ին, Սրբազան Հայրը կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Ուսթըրի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ դպիր Շահին Ատելինա:
– Շաբաթ, Նոյեմբեր 8, 2008-ին Սրբազան Հայրը կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ սպասաւորներէն 11 դպիրներ, նաեւ կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Աբրահամ Սահակեանը եւ Կիրակի, 9 Նոյեմբերին Սարկաւագ ձեռնադրեց Աբրահամ Կիսասարկաւագը:
– Կիրակի, Փետրուար 22, 2009-ին, Փրավիտընսի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, Անուշաւան Սրբազան դպիր ձեռնադրեց Արմէն Եղիայեանը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Մարտ 8, 2009-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ կատարեց քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Բարեշնորհ Հրայր Սարկաւագ Պէտուրեանին:
Սրբազան հայրը սրբալոյս միւռոնով օծեց ճակատը ընծայեալին, զայն վերակոչելով  Տ. Գարեգին քահանայ:
Ան այժմ փորձառական շրջան մը կþանցնէ Բերիոյ Թեմի եկեղեցիներուն մէջ, եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի ժամանէ յառաջիկայ ամիսներուն:
Նշենք թէ, Ազգային Առաջնորդարանս  յատուկ ծրագրով մեծ ճիգ կը թափէ ստուարացնելու համար մեր Թեմի հոգեւորականներու շարքը՝ նուիրեալ, պատրաստուած երիտասարդ քահանաներով:Արդէն իսկ թեկնածուներէն ոմանք քահանայ ձեռնադրուած են եւ կը ծառայեն Թեմէս ներս:
Առաջնորդ Հօր եւ հաւանութեամբ Ազգային Վարչութեան, նորօծ Տ. Ստեփան Քահանայ Պալճեան ստանձնեց Կրանիթ Սիթիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի  իր պաշտօնը Յուլիս 27, 2008-ին:Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանը մատուցեց Ս. Պատարագը եւ քարոզի ընթացքին համայնքին ներկայացուց իրենց նոր հովիւը:
Ընդառաջելով Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Օշական Արքեպիսկոպոսի խնդրանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետ յատուկ կոնդակով քահանայական լանջախաչ կրելու իշխանութիւն շնորհեց Տակլսթընի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քահանայ Թրթռեանին եւ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Տ. Յովնան Քահանայ Պօզոյեանին:

Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՆ

Ի Տէր հանգեաւ Նորթ Անտովըրի հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդան Քահանայ Գասապեան, որ առ յաւէտ կը բաժնուէր երակային խցումի պատճառով:Յետ միջօրէին Տէր Հօր մարմինը փոխադրուեցաւ Փրավիտընսի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ Տան Կարգը՝ նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Օշական Արքեպիսկոպին եւ մասնակցութեամբ բոլոր հոգեւոր հայրերուն:Մարտ 18-ին, յընթացըս Սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ Օծման Կարգը ի Տէր հանգեալ Տ. Վարդան Քահանայ Գասապեանին:Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծելէ ետք հանգուցեալ Տէր Հօր ճակատը եւ աջ բթամատը, բազմահարիւր Հայ եւ օտար եկեղեցական ու աշխարհական սգակիրներու ներկայութեան իր սրտի խօսքը ուղղեց, բարեմասնելով Տէր Հօր անձնդիր հովիւի արժանիքները:Յաւարտ Ս. Պատարագի, բազմահարիւր սգակիրներու ներկայութեան, Տէր Հօր մարմինը յանձնուեցաւ հողին:
Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւններ տեղի ունեցան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հետեւեալ առիթներով.-
– Կիրակի, Մայիս 25, 2008-ին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտներուն զոհուած հերոսներուն եւ Արցախեան գոյապայքարի նոր նահատակներուն հոգւոցն ի հանգիստ:
– Կիրակի, Փետրուար 15, 2009-ին, Թեմէն ներս ծառայած եւ այժմ վախճանած հոգեւորականաց հոգւոցն ի հանգիստ:
– Կիրակի, Փետրուար 22, 2009-ին Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադիրներուն եւ բարերարներուն հոգւոցն ի հանգիստ:
ԶԱՆԱԶԱՆ

Այս տարեշրջանին հրատարակուեցաւ Սուրբ Պատարագի գիրքը, որ չորս սիւնակներով կը ներկայացնէ Ս. Պատարագի բնագիրը՝ գրաբար, աշխարհաբար, անգլերէն տառադարձութեամբ եւ թարգմանութեամբ:
Քահանայից Ուղեցոյցը՝ անգլերէն նոր թարգմանութեամբ, որ պատրաստուած է Տ. Անդրանիկ Ա. Քահանայ Պալճեանին կողմէ:
Վերահրատակուեցաւ Արեւագալի եւ Հսկումի ժամերգութեանց Գիրքը:
Զանազան առիթներու եւ տօներու նախօրեակին, ինչպէս միշտ, Սրբազան Հայրը համապատասխան շրջաբերականներով իր հրահանգներն ու հայրական թելադրանքները ուղղեց թեմի հոգեւորականներուն, հոգաբարձութիւններուն եւ համայնքներուն:
Այս տարուան շրջաբերականներէն իւրայատուկ է Վեհափառ Հայրապետի »Հայ Երիտասարդութեան Տարի« հռչակագիրը որ կարդացուեցաւ թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Փետրուար 8, 2009-ին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Կրօնական ու Ազգային ժողովները որոշում կայացուցին որ մեր եկեղեցիները եւ հոգեւոր հովիւները յատուկ ձեռնարկներ կազմակերպեն, որպէսզի Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրը արձագանգէ ժողովուրդի մօտ 2009 տարուան ամբողջ ընթացքին:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles